Առաջին զանգը հնչեց Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ վարժարանի մէջ:
9 սեպտեմբեր, 2023 թ․, շաբաթ օր, բազմաթիւ նոր ու հին աշակերտներու, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ՝ հայ աշակերտներու առջեւ իր դուռը բացաւ «Փեթակ» հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը: Այդ օր դպրոցի պաշտօնէութիւնը ծրագրած էր վերամուտի ամփոփ ծրագիր մը:
Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն նախ դիմաւորեցին դպրոցի դարպասին վրայ ծածանող եռագոյն փուչիկները, որոնք կ'աւետէին դպրոցական ուրախ տարեշրջան մը:
Սրահի մէջ դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեան նախ ողջունեց բոլոր աշակերտները եւ անոնց մաղթեց արդիւնաւէտ տարի մը: Ան նաեւ յայտարարեց դպրոցի անուանափոխութեան լուրը ու բոլորին բացատրեց, թէ այդ սիրելի երկրորդ տունը այլեւս պիտի կոչուի «Փեթակ»՝ պատճառաբանելով, թէ աշակերտները ժիր եւ աշխատասէր մեղուներ են եւ քաղցր է անոնց արտադրածը՝ հայրենի խօսք, երգ, աղօթք եւ ասմունք: Տնօրէնը ապա ներկայացուց ուսուցչական կազմը, ներկայացուց տարեկան ուսումնական ծրագիրը: Պաշտօնական այս բաժինէն ետք, ինչպէս աւանդութիւն է՝ դպրոցի կրտսերագոյն աշակերտը, որ երեք տարեկան աղջնակ մըն է, իր մանր ձեռքով հնչեցուց դպրոցի պղնձեայ ձեռնազանգակը՝ ժպիտ եւ երջանկութիւն պատճառելով բոլոր ներկաներուն:
Վերջաւորութեան, «Փեթակ» -ի սանիկները «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» երգը երգելով, շարան-շարան դասարաններ ուղղուեցան:
Դպրոցը կը շարունակէ 4-12 տարեկաններու արձանագրութիւնը ընդունիլ: «Փեթակ»-ն այս տարի բացած է նաեւ երկու նոր դասարան. հայկական ամենօրեայ դպրոց յաճախող հայորդիներու համար օժանդակ ու հայերէնի եւ հայ մշակոյթի իմացութեան յատուկ դասարաններ՝ օտարազգի չափահաս պարոններու եւ տիկիններու համար նախատեսուած:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝ +1626 660 9443 կամ՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com ։
Հաղորդագրութիւն դպրոցէն
Comments