ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ
Շատ բնական է կարծել, որ ամեն հայ իրաւունք ունի բողոքելու, թէ ի՛նչ ըսել է մէկ ազգ, բայց երկու լեզու, եւ ամեն հայ իրաւունք ունի պատկերացնելու մէկ ընդհանուր լեզու, որ իրողապէս չկայ, բայց ոմանց միտքին մէջ կրնայ ծագիլ․ մէկը կ՛ըսէ գրաբարը վերակենդանացնենք․ միւսը կ՛ըսէ թող ատիկա արեւելահայերէնը ըլլայ, երրորդը կ՛ըսէ շինենք նոր լեզու, ասկէ պատառ մը արեւմտահայերէն, անկէ պատառ մը արեւելահայերէն կը կցենք, կը մոռնանք «ծառիցն ու «ծովիցը», կ՛որդեգրենք «ծառէն», «ծովէն» բարեհունչ հոլովաձեւը, կ՛որդեգրենք «գրում եմ» ձեւը, ա՛լ կարիք չի մնար «կը գրեմ կոր» ըսելու մեղքը գործել․․․ Եւ այսպէս շարք մը․․․ վերջացաւ գնաց, եղաւ միասնական հայերէն։
Ասիկա հին երազ է, որ հիմա կրկին կ՛առկայծի․ ինծի կը թուի, թէ Լոս Անճելոսէն անցած մարդիկ ատիկա երազելու աւելի իրաւունք ունին։ Հայաստանի անկախացումէն ետք այնտեղ երկու գրականները համատեղ կ՛ապրին։ Քիչ մըն ալ Հայաստան։ Ու մի զարմանաք, որ այդ միասնական հայերէնը լեզուաբանական քղամիդով ներկայացնելու ճիգ մըն ալ կը կատարուի։ Ի՞նչ է այդ հայերէնը — շինծու լեզու մը, որ կը դառնայ գրական լեզու, հիմքը գրաբարն է․ թող միւս հայերէնները ապրին, արեւմտահայերէնն ալ, արեւելահայերէնն ալ, թող ամէն մարդ իր գիտցած հայերէնով խօսի, բանաստեղծութիւն գրէ, երգէ, բայց միասնական հայերէնը պարտադիր գրական լեզու ըլլայ, 10, 50, 100 տարուան ընթացքին կը ձեւաւորուի կը քալէ։
Այս բարի ցանկութեան դէմ ըսելիք չունինք։ Բայց, մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի ըսէք, մեր ժողովուրդի նոյնիսկ հայախօս զանգուածը գրաճանաչ դարձնելու մեր ճիգը բաւարար չ՛ըլլար հիմա, մինչեւ 18 տարեկան հայկական դպրոց յաճախած տղոց քանի՞ տոկոսին համար կարելի է ըսել, որ սահուն կը կարդայ ու վարժ կը գրէ․․․ Ալ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ նոր կանոնակարգով լեզուական որակ մը իւրացնել տալ անոր։
Միասնական հայերէնի հասնելու երկու ելակէտ կայ․ առաջինը ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆն է․ երկու հատուածներու համատեղ ապրելու ու կենսագործելու պայմանը․ նման բան կ՛երեւի Լոս Անճելոսի մէջ, քիչ մըն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Բայց դեռ բաւական չէ։ Երկու գրականներու միաձուլման համար Հայաստանի մէջ գործող արեւմտահայ բարբառներն ալ դեր չեն կրցած ունենալ՝ Շիրակի եւ Սասնոյ բարբառներ, 1946-1948-ի արեւմտահայերու մեծ հայրենադարձութիւն։ Դեռ հարց է, որ համակեցութիւնը որքանո՞վ կրնայ ազդել գրական-պաշտօնական լեզուին վրայ։
Երկրորդ գործօնը ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ յստակ քաղաքականութիւնն է։ լեզուաբանները ութոպիաներով չեն զբաղիր, անոնք կը քննեն այս կամ այն տարբերակին իւրայատկութիւնները, երբեմն զուգադրութիւններ կ՛ընեն, շատ շատ կը խօսին երկու գրականներու մերձեցման հրարաւոր եզրերուն մասին։ Այսքան։ Մնացեալը չկայ, այսինքն չեղածը ինչպէ՞ս ուսումնասիրել։ Եւ բնական է տեսնել, որ լեզուաբանութիւնը վերածուած է չոր գիտութեան․ կը հաստատես լոլիկը, բայց կ՛ըսես պամիտոր։ Օտարաբանութիւնները կը հեղեղեն արեւելահայերէնը։ Ըսել կ՛ուզեմ, որ հայրենի իրականութեան մէջ լեզուի ուսումնասիրութիւնը ճիգ չի թափեր կեանքէն բան մը փոխելու համար։ Միւս կողմէ բոլորս ալ կը խօսինք մերձեցման անհրաժեշտութեան մասին, այսինքն ամեն փոփոխութիւն համաձայնեցնել միւս գրականին հետ ու չկատարել այնպիսի փոփոխութիւն, որ աւելի եւս կը հեռացնէ գրականները․ օրինակ, էական բայի եզակի երրորդ դէմքի համար շատ տարածուած է ա ձեւը՝ գրում ա, տալիս ա , պէ՞տք է մտցնել գրականին մէջ թէ ոչ, անշուշտ ոչ, որովհետեւ ատիկա արեւելահայերէնը աւելիով կը հեռացնէ արեւմտահայերէնէն։ Պէ՞տք է ընդունիլ նիս, նիդ, նին յոգնակի ստացականութիւնը թէ ոչ (գիրքերնիս, գիրքերնիդ, գիրքերնին), անշուշտ ոչ, որովհետեւ ատիկա աւելի եւս կը հեռացնէ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնէն։ Այսպէս՝ շարունակ։ Բայց եկուր տե՛ս, որ մերձեցման մասին լուրջ ու հետապնդող վերաբերմունք չկայ, մեր երկու գրականները աւելիով կը հեռանան բառագիտական ու քերականական համակարգերով, շատ կը հեռանան։
Եւ այս անհոգութիւնն ալ կ՛աշխուժացնէ միասնական հայերէն «շինող»ներու խանդավառութիւնը։
2. ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեր երկու գրական լեզուներու մերձեցման դէմ կանգնած մեծագոյն խոչընդոտը նկատուեցաւ նոր ուղղագրութիւնը, որ լիովին կը կտրէր նոր հայերէնը՝ անոր դասական եւ միջին որակներէն, նաեւ արեւմտահայերէնէն, որ սփիւռքի մէջ յամառօրէն կառչած մնաց աւանդական ուղղագրութեան։
Աւանդական ուղղագրութիւնը զերծ չէր եւ չէ ներքին հակասութիւններէ եւ երկձեւութիւններէ, որոնք մամուլի մէջ եւ առանձին հեղինակներու կողմէ յաճախ քննարկման առարկայ կ՛ըլլային դեռ 19-րդ դարէն սկսեալ։
Եւ ահա այս հակասութիւններն ալ պատրուակ կը դառնան, որ նոր ուղղագրութեան կրողները մերժեն հին ուղղագրութիւնը վերականգնելու ամեն փորձ։
Պէտք է գիտնանք, որ աւանդական ուղղագրութիւնը չի կրնար վերականգնելի ըլլալ նորին դիմաց։ Վերականգնելու ճիգերը հիմա ձախողած են․ այդպէս ալ պէտք է ըլլար։
Բայց կայ միասնական ուղղագրութեան տեսլական։ Միշտ ալ եղած է, հիմա կրկին օրակարգի վրայ է։ Կը կարծեմ, որ ատիկա ծնաւ ԱՄՆ-էն, յատկապէս Լոս Անճելոսի հայկական դպրոցներու միջավայրէն, ուր խումբ մը աշակերտներ նոր ուղղագրութեամբ աճած եւ ուրիշ խումբ մը՝ աւանդական ուղղագրութեամբ աճած սերունդներու զաւակներ են։ Նոյն դասարանին մէջ այս հակասութիւնը լուծել անհնարին կը թուի։
Այս տեսլականը ունեցող մարդիկ դէմ են աւանդականի վերականգնումին, դէմ են նոր ուղղագրութեան եւս: Անոնք կ՛առաջարկեն թօթափել աւանդականի բոլոր հակասութիւնները եւ ուղղագրական նոր համակարգ մը, ըստ էութեան՝ դասական ուղղագրութեան միտող կանոնակարգ մը առաջադրել։ Այդպիսի առաջարկներու բազմաթիւ համանման փորձեր կարելի է թուել։ Կայ գրականութիւն։
Բայց, իրապէս, դիւրին է տեսլական ունենալը, դիւրին է ուղղագրական նոր համակարգի մը կամ համակարգերու պատկեր ստեղծել, բայց․․․ իրողապէս հնարաւոր կը գտնէ՞ք բան մը տեղէն շարժել․․․
Կը մնայ հաւատալ ու յուսալ։
Կը մնայ այս ժառանգութիւնը տանիլ մինչեւ վերջ։
3. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
... Այսուհանդերձ, 1980-ականներէն ակսեալ, ու մանաւանդ յետ անկախութեան Հայաստանի մէջ լուրջ տեղաշարժ նկատուած է արեւմտահայերէնի նկատմամբ։ — Արեւմտահայերէնը դասանիւթ է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու բանասիրական բաժանմունքներու մէջ։ Նուազագոյնը կայ արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն զուդագրական քերականութիւն անունով դասանիւթ մը։ Երեւի հեռու չէ այն օրը, երբ համալսարանի մէջ հայոց լեզու առարկան միայն արեւելահայ գրական լեզուն չըլլայ, այլ երկուքը՝ համատեղ։ Այս է այսօրուան հայերէնը, ու հայոց լեզուի մասնագէտը պարտի իմանալ երկու տարբերակներն ալ, նոյն խորութեամբ։ — Լոյս կը տեսնեն արեւմտահայերէնի դասագիրքեր, բառարաններ, բառացանկեր եւ ուղղագրական ուղեցոյցեր։
— Արեւմտահայերէնը կը դասաւանդուի Երեւանի կարգ մը դպրոցներուն մէջ։ — Գիտական հանդէսներու մէջ եւ առանձին հատորներով աւանդական ուղղագրութեամբ եւ արեւմտահայերէնով կը հրատարակուին պատկառելի թիւով յօդուածներ եւ աշխատասիրութիւններ:
— Կը կատարուին արեւմտահայերնով եթերային հաղորդումներ, կը սփռուին հարցազրոյցներ, լրատուական թղթակցութիւններ։ Արեւմտահայերէնը լսելի է հայ կեանքը յուզող ամենատարբեր խնդիրներու արծարծման մէջ (թէ՛ տհաճ եւ թէ անյարմար է ոմանց արեւելահայերէնով խօսելու բռնազբօսիկ կերպը)։
Այս բոլոր դրական առաջընթացները գնահատելի են անշուշտ, բայց բաւարար չեն դպրոցական հասակի սերունդին համար։ Հանրակրթարանի դպրոցականները անհաղորդ կը մնան արեւմտահայերէնին: Մինչ բոլորս գիտենք, որ սփիւռքի նախակրթարաններու ընթերցարան-դասագիրքերուն մէջ կարեւոր տեղ ունէր եւ ունի արեւելահայերէնը։ Նոյնիսկ մանկապարտէզներու մէջ կարելի է լսել արեւելահայ մանկագիրներու գործերը։ Արդ, ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չ’օգտագործուիր Սփիւռքի փորձը, ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը չի մտներ հայրենի հիմնական դպրոցի ընթերցարաններուն մէջ: Օրինակ, քսան դասէն գոնէ չորսը ըլլայ արեւմտահայերէն: Հոս շատ ու շատ կարեւոր է ընտրութիւնը, լեզուական իւրայատկութիւններու կիզակիտումը։ Յետոյ, չորրորդ կարգէն ետք, արեւմտահայ գրութիւնները բերել աւանդական ուղղագրութեամբ, իւրաքանչիւր նիւթի մէջ ուղղագրական օրինաչափական մէկ պարագայ ցոյց տալով (օրինակ՝ բառամէջին ձայնաւորէ առաջ ու-ն իբրեւ վ՝ նուազ, ստուեր, նուէր, կռուիլ, աղուոր): Դպրոցականը նախակրթարանին մէջ կ՛ընտելանայ արեւմտահայերէնին, կը հասկնայ եւ աւանդական ուղղագրութիւնը անյաղթահարելի բան մը չի տեսներ, աւելի վաղ տարիքին կ՛ընտելանայ սփիւռքեան հրատարակութիւններուն, հայերէնը իր ամբողջ հարստութեամբ ընկալելու ինքնածին հետաքրքրութիւններու յագուրդ կու տայ: — Սա մերձեցման տանող ամենէն վստահելի ճանապարհն է․ ճանչցնել, ընտելացնել։
4.ԱՒԱՆԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Աւանդականութիւնը գրական լեզուի կանոնակարգը անփոփոխ պահելու խնդիր ունի։ Բոլոր գրական լեզուներն ալ տեղ մը կամ չափով մը աւանդապաշտ են: Գիտակից լեզուակիրները աւանդը անաղարտ պահելու նախանձախնդրութիւն ունին։ Լեզուական այս կամ այն կարգի նորութիւնը կամաց-կամաց քաղաքացիութիւն կը ստանայ ու կը միաձուլուի համակարգին մէջ։ Հակառակ պարագային՝ ամեն անհատական, տեղական եւ ժարգոնային արտայայտութիւն ու գրելաձեւ կը մտնէ ներս, ու կանոնակարգի փոփոխութիւնը անկառավարելի կը դառնայ։
Աւանդականութիւնը կ՛երեւի լեզուի բոլոր համակարգերուն մէջ։ Գրական արեւմտահայերէնը, յատկապէս սփիւռքեան իր պայմաններուն մէջ, շեշտուած աւանդականութիւն մը ունի։ Ատիկա կ՛երեւի ինչպէս ուղղագրութեան, այդպէս ալ բառագիտութեան եւ քերականութեան ըստ ամենայնի ընդունելի օրինաչափութիւնները պահպանելուն մէջ։
Բայց ինչ ընենք, որ ամեն լեզուի պէս արեւմտահայերէնն ալ ունի հինէն եկող կամ խօսակցականէն թափանցած երկձեւութիւններու բաւական երկար շարքեր, որոնք յաճախ քննարկման նիւթ կը դառնան։ Շատ անգամ կը մերժուի մէկը, կը թելադրուի միւսը։ Հարցը կը լուծուի՞։
-Ոչ։
Աւանդականութեան պահպանումը ինչպէս ընդհանուր, այդպէս ալ մասնաւոր արտայայտութիւններ ունի։ Ընդհանուրը այն է, որ բոլոր լեզուակիրները կը դաւանին ա՛յսպէս գրել, ա՛յսպէս խօսիլ, ա՛յսպէս գործածել բառը։ Անկէ որեւէ շեղում սխալ կը նկատուի։ Օրինակ, կարելի՞ է ծօվ գրել, չիմացողը կրնայ սխալիլ, բայց երեւոյթը ամեն պարագայի սխալ կը մնայ։ Հակառակը լեզուի մէջ քիչ կը պատահի, այսինքն ճիշդն է որ կը մերժուի, ու սխալը կը դառնայ ընդհանրական, օրինակ, բոլորս ալ չեղած տեղը շագանակ կ՛ըսենք, իսկ բուն բառը՝ շադանակ, առհասարակ չենք յիշեր։
Իսկ ոմանք չեն ուզեր հրաժարիլ իրենց ժառանգած աւանդութենէն․ կ՛ըսուի օտար բառերու մէջ օ-ի գրութիւնը կը հակասէ դասական ուղղագրութեան, պէտք չէ գրել նօթա, այլ գրել նոթա, ինչպէս գրաբարի մէջ՝ կոթողիկոս, կոկորդիլոս, ինք հակառակը կը պնդէ ու ամբողջ գրականութիւն մըն ալ կը դնէ դէմդ։ Քննարկումի պէտք չունի, դպրոցէն, միութեան ատենագրութենէն, այսինչ թերթէն, դասագիրքէն ու բառարանէն ասիկա տեսեր է, այպէս կը գրէ։ Այսինքն՝ մասնաւոր պարագաներու տակ աւանդականութիւնը կը խանգարէ լեզուի միօրինականացման գործընթացը։ Միւս կողմէ՝ գրաբարի շատ բայեր կորսնցուցած են իրենց սոսկական միջածանցը ու վերածուած են աններածանցի, որն ալ կ՛ենթադրէ որ բայը անցեալ կատարեալի մէջ խոնարհուի ց հիմքով՝ սկս-ան-իլ >սկսիլ> սկսեցայ, սկսեցար, սկսեցաւ, ու ահա աւանդապահ ամբողջ բանակ մը կ՛ելլէ դէմքդ ըսելու համար սխալ կը խօսիս, պահել հին, արդէն զարտուղի խոնարհումը՝ սկսայ, սկսար, սկսաւ։ Արեւմտահայերէն խօսակցականն ալ անձի պարագային տրական հոլովով խնդիր ունի, տեսայ իրեն, արդէն կը ճանչնամ կարգ մը գրողներ, որ ներգործական բայի խնդիրը, գիտակցօրէն թէ անգիտակ ձեւով, կը դնեն տրական հոլովով։ Անշուշտ կ՛ուղղենք՝ տեսայ զինք, որո՞ւ կ՛ըսես․․․
Եւ այսպէս՝ շարունակ։
Լուծո՞ւմ։
Լեզուական աւանդականութիւնը հրաշալի պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, բայց ան ալ պէտք է կողմնորոշել, իսկ կողմնորոշողը միայն մէկ իշխանութիւն կրնայ ըլլալ, բան մը, որ բոլոր զարգացած լեզուները ունին, լեզուի բարձրագոյն գերատեսչութիւն մը, որուն ընդունած ու առաջարկած ձեւը օրէնքի նշանակութիւն պէտք է ունենայ բոլորին համար, այլապէս․․․ կ՛իյնանք այս օրին։
Յակոբ Չելաքեան
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր
Comments