Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի կեդրոնատեղին Ուաշինկթընի մէջ եւ հանդիպում ունեցաւ քոնկրէսի նախագահ Մայք Ճոնսընի, ապա Քալիֆորնիան ներկայացնող երեսփոխան Ատամ Շիֆին հետ:
Երկու հանդիպումներէն ետք Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուեցաւ խորհրդարանի սրահ, ուր, խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով, Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր աղօթքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, թէ աւելի քան 100,000 հայորդիներ պարտադրաբար հեռացած են իրենց դարաւոր հայրենիքէն՝ Արցախէն:
Յիշեալ աղօթքէն ետք, խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ, որոնց կարգին նախկին խորհրդարանի նախագահ Նէնսի Փելոսիի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը, յիշեալ երեք թեմերու ազգային վարչութեանց դիւանները եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՃՈՐՃ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին մէջ՝ խորագրեալ «Կրօնքը Միջին Արեւելքի Աշխարհաքաղաքական Յարաբերութիւններու Ծիրէն Ներս»:
Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ներկայ աշխարհին մէջ հետզհետէ աճող կրօնքին ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ: Ան ըսաւ, որ հին դարերէն սկսեալ կրօնքը ազդու ներկայութիւն դարձած է ազգերու կեանքի զանազան մարզերու մէջ: Այսօր եւս, կարելի չէ բաժանման գիծեր հաստատել կրօնքին եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ կրօնքին դերը երբեմն եղած է ոչ-դրական, հակառակ իր բարոյական արժէքներու ուսուցման, որովհետեւ ան շահագործուած է քաղաքական կառոյցներու ու գաղափարախօսական վարդապետութիւններու կողմէ:
Ընդհանուր ակնարկէ ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց միաստուածեան երեք կրօններուն վրայ եւ յատկապէս անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-
Ա) Հաւատքի ու բանականութեան փոխ-յարաբերութիւն: Հայրապետը այս ծիրէն ներս նշեց, թէ ճիշդ չէ հաւատքը հեռացնել բանականութենէն, որովհետեւ ան կրնայ սխալ ուղղութեան առաջնորդել հաւատացեալը, միաժամանակ ճիշդ չէ հաւատքը ամբողջութեամբ բանականութեան սահմաններուն մէջ պահել: Հետեւաբար, բանականութիւնն ու հաւատքը զիրար ամբողջացնող յարաբերութիւն պէտք է ունենան, որովհետեւ զանոնք իրարմէ հեռացնելը կրնայ լուրջ անպատեհութիւններ յառաջացնել:
Բ) Կրօնք եւ քաղաքականութիւն: Ասոնք տարբեր իրականութիւններ են, սակայն՝ սերտօրէն իրարու առնչուած: Կրօնքը պէտք չէ քաղաքական օրակարգերու ու կառոյցներու հետ նոյնացնել, միաժամանակ կրօնքը կարելի չէ ապաքաղաքականացնել, որովհետեւ քաղաքական օրակարգի մաս կազմող հարցերը՝ արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, կենսոլորտը եւ այլն, նաեւ կրօնական տարածքներ ունին, եւ, հետեւաբար, անոնք անհրաժեշտ է, որ քննարկուին կրօնքին կողմէ:
Գ) Կրօնքը միացուցիչ ու բաժանարար դեր ունի: Այս երեւոյթը առնչուած չէ կրօնքին ինքնութեան ու առաքելութեան, այլ՝ ոչ-կրօնական կառոյցներու կողմէ անոր շահագործումին: Հետեւաբար, յաճախ ինքզինք հակասութեան մէջ տեսնող կրօնքը անհրաժեշտ է զգոյշ ըլլայ՝ կառչած մնալով իր ուսուցումներուն եւ արժէքներու համակարգին:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անցնելով իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին, անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի շրջագծէն ներս.-
1) Փոխադարձ վստահութիւն: Ան ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապները մեծ չափով արդիւնք են փոխադարձ վստահութեան պակասին: «Երբ ինքզինքս կը նկատեմ հողին տէրը, որուն վրայ կ՚ապրիմ եւ իմ դրացիս՝ իբրեւ գրաւողը այդ նոյն հողին, սա կը նշանակէ, որ դրացիիս ներկայութիւնը սպառնալիք է ինծի համար եւ՝ փոխադարձաբար»: Դժբախտաբար, այս կացութեան խորացման մէջ կրօնքին դերը եղած է բացասական: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ միաստուածեան կրօնները, միասնական ճիգով եւ իրենց ունեցած հաւաքական արժէքներու լոյսին տակ, կարենան վստահութիւն ստեղծել նոյն հողին վրայ ապրող ժողովուրդներուն միջեւ:
2) Աշխատիլ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար: Խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը Աստուածատուր իրաւունքներ են, եւ, հետեւաբար, անոնք կրօնքի առաքելութեան մաս կը կազմեն: Կարելի չէ խաղաղութիւնը պարտադրել. կարելի է զայն հաստատել արդարութեան հիման վրայ: Կրօնքին դերը այս ուղղութեամբ էական է։
3) Աշխատիլ ի խնդիր ժողովրդավարական կարգերու հաստատման: Միջին Արեւելքի ընկերութիւններէն ներս ժողովրդավարական սկզբունքները այնքան ալ ընդունելի չեն եղած: Ոմանք կը կարծեն այդ սկզբունքներու հաստատումով կրնան ծայրայեղականները իշխանութիւնը ձեռք ձգել. ուրիշները կը կարծեն, թէ ժողովրդավարական կարգերը կրնան զսպել ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու տարածումը. տակաւին, ոմանք կը կարծեն, թէ ժողովրդավարական սկզբունքները արեւմուտքի մաս կը կազմեն: Անհրաժեշտ է, որ ժողովրդավարական արժէքները համապատասխանեն Միջին Արեւելքի իւրայատուկ իրականութիւններուն ու ըմբռնումներուն, այլապէս կրնան հակառակ արդիւնքը ունենալ:
4) Պայքար արմատական շարժումներուն դէմ: Միաստուածեան կրօններու ուսուցումները կը դատապարտեն արմատական շարժումները, որոնք կը չարափոխեն կրօնքին ուսուցումները՝ զանոնք նոյնացնելով իրենց քաղաքական օրակարգերուն հետ: Հետեւաբար, երեք կրօնները միացեալ ճիգերով անհրաժեշտ է, որ ամրապնդեն իրենց հետեւորդներու կեանքին մէջ փոխադարձ յարգանքը ու վստահութիւնը:
5) Տագնապները դիմագրաւել միասնաբար: Այս ուղղութեամբ հրամայական է երեք կրօններուն հասարակաց արժէքները դարձնել չափանիշ մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի, մերժելով այնպիսի մօտեցումներ, որոնք կրնան տագնապներ յառաջացնել ընկերութեան կեանքէն ներս:
Վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ՝ յաճախ օրինակներ տալով եւ միշտ շեշտելով նոյն արմատները ունեցող միաստուածեան երեք կրօններուն միջեւ գործակցութեան հրամայականը:
Իր դասախօսութեան վերջաբանին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու ներկայացուցիչները իրարու կը հանդիպին միջ-կրօնական հաւաքներու ընթացքին Միջին Արեւելքէն դուրս. ինչո՞ւ անոնք պիտի չհանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր ունին իրենց սրբազան կեդրոնները. ինչո՞ւ խորհրդանշական նշանակութիւն ունեցող Երուսաղէմի մէջ հանդիպելով եւ հաւաքական յայտարարութիւն կատարելով պիտի չվերանորոգեն հաւաքական արժէքներու ու սկզբունքներու հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը: Ահա՛ մարտահրաւէրը անոնց դիմաց: Արդեօք քաջութիւնը, իմաստութիւնը եւ յանձնարարութիւնը ունի՞ն միաստուածեան երեք կրօնները նոր էջ մը բանալու Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, ամբողջական խաղաղութեան ուղղութեան առաջին գործնական քայլը առնելով:
Յայտնենք, որ դասախօսութեան բացումը եւ փակումը կատարեց համալսարանի միջազգային օրէնքի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արամ Կաւուրը: Ան ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած դերը միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծիրէն ներս ու անոր ակադեմական խորքը ու գործունէութիւնը: Դասախօսութեան սրահը լեցուն էր. ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, պետական կառոյցներու առնչուած անձեր եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ:
Թղթակից
コメント