Թէ ի՞ նչ կը նշանակէ հայրենաբաղձութիւն... «Մալխասեան» բառարանը կ'օգնէ մեզի. «Հայրենաբաղձութիւն նշանակում է հայրենիք վերադառնալու սաստիկ բաղձանքից առաջացած հիւանդութիւն, մելամաղձութիւն»։ Այլ իմաստով, հայրենաբաղձութիւն կը նշանակէ հայրենիքէն հեռու ապրիլ եւ միշտ հայրենիքին հետ հոգեւին զուգուելու մարմաջը կամ կարօտը զգալ։
Միւս կողմէ, իրողութիւն է որ մեր ժողովուրդը բախտի դժնդակ հարուածով, վերջին դարաշրջաններուն իր արմատներէն խլուեցաւ եւ գաղթի ժողովուրդ դարձաւ։ Ծանօթ է բոլորին որ գաղթ կը նշանակէ տեղէ մը ուրիշ տեղ բնակութիւն հաստատել։ Հին օրերուն մեր ժողովուրդը գաղթական դարձաւ, երբ բարբարոսաբար փրցուեցաւ իր մայր հողերէն, անագորոյն հարուածով կորսնցուց իր անգին ժառանգութիւնները եւ ցիր ու ցան եղաւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։
Նոր օրերուն, գաղթը մեզի համար այլ տարբերակով մը կը սահմանուի։ Կը սահմանուի կամովին լքել իր բնակած նոր երկիրը եւ այլ երկիրներու հայրենակից դառնալ։ - Օտար երկրի հայրենակից դառնալ՝ աւելի բարգաւաճ երկրի մը մէջ ապրելու ցանկութեամբ։
- Պատերազմի մը վտանգէն խուսափելու համար։
- Արտասահմանի մէջ ազգականներու միանալու համար։
- Նոր սերունդի զաւակներն աւելի զարգացած երկիրներու մէջ արդիական ուսմամբ զինելու համար, եւլն, եւլն։
Միւս կողմէ սակայն, գաղթը մեզմէ շատ բան կ՛առնէ ու կը տանի։
Գաղթը մեզմէ կ՛առնէ ու կը տանի մասնաւորաբար մեր ամենաթանկագին ժառանգութիւնները. նախ մեր լեզուն, որ մեր ազգային գոյութեան եւ էութեան մեծագոյն վկայութիւնը, մեր հայութեան յաւերժագիրն է։ Գաղթը մեզմէ կ՝առնէ ու կը տանի մեր մշակութային հարստութիւնները։ Բացի ատկէ, մեր ընկերները, բարեկամները, երբեմն տարեց ծնողները, բնութիւնը, շրջապատը... կը փոխէ մեր կենցաղային պայմանները, աշխարհահայեացքի նոր ձեւաւորումներու ծնունդ կուտայ, օտարամոլութեան լայն դուռ կը բանայ եւլն, եւլն։
***
Ես 35 տարի շարունակ ծառայեցի Սուրբ Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցին մէջ, որպէս համանուն պարբերաթերթի խմբագրապետ։ Յաճախակի հարցազրոյցներ վարեցի հոն մնայուն կերպով ապաստան գտած տարեց անձերու հետ։ Անոնցմէ շատեր ծնողներ էին, որոնց զաւակները զիրենք հիւանդանոց տեղաւորած, ապա արտասահման մեկնած էին։ Հոն ականատես եղայ լաց ու կոծերու եւ անթիւ անհամար ողբերգութիւններու...։
***
Հայաստանի անկախացումէն ետք հարիւրաւոր հայաստանցիներ լքեցին իրենց երկիրը եւ գաղթեցին օտար ափեր։ Իրենց նպատակն էր օտար երկիրներու մէջ գործ ճարել եւ օրապահիկ ապահովել։ Դժնդակ պայմաններու տակ կեանք վարեցին եւ դժբախտութիւններու իրազեկ դարձան։ Այդ դժբախտութիւնները կը շարունակուին մինչեւ այսօր կոտտացնելով սրտերը։ Սա պահուն արդէն իսկ մտահոգիչ համեմատութեամբ՝ Հայաստան աշխարհը դատարկուած է եւ մեր երկրին ապագան մթագնելու սեմին հասած է։ Միւս կողմէ, վերջին տարիներուն պայթեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատերազմը։ Այս անգամ ալ հայ ժողովուրդի զաւակները գաղթեցին Հայաստան եւ այլ երկիրներ։ Այդ երկիրներուն զաւակներն ալ այսօր կը տառապին հայրենաբաղձութեան զգացումէ։
***
Ունիմ երկու օրինակ բուռն կերպով հայրենասէր երկու անձերէ։ Անոնցմէ մին Հայաստանցի կին մըն էր, իսկ միւսը՝ընկերվարական գաղափարախօսութեան հոսանքէն մղուած եւ երկար տարիներէ ի վեր Իսթանպուլէն Հայաստան հաստատուած այր մը։ Կինը օր մը ժամանակաւորապէս Իսթանպուլ եկած էր ծախելու համար իր գործած ձեռագործները, որոնք տեղաւորած էր կոկիկ տոպրակի մը մէջ։ Կ՛ըսէր, որ որդի մը ունէր եւ կը փափաքէր որ իր գործած ձեռագործներու վաճառքէն գոյացած գումարով՝ իր որդին համալսարան արձանագրէ։ Ունէր արցունքալից աչքեր եւ դողդոջուն կերպարանք։
Խմբագրատան մէջ բոլորս իսկոյն գործի լծուեցանք այդ համեստ կնոջ օգնելու համար։ Ձեռագործներու մէկ մասը մենք գնեցինք, մէկ մասն ալ փութով՝ հոս ու հոն դիմելով վաճառեցինք։ Քանի մը օրէն կինը եկաւ եւ երբ տեսաւ որ ամէն ինչ ծախուած է եւ դրամը պատրաստուած, սա բառերը դուրս եկան բերնէն ուրախութեան գոչերով հայրենասիրական նշանաբանով. «Հայաստանս հաստատ կանգնի'ր, շուտով գալիս եմ»։ Իրմէ ունիմ ձեռագործի նմոյշ մը, զոր կը պահեմ որպէս հայրենասիրական յիշատակ։
Երկրորդ անձը զոր ճանչցայ որպէս ծննդավայրի սիրահար անձ, Գեղամ Սեւանն էր։ Պարոն Ռոպէր Հատտէճեանի, Վարդ Շիկահերի, Արամ Գամպուրեանի Մխիթարեան վարժարանէն դասընկերը։ Ան կանուխ տարիքէն, Իսթանպուլէն Հայաստան հաստատուած էր եւ այնտեղ նուիրուած էր սփիւռքահայ եւ արեւմտահայ գրականութեան գործին։ Ժամադրուեցանք իրեն հետ «Արմենիա» հիւրանոցին մէջ։ Միջահասակ, թիկնեղ, թեթեւօրէն ճաղատ ալեխառն մազերով, արցունքներու մէջ թաթաւուն աչքերով անձ մըն էր։ Ողջագուրուեցաւ մեզի հետ եւ սկսաւ հեկեկալով լալ, դառն արցունքներ հոսեցնել աչքերէն։ Յաջորդ օր ան մեզ ճաշի հրաւիրեց իր տան մէջ, ուր կային նաեւ իր կինը եւ բարեկամներ։ Սեղանը զարդարուած էր Պոլսոյ ուտելիքներով։ Մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը տեւաբար Պոլիսն էր։ Մի՜շտ Պոլիս....։ «Ան ինչ կ՛ընէ, աս ինչ կ՛ընէ», եւլն, եւլն...։
Պոլսոյ կարօտը կը կրծէր իր սիրտը։ Կերուխումը վերջանալէ յետոյ, Գեղամ Սեւան յայտնեց, որ անակնկալ մը ունի մեզի։ Լարուած մնացինք բոլորս։ Յանկարծ ան ներս մտաւ քրքջալով՝ ձէթի թիթեղէ տուփ մը բռնած ձեռքը։ Թիթեղին վրայ թրքերէն գիրերով գրուած էր. ԹՏԻԼՀՈԸՏ-ի (Ծիծեռնակ)։ Իր եւ մեր ծննդավայրի արտադրութիւնն էր։ Արցունքներն այս անգամ իջան ո՜չ միայն իր, այլ նաեւ՝ մեր աչքերէն։ Ծննդավայրն այս կը նշանակէր...։
Այդ օրէն ետք չտեսանք զինքը։ Ան, հակառակ իր յուսախաբութիւններուն եւ դառնութիւններուն, մինչեւ իր վերջին շունչը եղաւ ճշմարիտ հայրենասէր մը, տոհմիկ գոյատեւման քաջարի պաշտպան մը եւ վերջապէս զտարիւն հայ մը։ Արդարեւ, իրաւ հայրենասէրի իր սիրտը չկրցաւ դիմանալ այն մտահոգիչ լուրերուն, որոնք հեռատեսիլէն կը տրուէին սահմանամերձ գիւղերու վրայ կատարուած յարձակումներու մասին։ Այդ սիրտը կանխահասօրէն կանգ առաւ, վերջակէտ դնելով փոթորկոտ կեանքի մը, որ ինքնին արդէն վէպ մըն էր Հայերգութեան նուիրուած։
ՄԵՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱԲԱՂՁ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆՔ։
ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Comments