
Սիրելի՛ բարեկամ,
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը կը բոլորէ իր ութ տարին եւ շարունակելով հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը արժեւորելու իր առաքելութիւնը, կը յայտարարէ 2023 եւ 2024 թուականներուն հրատարակուած գիրքերու ընդունման մասին: Նախորդ տարիներուն մրցանակի արժանացած հեղինակները չեն կրնար մասնակցիլ նոր յայտարարուող մրցոյթին։ Այս առիթով կազմուած Գնահատիչ Յանձնախումբը (նախագահ՝ Սօսի Նագգաշեան) մրցոյթի ներկայացուած նիւթերու ամփոփումը պիտի յայտարարէ 2025- ի աշնան: Հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն մինչեւ 2025 թուականի Մայիս 1-ը 3-ական օրինակ ներկայացնել «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոն եւ 1 օրինակ ուղարկել Տիկին Սօսի Նագգաշեանին։
Ներքոյիշեալ ելեկտրոնային հասցէներուն ուղարկել նաեւ PDF տարբերակը։ «Սփիւռք» Կեդրոնի հասցէն՝ ՀՀ, ք. Երեւան, Ալեք Մանուկեան 13, 4-րդ յարկ: հեռ. 374.93/716.421 e-mail: spyurkka@gmail.com Sossie Naccashian 11848 Rue Filion, Montreal, Quebec, H4J 1T3 CANADA e-mail: n.sossie@yahoo.ca
Comments