2023 թ․-ի մարտի 23-ին, ԱՄՆ Արևմտյան թեմի առաջնորդարանի <<Համբար>> սրահում տեղի ունեցավ Մինաս Փյունիկի (Գոճայեան) <<Փիւնիկեան ափերէն>> գրքի շնորհանդեսը՝ օհնությամբ ու հովանավորությամբ Արևմտյան թեմի բարեխրատ առաջնորդ, գերաշնորհ Տ․ Հովնան արք․ Տերտերյանի։ Ստորև ներկայացնում ենք հեղինակի տպավորությունները, և մեր ողջ անձնակազմի անունից շնորհավորում ենք դոկտ․ Մինաս Գոճայեանին՝ մաղթում առողջություն և հաջողություններ գրական անդաստանում։
«ՓԻՒՆԻԿԵԱՆ ԱՓԵՐԷՆ» ԳԻՐՔԻՍ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԷՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ
Մարտ 23-ին վերջապէս տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ գրքիս շնորհանդէս-գինեձօնը ԱՄՆ Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ։ Այն լեփ-լեցուն էր։ Ներկայ էր Թեմիս Առաջնորդ, բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, ընկերակցութեամբ արժանապատիւ քահանայ հայրերու, ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգականներ, պաշտօնակիցներ, ՌԱԿ-ի անդամներ եւ համակիրներ, գրասէրներ եւ կարեւոր թիւով նաեւ նախկին աշակերտ աշակերտուհիներ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն։
Հանդիսութեան հովանաւորն էր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, կազմակերպող` ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութիւնը, կը մասնակցէին նաեւ առաջնորդարանի «Զուարթնոց» յանձնախումբը, ՄԿՀ Շրջանաւարտից Միութիւնն ու «Չորք-Մարզպանի Հայր. Միութիւն»ը։
Օրուան փորձառու հանդիսավարուհին էր Օրդ. Լորա Գույումճեան, որ ներկայացուց կենսագրութեանս համառօտ գիծերը եւ գրքիս նպատակն ու գրական արժէքը։ «Զուարթնոց»ի կողմէն ելոյթ ունեցաւ ատենապետը՝ Բժ. Սիմոն Սիմոնեանը, որ դասընկերս եղած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկր. Վարժարանին մէջ։ Ան լաւ կը ճանչնար զիս եւ իրեն յատուկ մեկնաբանութեամբ ընդգծեց գրքիս ազգային-հասարակական արժէքը եւ արտայայտուեցաւ նաեւ յատկապէս ԱՄՆ-ի հայկական դպրոցներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու վիճակին մասին։ ՌԱԿ-ի կողմէ հանդէս եկաւ Բժ. Ռաֆֆի Պալեան, որ գնահատեց իմ կրթական, ազգային-հասարակական եւ գրական-խմբագրական գործունէութիւնս՝ յատկապէս ընդգծելով այն կարեւորութիւնը, որ ընծայած եմ լիբանանահայ համայնքին եւ լիբանանեան հայրենիքին։
Մեծ տպաւորութիւն թողուց վրաս կարճ ատենուան մը համար պաշտօնակիցս եղած բարեշնորհ Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեանի ներկայացումը։ Ան 16 վայրկեաններու մէջ կրցաւ ներկայացնել հատորին երեք մասերը եւ անոնց առանձնայատկութիւններն ու կարեւորութիւնը ապագայ պատմաբանին համար, եթէ պէտք ունենայ աւելի լաւ հասկնալու 40-70-ական թուականներու լիբանանահայութեան ապրած վերելքն ու իղձերը։ Ըստ Յովհաննէս սրկ․ Գումրուեանի ներկայացուող գիրքը իւրայատուկ հայելի մըն է, ուր կարօտի, թախիծի քողին ետեւ հեղինակը կը վերապրի անցեալի յուշերը, հայկական թաղերու եւ մարդոց կենցաղը, անոնց սէրը ուսման ու հայրենիքի հանդէպ։ Անկեղծօրէն ես շատ տպաւորուած եմ իր բանասիրական հմուտ վերլուծութեամբ եւ իմ կամ մեր սերունդին խորքը թափանցելու իր հմտութեամբ։
«Մեր թաղերու ժողովրդային համալսարանը եւ այլ բաներ» ակնարկէն հատուածներ ընթերցեց հրատարակութեան սրբագրիչ տիկինս՝ Նազիկը, նոյնպէս բանասէր եւ երկարամեայ ուսուցչուհի։ Հրամցուած հատուածը մեր թաղերու յայտնի վարսաւիրանոց-գրադարանի՝ «Սամի Կարօ»ի մասին էր՝ անցեալի տխրաթախիծ եւ անոյշ ու հայաբոյր օրերու նուիրուած ակնարկ մը։
Դաշնամուրային երկու կատարումներ՝ Կոմիտասէն եւ Շոփէնէն, ստեղծեցին կարօտի մթնոլորտ մը, որ յատուկ է իմ գիրքիս, որովհետեւ բազմաթիւ ակնարկներու եւ պատմուածքներու մէջ առկայ է այդ զգացումը։ Դաշնակարուհի Արմինէ Ղազարեան կատարելապէս կրցաւ փոխանցել այդ մթնոլորտը։
Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խօսքը դիպուկ էր եւ տեղին։ Ան ոչ միայն գնահատեց վէպիս գրական եւ ազգային-դաստիարակչական նշանակութիւնը, այլեւ զիս՝ իբրեւ տարիներու մանկավարժ, լրագրող եւ գործիչ։
Խառն խոհերու մէջ էի ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին։ Հպարտ էի որ սրահը նստելու տեղ չկար եւ ներկաները անձանձրոյթ կը հետեւէին։ Ելոյթները կարճ էին եւ բովանդակալից, մթնոլորտը դրական էր եւ կարօտով ու թախիծով լի հանդէպ Լիբանանին ու առհասարակ Միջին Արեւելքին։ Շնորհաւորական խօսքերը անկեղծ էին, արհեստական ու շինծու բան չկար։ Ամէնէն կարեւորը՝ ներկայ էին իմ պաշտօնակիցներէս շատեր եւ նախկին աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնց համար ես մնացեր էի «նոյն Պարոն Գոճայեանը...»։
Համոզուեցայ, թէ մեր ընթերցասէր սերունդը, որ թէեւ ԱՄՆ կ՚ապրի տասնամեակներէ ի վեր, սակայն հոգւով ու սրտով կապուած է ծննդավայրին, այս պարագային՝ Լիբանանին, որ այսօր կը տառապի տեղական արիւնարբու եւ գիշատիչ ֆէոդալներու եւ միջազգային կասերապաշտութեան ու սիոնիզմի ճիրաններուն տակ։ Նուիրատւութիւնները ա՛լ աւելի սիրտ տուին ինծի, որովհետեւ նիւթական հասոյթը մտադրած եմ անձամբ, սուսիկ-փուսիկ յանձնել իմ ճակատագրիս ենթարկուած հայերէնի ուսուցիչներուն եւ թոշակառուներուն։ Ուրախ եմ նաեւ, որ ամէնէն երիտասարդ ներկաներէն երկուքը՝ ութը եւ երեք տարեկան թոռնուհիներս էին, որոնք մնացին...մինչեւ վերջ։
Տխուր եմ եւ միշտ մտահոգ, որովհետեւ այս եւ նման հայալեզու, նոյնիսկ անգլերէն ձեռնարկներուն, հանդիութիւններուն կամ միջոցառումներուն ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ բացակայ է նոր սերունդը՝ 30-50 տարեկան։ Յո՞ երթաս ամերիկահայ սերունդ։ Ամենայն դէպս յույսով կը սպասեմ նոր սերունդի «հրաշալի յարութեան»։
Շնորհակալ եմ բոլոր կազմակերպիչներուն, յայտագրին մէջ մաս ունեցողներուն, ներկաներուն, ինծի ուղղուած քաջալերական խօսքերուն, անկեղծ գնահատանքներուն եւ յատկապէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր անսակարկ զօրակցութեան համար։
Դոկտ․ Մինաս Գոճայեան
Kommentare