top of page

Մահազդ - Գէորգ Կիւզելեան


Վազգէն Սիսլեանը կը գրէ․

«Ուշացումով եւ մեծ ցաւով իմացայ մահը իմ մարտական եւ գաղափարական ընկերոջ՝ Գէորգ Կիւզելեանի՝ անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով (28 հոկտեմբեր 2024, Գալիֆորնիա)։

Գէորգ Կիւզելեան 20 տարեկանին զինուորագրուեցաւ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին (ASALA)։ Իբրեւ «Վան» անձնասպանական գործողութիունը իրագործած «Եղիա Քեշիշեան անձնասպանական քոմանտոյի» փոխհրամանատար, Գէորգ մասնակցեցաւ 24-լոյս 25 սեպտեմբեր 1981-ին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի գրաւման գործողութեան՝ իմ, Յակոբ Ճուլֆայեանի եւ նահատակ ընկեր Արամ Պասմաճեանի հետ։ Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ իմ վիրաւորուելու պատճառով հիւպատոսարանէն դուրս գալէս ետք գործողութիւնը շարունակելու եւ զայն յաջող աւարտին հասցնելուն մէջ։ Կիւզելեան ինքզինք հիանալի դրսեւորեց նաեւ «Վան» գործողութեան չորս մարտիկներուս փարիզեան դատավարութեան ընթացքին (յունուար 1984)։ Չորսս միասնաբար դատապարտուեցանք 7 տարի ազատազրկման, եւ բացի բանտին մէջ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ ինքնասպան եղած Արամ Պասմաճեանէն, հինգ տարի չանցած՝ 1986-ի օգոստոսին ազատ արձակուեցանք ու վերադարձանք Լիբանան։

Գէորգ Կիւզելեան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ Արցախեան առաջին պատերազմին։ Ան հրամանատարն էր ՍԴՀԿ-ի հովանին վայելող «Մեծն Մուրատ» ջոկատին, եւ ղեկավարեց արցախեան բազմաթիւ բնակավայրեր ազատագրելու կամ պաշտպանելու ռազմական գործողութիւններ կամ մասնակցեցաւ անոնց։ Զինադադարէն ետք քանի մը տարի Հայրենիքին մէջ բնակելէ ետք, անձնական պայմաններու ստիպողութեան տակ, Գէորգ Կիւզելեան հեռացաւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Գէորգ Կիւզելեանի անունը փառքով արձանագրուած է վերջին կէս դարու հայկական զինեալ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ։

Օտար հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի, ամէն։»




Comments


bottom of page