top of page

Ձեռագրատան Թիկնապահը՝ Գէորգ Տէր-Վարդանեան(1951-2023)


Անփոխարինելի մարդ չկայ, կ՚ըսեն։ Շատ ընդհանուր խօսք է։ Ո՞վ փոխարինեց Հ. Աճառեանը, Չարենցը, Սեւակը, մեր աղբիւրագիտութեան դասախօս Պարոյր Մուրադեանը, իսկ հիմա ո՞վ պիտի փոխարինէ Գէորգ Տէր-Վարդանեանը` Մաշտոցի անուան Մատենադարանի աւանդապահը, պահակը, տանտէրը եւ պահակազօրի սպարապետը։ Չեմ չափազանցեր որոշիչներուս թուարկման մէջ։ Առիթով մը Գէորգի գրասենեակն էի, եկած էի Երուսաղէմէն մեր ձեռագրաց խնդիրներով խորհրդակցելու։ Ներս մտաւ երիտասարդ գիտաշխատողներէն մէկը եւ վերադարձուց ԺԴ. դարու ձեռագիր մը եւ տակաւին շնորհակալութիւն չյայտնած՝ Գէորգը խիստ արտայայտութեամբ մը դիմեց իրեն.

-Եթէ քեզ լաւ ճանաչած չլինէի, մէկ էլ թոյլ չէի տայ ձեռագիր բռնել...

Աչքով ունքով երիտասարդին հասկցուցի, որ առանց ձեռնոցի է...

-Պրն. Տէր-Վարդանեան, ձեռնոցս շատ էր մաշուել...

- Հասկանալի է, բայց ներելի չէ։ Գտա՞ր փնտռածդ...

Այս էր Գէորգը՝ գործի վայրին մէջ խիստ, պահանջկոտ, բծախնդիր եւ միշտ լաւ խորհրդատու։ Մենք ծանօթացեր էինք1972-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան բաժնի (ֆակուլտետ) հնագիտութեան եւ աղբիւրագիտութեան բաժանմունքին մէջ։ Բանասիրական բաժնին կողքին կը փափաքէի ծանօթանալ մեր գրականութեան եւ պատմութեան աղբիւրներուն եւ ահաւասիկ կը յայտնուէի այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր կը դասաւանդէին Կարօ Ղաֆատարեանը (հնագիտութիւն), Մօրուս Հասրաթեանը (հայոց պատմութիւն), Սիմոն Քրքեաշարեանը (դասական յունարէն եւ յունական աղբիւրներ), Լեւոն ՏէրՊետրոսեան (ասորական աղբիւրներ), Վարազդատ Յարութիւնեան (հայ ճարտարապետութեան պատմութիւն) եւ անզուգական Պարոյր Մուրադեան (աղբիւրագիտութիւն, վրաց աղբիւրներ եւ այլն)։

Երեք սփիւռքահայեր էինք, որոնք «ազատ ունկնդրի» կարգավիճակով յայտնուեր էինք ԻՍԿԱՊԷՍ ՊՐՊՏՈՂՆԵՐՈՒ հոյլի մը մէջ։ Տողերուս հեղինակը՝ Լիբանանէն, Յարութիւն Սամուէլեանը՝ Երուսաղէմէն եւ այն ատեն երիտասարդ վարդապետ՝ Տ. Աղան Պալեոզեանը։ Մեր լսարանի «հոգեւոր հայրն» էր Պարոյր Մուրադեանը՝ Ախալքալաքի շրջանէն։ Երեքս եւ լսարանի միւս ուսանողները՝ Պաւլիկը (Գանձակ Կիրովապատէն), Հայրապետը (Արարատէն) եւ Եուրա-Գէորգը (Շամշադինէն) դարձանք մտերիմներ։ Պատմութեան բաժնի այս լսարանը բոլորովին տարբեր որակ ու մակարդակ ունէր։ Անոնք շատ լուրջ ու կարծես հատ-հատ ընտրուած ուսանողներ էին, որոնք պիտի ըլլային վաղուան վաւերական հայագէտները, որոնց մօտ փաստը, տուեալը, աղբիւրը, բնագրի հարազատութիւնը էական պայմաններ էին գիտական բարձր մակարդակի հետազօտութիւն կատարելու համար։ Զինուորական կարգապահութիւն կը տիրէր ամբողջ բաժանմունքին մէջ։ Եթէ պիտի պայքարէինք հարեւան երկու պետութիւններու պատմութեան զեղծարարներու հետ, ուրեմն տասնապատիկ անգամ զինուած պէտք է ըլլայինք անհերքելի փաստերով։ Շուտով սկսանք սերտել վիմագրական արձանագրութիւններ ընթերցելու եւ վերծանելու արուեստը, ձեռագիրներու բնագիրներուն մէջ սպրդած հետսամուտ բառերն ու տողերը եւ այլ հեղինակներէ կատարուած մէջբերումները։ Ոչ միայն մեր դասախօսները խիստ էին մեր հանդէպ, այլեւ մենք՝ իրարու հանդէպ։ Մենք ունէինք երկու «սրբավայր»՝ Մատենադարանն ու Պետական Համալսարանը։ Մատենադարանի աւանդութիւնը մեզ առաւ իր յորձանուտին մէջ շնորհիւ երանաշնորհ ղեկավարներու՝ Լեւոն Խաչիկեան, Բաբկէն Չուգասզեան, Սեն Արեւշատեան, Բարդիկեան եղբայրներ, Յակոբ Անասեան եւ ուրիշներ։ Սկիզբները ուսանողներս կարգ մը աւագ հետազօդողներու կողմէ ընդունուեցանք որոշ վերապահութեամբ. ձեռագիր չէր յանձնուեր եւ ձախ կողմի ընթերցարանը արտօնութեամբ միայն կրնայինք մուտք գործել եւ կարճ ժամանակով։ Եղան դէպքեր, երբ կարգ մը աւագ գիտաշխատողներու կողմէ «արժանացանք» արհամարհանքի...։

Կատակով մենք իրարու կ՚ըսէինք՝ «եթէ մեզ դռնից դուրս հանեն, լուսամուտից կը մտնենք»։ Այդպէս ալ եղաւ։ Գէորգ Տէր-Վարդանեանն ու մեր միւս ընկերները դարձան փնտռուած գիտաշխատողներ եւ կարճ ատենուան մէջ ցոյց տուին իրենց մասնագիտական ունակութիւնները։ Քանի մը տարիէն արդէն Գէորգին վստահուեցաւ ձեռագրաց բաժնի աւանդապահի պաշտօնը։ Բոլորս ալ հպարտ էինք, որովհետեւ հաստատեր էինք մենք զմեզ եւ ճերմկցուցեր էինք մեր դասախօսներու երեսները։

Գէորգ Հմայակի Տէր-Վարդանեան ծնած էր 1951-ին Ներքին Կարմիր գիւղը։

1974-ին աշխատանքի կ՚անցնի Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն ներս, իսկ 1978-ին` աւագ գիտաշխատող եւ գլխաւոր աւանդապահ, ապա 1992 թուականին դարձած է Ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչ եւ գլխաւոր աւանդապահ։

1995- ին կը նշանակուի Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն, ուր կը մնայ մինչեւ 1998։ Ռոբերտ Քոչարեանի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք կ՚ազատուի այդ պաշտօնէն...։

2016-ին կ՚արաժանանայ Պատմական գիտություններու դոկտորի աստիճանին։ Դասաւանդած է մայր Համալսարանէն եւ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանէն ներս։ Անդամ էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազոտական հիմնարկի հիմնադրամի գիտական խորհրդի։ Գևորգ Տեր-Վարդանյանը անխոնջ աշխատող էր, պրպտող եւ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելէ չխուսափող։ Ծանրակշիռ ու հեղինակաւոր մասնագէտ էր հայ ձեռագրագիտութեան ասպարէզին մէջ եւ բացառիկ դեր ունեցած է «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցի անուան Մատենադարանի» բազմահատորեակի կազմութեան եւ խմբագրման մէջ։ Տարիներ շարունակ պարբերաբար այցելած է Վենետիկի Սուրբ Ղազարի մատենադարան և մշակած է ձեռագրական նիւթերը։ Եղած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ձեռագրատան մէջ՝ կարգի դնելով մի քանի հազար ձեռագիրներ։ Հրաւիրուած է նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ որպէս գիտաշխատող եւ միաժամանակ դասաւանդած դպրեվանքի սաներուն։ Պատկառելի թիւ մը կը կազմէ իր յօդուածներու ե ուսումնասիրութիւններու թիւը՝ շուրջ 200։ Մատենադարանը իր երկրորդ երբեմն ալ առաջին տունն էր, որուն ծառայեց շուրջ կէս դար։ Հակառակ վերջին տարիներուն յայտնաբերուած հիւանդութեան, ան չէր զլանար իր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութեանց մէջ, մինչեւ սոյն տարուայ 29 Մարտը։

Կը հաւատամ որ յետ մահու անգամ ան կը շարունակէ մեր Մեծ Ուոսուցիչին, մատենագիրներուն եւ մեր երանելի դասախօսներուն հետ հետազօտել ու ամբողջացնել մեր ձեռագիր մատեաններու հաւաքածոները։


Դոկտ․ Մինաս Գոճայեան

Լոս Անճելոս

Comments


bottom of page