«Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆ յայտնեց, թէ Երկուշաբթի, Ապրիլ 24ին, Քոնկրեսին ներկայացուեցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալ պահանջող բանաձեւը, ուր նաեւ խստօրէն կը դատապարտուին Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող բռնարարքները:
Շիֆ շեշտեց, թէ խորապէս մտահոգ է Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուող նոր պատերազմի մը հաւանականութեամբ եւ աւելցուց, թէ նման բանաձեւ մը յստակ պատգամ մը պիտի ըլլայ բռնատէր Ալիեւին, որ ամերիկացի քոնկրեսականներ Արցախի ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնին, ինչպէս նեցուկ կը կանգնին ժողովրդավարութեան սկզբունքները յարգող բոլոր պետութիւններուն կողքին։
Հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, թէ ամէն ջանք պէտք է տարուի՝ վերջ տալու համար Արցախի անարդար պաշարումին, յոյժ կարեւոր նկատելով Արցախի պաշարումին իրականութիւնը շարունակաբար լուսարձակի տակ պահելը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց Շիֆի քայլը՝ շեշտելով, որ յատկապէս այս օրերուն, երբ Արցախի գոյութիւնը վտանգուած է, նման քայլ մը յստակ պիտի դարձնէ Պաքուի իշխանութիւններուն, թէ ներկայ իրավիճակը անընդունելի է, եւ թէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը տագնապին միակ արդար եւ տեւական լուծումն է։
Շիֆի ներկայացուցած բանաձեւին գլխաւոր կէտերն են.
1. Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ ՄԱԿի զանազան փաստաթուղթերով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքին եւ Արցախի ժողովուրդի՝ 1991ի քուէարկութեան արդիւնքին եւ Ատրպէյճանէն անկախութիւնը հռչակելու որոշումին համահունչ.
2. Ուաշինկթընին կոչ ընել՝ աշխուժօրէն ներգրաւուելու Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակի միջազգային ճանաչման աջակցելու ջանքերուն.
3. Դատապարտել Լաչինի միջանցքին շարունակուող փակումը եւ Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումները, եւ կոչ ընել Պաքուին, որ անյապաղ դադրեցնէ իր շրջափակումը եւ բռնարարքները՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, առանց նախապայմաններու.
4. Կոչ ընել՝ անյապաղ դադրեցնելու Ամերիկայի արտաքին եւ ռազմական օգնութիւնները Ատրպէյճանին՝ Ազատութեան աջակցութեան որոշումի 907րդ բաժինին համաձայն եւ Պաքուի վարչակազմին յստակացնել, թէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յաւելեալ յարձակումները պիտի առաջնորդեն պատժամիջոցներու։
5. Վճռականօրէն աջակցիլ Ամերիկայի ժողովրդավարական գործընկեր Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ընդդէմ Ատրպէյճանի ռազմական բռնարարքներուն եւ միջազգային օրէնքներու բացայայտ խախտումներուն:
6. Աջակցիլ ամերիկեան եւ միջազգային մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներուն, նպաստելու համար Ատրպէյճանի յարձակումներէն տուժածներուն հրատապ կարիքները բաւարարելու ջանքերուն։
Աղբիւր՝ https://asbarez.am/
Comments