Ա) Նորութիւն մը չըլլար, եթէ ըսեմ թէ հայերէն ընթերցողներու թիւը ահաւոր վայրէջք արձանագրած է հետեւեալ պատճառներով.
– Տարիքի պատճառած դժուարութիւններ, ինչպէս՝ տեսողութեան վատթարացում։
– Նոր սերունդին մօտ անտարբերութիւն առհասարակ ընթերցանութեան նկատմամբ եւ յատկապէս՝ հայկական նիւթերու մասին երկարապատում յօդուածներու։
Բ) Յարգելի հայագիր յօդուածագիրներ, ես ալ ներառեալ, մենք կը կարծենք, նոյնիսկ հաւատացած ենք, որ շատ կարեւոր հարցերու մասին կը գրենք, բայց իրական դաշտին վրայ պատկերը տարբեր է։ Օրինակ խաղքութեան (սքանտալային) բնոյթի գրութիւնները աւելի շատ ընթերցողներ կը հրաւիրեն, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն մամուլը վերածուեցաւ արդիւնաբերութեան եւ «պիզնես»ի ու յաջողեցան օգտագործել սովորական մահկանացուներուս նորութիւններու ետեւէն վազելու տկարութիւնը (օրինակ՝ այսինչ թագաժառանգին կինը… վիժեր է…)։
Հետեւաբար, հայ ընթերցողներն ալ ինկան այդ ցանցին մէջ։ Օրինակները բազմաթիւ են. ինչպէս Ն. Փաշինեանի հեծանիւով ժամանցը աւելի հետաքրքիր է, քան արցախահայութեան ամենօրեայ տառապանքը…
Գ) Ընթերցողներու մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ «թեթեւ» նիւթեր կարդալ, իսկ նորօրեայ հանդիսականները խուժելով կը լեցնեն կատակ-կերուխումներու կամ խրախճանքներու սրահները։ Դժբախտաբար շատ քիչ է դասական եւ լուրջ թեմաներով հետաքրքրուողներու թիւը։ Այսօր հասարակ մահկանացուն հաճելի ժամանց (entertainment & fun) կը փնտռէ։
Պէտք չէ յուսահատինք սակայն, այլ ուղիներ փնտռենք յարմարելու նոր կացութեան՝ առանց մեր սկզբունքներէն հրաժարելու։ Արեւմտա-եւրոպական մամուլը, հեռուստացոյցն ու զանգուածային լրատուութիւնները արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր որդեգրած են նոր մօտեցում մը՝ աշխատիլ հնարաւորին չափ քիչ բառերով շատ բան ըսել եւ խուսափիլ երկրորդական մանրամասնութիւններէ։ Նոր մամուլը նաեւ կը խուսափի երկրորդական եւ միջանկեալ նախադասութիւններով ուռճացած պարբերութիւններէ։
Կան մասնագիտական պարբերականներ եւ հրատարակութիւններ, որոնք ունին իրենց յատուկ ընթերցողները։ Սա այլ մակարդակի մամուլ է, ուր հեղինակները կրնան լրացուցիչ տեղեկութիւններու, ծանօթագրութիւններու եւ փաստերու առատութեամբ հանդէս գալ գիտական, հասարակական խնդիրներու, կրօնական մեկնաբանութիւններու, նոր հրատարակուած հատորի մը մասնագիտական գրախօսութեան եւ գրական նիւթերու շուրջ։ Նկատած ենք, որ հայ մամուլին մէջ այսօրինակ գրութիւնները «էջեր կը լեցնեն» եւ մէկ կողմ կը դրուին տարիքը առած ընթերցողներու կողմէ, ա՛լ չեմ խօսիր այն մասին, թէ երիտասարդները ընդհանրապէս «կը ցատքին» անոնց վրայէն…
ԿԱՐՃ ԳՐԵՆՔ, ՊԱՐԶ ԳՐԵՆՔ, ՄԵԾ-ՄԵԾ ԲԱՐԴ ՈՒ ԲԱՐԴԱԾԱՆՑ ԲԱԶՄԱՎԱՆԿ ԲԱՌԵՐՈՒ ՈՒԺԻՆ ՉԴԻՄԵՆՔ։
Բարեկամաբար՝ Մինաս Գոճայեան
Comments