top of page

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ


Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի լաւագոյն նուագախումբերէն մէկն է, արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր համերգները կը ձօնէ հիմնադրութեան 100ամեակին։ Նուագախումբը իր մէջ ունի յայտնի երաժիշտներ, լաւագոյն մենակատարներ, որոնք բարձրամակարդակ արհեստավարժ նուագածուներ են։

Վերջին 20 տարիներուն 2000 թուականէն սկսեալ երգչախումբը փոխեց իր դիմագիծը եւ դարձաւ միջազգային նուագախումբ, շնորհիւ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Էտուարտ Թօփճեանի։

85 երաժիշտներէ կազմուած ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի զանազան երկիրներու,- ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներ,- նաեւ Ճաբոնի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ հանդէս եկած է կատարողական չափազանց բարձր մակարդակով. թէ՛ խմբավարը եւ թէ նուագախումբը ջերմօրէն գնահատուած են համաշխարհային լրատուամիջոցներու կողմէ։

Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը իր այս վերջին համաշխարհային շրջապտոյտին սկսած է Երեւանէն, Յունաստան՝ երկու համերգ, ապա Նիւ Եորք Գարնեկի հոլ, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Պոսթըն, յետագային Իտալիա եւ Չինաստանի այլ քաղաքներ։

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120, Սերգեյ Ռահմանինովի 150 ամեակներուն նուիրուած բացառիկ ձեռնարկը Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ 17 Նոյեմբեր 2023 Ուրբաթ երեկոյ, «Ռոյ Թամսըն Հոլ»ի շքեղ սրահին մէջ։

Հանճարեղ արուեստագէտ՝ Արամ Խաչատուրեան ծնած է Թիֆլիս <<1903-1978>> եղած է դասական երաժշտութեան տաղանդաւոր յօրինող, խմբավար, երաժշտագէտ, դաշնակահար, թաւջութակահար, ջութակահար, համալսարանի դասախօս, պարուսոյց, ֆիլմերու երաժշտութեան հեղինակ եւ քաղաքական գործիչ։ Խաչատուրեան ճանչցուած է 20րդ դարու համաշխարհային դասական երաժշտութեան առաջնակարգ ներկայացուցիչ, ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ։

Համերգի առաջին բաժինը նուիրուած էր Արամ Խաչատուրեանի «Սփարթաքիւս» <<Սպարտակ>> պալէէն սուիթներու։ Խաչատուրեանի այս ստեղծագործութեան թեման, հռոմէացիներու դէմ ստրուկներու երրորդ ապստամբութեան պատերազմի շրջանին առաջնորդ՝ Սպարտակի արկածախնդրութիւնները կը ներկայացնէ։ Պալէին երեք սուիթները իրերայաջորդ կերպով ներկայացուեցան նուագախումբի կողմէ, ստանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքը։

Այնուհետեւ Արամ Խաչատուրեանի 1940 թուականներուն գրած ջութակի «քոնչերթօ <<Ո» Մայնըր»-ը ներկայացուեցաւ։ Խաչատուրեան այս քոնչերթոն ձօնած էր հրէական ծագումով նշանաւոր ռուս ջութակահար Տէյվիտ Օյսթրախին։

Այս գեղեցիկ քոնչերթոն նուագախումբի հետ միասնաբար նուագելու համար բեմ բարձրացաւ տաղանդաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատուրեան։ Ան ծնած է Երեւան, ապա փոխադրուած է Գերմանիա, մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ մրցումներու, միջազգային փառատօններու մէջ արժանացած է առաջնութեան մրցանակներու։

Սերգեյ Խաչատուրեան համագործակցած է Պերլինի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, Նետըրլանտի Ռատիօ ֆիլհարմոնիքի, Օրքեսթրա Նաշընըլ տէօ Ֆրանսի, Լոնտոնի, Սիտնեյի եւ Մելպուրնի սիմֆոնիք նուագախումբերու հետ։ Սերգեյ Խաչատուրեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբի յայտագրի լրիւ տեւողութեան ընթացքին երաժշտասէրները հմայեց իր ջութակի կատարումներով, արժանանալով որոտընդոստ բուռն ծափահարութիւններ։

Միջնարարէն ետք յայտագրի երկրորդ մասը նուիրուած էր տաղանդաւոր արուեստագէտ Սերգէյ Ռախմանինովի։ Ռախմանինով ծնած է Ռուսիոյ մէջ <<1873-1943>>, ան համարուած է իր օրերու լաւագույն դաշնակահարներէն մէկը, եղած է յօրինող, նաեւ ռուսական դասական երաժշտութեան ռոմանթիզմի վերջին մեծ ներկայացուցիչներէն մէկը։ Ռուսական յեղափոխութենէն ետք 1918ին իր ընտանիքով վերջնականապէս փոխադրուած է Նիւ Եորք եւ մինչեւ մահ գործունէութիւնը շարունակած է որպէս դաշնակահար՝ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ։ Այս բաժնին մէջ ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ներկայացուց՝ Սերգէյ Ռախմանինովի «Սիմֆոնի թիւ-2 Է-Մայնըր, օփ. 27» քոնչերթոն։ Ռախմանինովի դաշնակի այս երկրորդ քոնչերթոն արուեստագէտին գոյատեւման պատմութիւնն է։ Ռախմանինով իր հոգեկան ընկճուած յուսահատ վիճակին ուրիշ բուժման ելք չէր տեսներ, այնպէս որ այս քոնչերթոն ձօնեց զինք դարմանող ախտաբուժագէտին։ Նուագախումբը հոյակապ հնչեղութեամբ ներկայացուց երեք սուիթներէ բաղկացող այս քոնչերթոն։ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը այս բացառիկ համերգի աւարտին, երաժշտասէրներու կողմէ երկարատեւ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացաւ։

Համերգի ամենայատկանշական կողմն այն էր եւ յատուկ գնահատանքի արժանի էր խմբավար՝ Էտուարտ Թոփճեան։ Ան աւելի քան երկու ժամ տեւող լման ելոյթի ընթացքին, առանց իր առջեւ նոթա ունենալու, ղեկավարեց նուագախումբը։

Որպէս «պիս»ի կտոր Արամ Խաչատուրեանի լաւագոյն եւ սիրուած ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն «Դիմակահանդէս»ի վալսով երեկոն հասաւ իր աւարտին։ Ներկաներ յոտնկայս եւ ոգեւոր խլացուցիչ ծափահարութիւններով գնահատեցին խմբավարը եւ բոլոր արուեստագէտները։


Յարութիւն Դերձակեան

Comments


bottom of page