Հիգշաբթի, 9 Մայիսին, առաւօտեան Արեւմտեան թեմի Առաջնորդութիւնը պաշտօնապէս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահը՝ Մեծայարգ Տիար Վահագն Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Ազնուաշուք Տկն. Լիլիթ Մակունցի եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Մեծայարգ Տիար Կարէն Իսրայէլեանի ու խումբ մը պաշտօնակատարներու։
Այցելութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն, որուն յաջորդեց ընդունելուիւն Առաջնորդարանի Համբար սրահի մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ թեմական խորհուրդի Փոխատենապետն ու հոգեւոր հայրեր՝ Արժ. Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեանն ու Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեանը, Առաջնորդարանի վարիչ-տնօրէն Յարութիւն Մարգարեանը։
Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ ընդառաջ բարի գալստեան խօսքի՝ բոլորը հրաւիրեց միահամուռ աղօթքի։ Այնուհետեւ ան իր խօսքի մէջ շեշտեց եկեղեցի-պետութիւն գործակցային կապերու կենսական կարեւորութիւնը, մանաւանդ երբ ազգն ու հայրենիքը ենթակայ են փորձութեանց բոլոր առումներով։ Պատախսան խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Նախագահը, որն իր հերթին հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայրենի պետութեան առջեւ ծառացած բազում խնդիրներուն ու յառաջադրուած լուծումներուն։ Նախագահի խօսքը համապարփակ եւ խորքային իմաստով լուսաբանող էր, յուսադրող ու գօտեպնդող, որու մէջ կը գտնենք ներքին միաբանութեան ու համերաշխ գործակցութեան շեշտադրումներ։
Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եւ աւարտեցաւ աղօթանուէր մաղթանքով։
Դիւան Առաջնորդարանի
Comments