
Գիրքի ընթերցանութիւնը, յատկապէս տպագրուած թուղթերու վրայ, ներկայ աշխարհին մէջ տկարացած երեւոյթ մըն է: Համակարգիչներէն ետք, պաստառաւոր հեռաձայններուն ընձեռած յարմարութիւնները, մամուլէն սկսեալ նոր նիւթերու մասին զանազան տեղեկութիւններ, մնայուն հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ կը պահեն մարդը, որ իր աչքերը եւ մատները միշտ կը ծառայեցնէ հեռաձայնի փոքրածաւալ պաստառին վրայ երթեւեկելու եւ պրպտումներ կատարելու գործին
Աշխարհի նորութիւնները անտեսել՝ անկարելի է: Անցնող տասնամեակի ընթացքին, շատ հանդիպած ենք վերոյիշեալ նորութիւններուն դէմ պայքարող անձերու, որոնք ներկայիս շատ աւելի փոխուած եւ յառաջդիմած են, համակարգչային բնոյթ ունեցող բջիջային հեռաձայնին անընդհատ կապուած վիճակի մէջ ըլլալով…: Անոնք նոյնիսկ անձնասիրութեամբ կ՛ըսէին, թէ համաձայն չեն պաստառաւոր հեռաձայններ գնելու ստիպողութեան, այլ նախնական իրավիճակը պահպանելու համար, յաճախ կը գործածէին տան եւ գրասենեակին մէջ հաստատուած սովորական հեռաձայնները: Այսօր, տուներու մեծամասնութեան մէջ արդէն գոյութիւն չունին նախկին հեռաձայնները, որոնք մէկ կողմէ յաւելեալ եւ անիմաստ ծախս կը համարուին, միւս կողմէ տնեցիները կը փրկեն, վաճառականական բնոյթով եկած հեռաձայնային զրոյցներէն, որոնք ունկնդիրը համոզել փորձերով՝ միայն ժամանակի կորուստ կը պատճառեն: Աւելին, անոնք յաճախ համակարգչային արձանագրութեամբ պատգամներու ունկնդրութեան կ՛ենթարկեն հեռաձայնը վերցնողները, անսպասելի պոռթկումի առաջնորդելով զանոնք, եւ ստիպելով, որ ընկալուչը հարուածային շարժումով մը տեղադրեն:
Ծերունիներու պարագային, միտքի արթնութենէն կախեալ վիճակը կարեւոր է, երբ աւելի լաւ վիճակի մէջ գտնուողներէն շատերը, որոնք բնականօրէն հեռու են գիտութեան նորագոյն քայլերէն, միջոցներ գտած են հասցէներ արձանագրուած ունենալու իրենց բջիջային հեռաձայնի պաստառին վրայ, մնայուն հետեւորդը ըլլալու համար ամէն վայրկեան հրապարակուող փոփոխութիւններուն:
Կեանքի ընթացքին, պատկերաւոր բացատրութիւնները կ՛օգնեն մեզի, որ աւելի լաւ ճանչնանք այն, ինչը մեկնաբանութեան կը կարօտի: Մարդ էակը ամէնէն աւելի մեկնաբանութեան կարօտը ունեցող իրականութիւնն է այս կեանքին մէջ: Արուեստի գործ մը՝ քանդակ, իւղանկար, մետաղագործութեան միջոցով իրագործուած որեւէ իր, կամ քարակերտ արձան, մասնագէտներու քննադատութիւններով կը մեկնաբանուի, եւ կը գնահատուի: Նոյնիսկ այս աշխատանքին մէջ, տարբեր մասնագէտներ կրնան հակառակ կարծիքներ տալ նոյն արուեստի գործին մասին, մէկը՝ դրական, միւսը՝ ժխտական: Ուրեմն, քննադատութիւնը քննադատին մտածելակերպէն, կամ նոյն պահուն իսկ ունեցած տրամադրութենէն կախեալ է: Նոյնիսկ այս մասնագիտութեան ուսման հետեւած եւ վկայուած անձերուն արտայայտութիւնները պահուան ազդեցութեան ենթակայ են: Միւս կողմէ, այն անձերը որոնք մասնագէտներ չեն, այլ միայն պահուան ազդեցութեան տակ իրենց կարծիքը կը յայտնեն, երբեմն լաւ տպաւորութիւն կը թողուն ունկնդիրներուն վրայ:
Արուեստի գործերուն ամէնէն իրականը եւ ամէնէն արժէքաւորը՝ մարդ էակն է: Աստուածաստեղծ այս արուեստի գործը՝ մարդը, իր ուղեղին եւ հոգեկան աշխարհին մէջ այնքան բարդ իրողութիւն է, որ զայն մեկնաբանելը շատ աւելի դժուար է, քան արուեստի գործ մը նկարագրելը եւ գնահատելը:
Հոգեբանական գիտութիւնը որքան ալ զարգանայ, մարդ էակին ներքին աշխարհը մանրամասն մեկնաբանելու ամբողջական միջոցները չի՛ կրնար ձեռք բերել: Չմոռնանք ըսելու, որ իւրաքանչիւր մարդու ներքին աշխարհը կը տարբերի ուրիշէն: Ճիշդ է, որ նմանութիւններ կրնան ըլլալ անոնց միջեւ, երբ մանրամասն բաղդատականի անցնինք. սակայն իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը յստակօրէն կը զատորոշուի միւսէն, սեփական զգացականութեան պատճառով: Կեանքի մէջ յայտնուող իւրաքանչիւր երեւոյթին նկատմամբ կրնայ մէկը միւսէն տարբեր ըլլալ, նկատի ունենալով մարդոց զգացական աշխարհին իւրօրինակութիւնը:
Մարդ էակին ներքին կառուցուածքը կարելի է նմանցնել գիրքի մը: Տարօրինակ չէ՞ այս նմանութիւնը, նոյնիսկ արտաքին տեսքէն սկսեալ: Իմաստային առումով, սոյն նմանութիւնը տրամաբանական է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ, իր ներաշխարհով, գիրքի մը հարուստ բովանդակութեան կը նմանի: Աւելին, ինչպէս իւրաքանչիւր գիրք տարբերութիւն ունի միւսէն, թէ՛ կազմով, թէ՛ գոյնով եւ թէ ծանրութեամբ, իւրաքանչիւր մարդ եւս տարբերութիւն ունի միւսներէս, բազմաթիւ պատճառներով:
Մեզի նայելով, ոմանք միայն մեր արտաքին տեսքին հաղորդ կը դառնան, իսկ կշիռքի վրայ կշռելով՝ մեր մարմնաւոր ծանրութիւնը կ՛արձանագրեն. բժիշկներու բուժարաններուն մէջ շատ տարածուն գործ է այս: Մեր արտաքին գոյնը, մարմինի կազմը եւ գեղեցկութեան սահմաններուն չափանիշերը, ամէնէն արագ միջոցներն են, մեր մասին ուրիշներու տեսակէտը լսելու:
Այս կէտին հասնելով, շատ քիչեր մեր կենսագրութեան մասին տեղեկութիւններ կը հարցնեն, այլ արտաքին տեսքի, նոյնիսկ խօսելաոճի մանրամասնութիւններուն երթալով՝ տպաւորութիւններու ազդեցութիւններով կը զբաղին, ժամանակի կորուստ պատճառելով թէ՛ իրենք իրենց եւ թէ մեզի:
Մենք բոլորս ալ գիրքերու կը նմանինք: Ոմանք նոյնիսկ գրադարան կը շինեն՝ իբրեւ իրենց տան պատի զարդ: Անոնք գիրքեր կը գնեն եւ կը շարեն անոր յարկերուն վրայ, մէկ անգամ իսկ զանոնք բանալու հետաքրքրութիւն չունենալով…: Մենք այդ գիրքերէն մէկը կամ միւսը կրնանք ըլլալ, եւ երբեմն միայն մեր արտաքին տեսքով կը յաջողինք տպաւորել ուրիշները: Անոնք ոչ միայն հետաքրքրուած չեն ըլլար մեր բո-վանդակութեամբ, այլ նոյնիսկ եթէ քանի մը էջեր կարդան մեզմէ, հաւանաբար չեն ալ հասկնար իրենց կարդացածը: Գիրքերու ներածականը շատ բան կ՛ըսէ անոնց բովանդակութեան մասին, սակայն երանի՜ այն ընթերցողներուն, որոնք կը հասկնան հեղինակին միտքը, ամփոփ կէտերու խտութեան մէջ…:
Այո՛, գիրքերու կը նմանինք բոլորս ալ: Շատեր գիրքերու քննադատութեան կարեւորութիւն կու տան, գիրքը կարդալէ առաջ, անոր մասին եղած քննադատութիւնը կարդալով: Քննադատին վաստակը, համբաւը եւ համապարփակ գնահատականը, անշահախնդիր կեցուածքով արտայայտուելու կարողութեամբ կը բնորոշուի: Այլա-պէս, վճարումի դիմաց եղած որեւէ գնահատական, մեծագոյն մուրացկանութեան համազօր գործ մըն է: Հարուստ երկիրներու մէջ պաշտօն ստանձնած մարդոց գովքը հիւսող խմբագիրներու ներկայ առատութիւնը, մանաւանդ ոմանց տգիտութիւնը գո-վասանքի ոսկեթել շղարշներով զարդարող, կը յիշեցնեն մեր ծաղրագիր նշանաւոր հեղինակներուն ներկայացուցած Պոլսոյ անցեալի թղթակիցները՝ թրքերէնով՝ «ղազէթէճի»:
Գիրք ենք, թէ՞ մարդ: Շատ քիչեր մեր բովանդակութեան տեղեակ պիտի ըլլան այնպէս, ինչպէս գրադարաններու բազմաթիւ յարկերը լեցուցած գիրքերուն ճակատագիրն է…: Այո՛, մարդ ենք, նոյնիսկ եթէ մեզ ամբողջութեամբ ճանչցող մէկը չըլլայ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Comments