Միջազգային լրատուական դաշտի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ռուսաստանի դիւանագիտական համակարգի ղեկավար Սերգեյ Լաւրովի Նիւ Եորք այցելութեան վրայ։ Լաւրով հոն գնաց մասնակցելու համար ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին եւ յարակից այլ միջոցառումներու։ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ պիտի մնայ 23-24 Յունուարին։ Ան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի եռամսեայ դրութեամբ բաց բանավէճերուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի, այդ շարքին՝ պաղեստինեան հարցի շուրջ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ ուքրանական հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին։
Նախապէս Լաւրովի օգնական Սերգեյ Ռիապքով լրագրողներուն յայտնած էր, որ ԱՄՆի Արտաքին Գործոց Նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ որեւէ շփում Լաւրով չի նախատեսեր։ Նշենք, որ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը վերջին անգամ Նիւ Եորք այցելած էր անցեալ տարուան Սեպտեմբերին՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի բարձր մակարդակի շաբթուան։ Լաւրովի ելոյթի ընթացքին բոլոր մասնակիցները, բացի քանի մը հոգիէն, լքած էին դահլիճը, պոյքոթի ենթարկելով Լաւրովի ներկայութիւնն ու խօսքի իրաւունքը։
Մարմարա
Comments