top of page

ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ


Թաքսիմի Էսաեան Վարժարանի Հայերէնի եւ կրօնագիտութեան դասատու Սեւան Տէյիրմէնճեան, 3 նոյեմբերին բանախօսեց, նիւթ ունենալով Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը եւ Իր վախճանման 850-ամեակը։ Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ եւ Հրանդ Չիզմէճեանի երգեհոնահարութեամբ, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը լաւապէս ներկայացուց Շնորհալի Հայրապետի գրի առած շարականներէ օրինակներ։

Հիանալի գիշեր մըն էր այս մէկը, որուն մէջ զգացին Հայաշունչ հանդիսութեան գեղեկցութիւնը։ Թէ՛ հոգեւորականներ եւ թէ՛ մշակութասէր ներկաներ լաւ տպաւորութիւններով ողջունեցին սոյն հանդիսութիւնը։

Իսկ այս նկարը ամենէն խորհրդաւոր պահը կը նկատեմ, որով հանդիսութեան ներդրում բերած բոլոր մարմիններս ի մի համախմբուած ենք։ Ս. Թարգմանչաց Տօնի հանդիսութիւն մը իրականացած է Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ զանազան մարմիններու համագործակցութեամբ։ Ներկայ են Էսաեան Վարժարանը, Էսաեան Սանուց Միութիւնը, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը եւ անշուշտ թէ՝ Ս. Երրորդութիւն ու Ս. Յարութիւն Եկեղեցիները։

Ուրախ եմ որ այս խոշոր մարմնի անդամներէն միոյն վերածուած եմ։ Եւ ուրախ եմ, որ Էսաեան Վարժարանի մէջ տեղական պայմաններով ու մեր կարողութեան ներած չափով ներդրում բերած ենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի յիշատակութեան։


Քարոզիչ Հայր Սուրբի գրիչէն՝

Յարութիւն վրդ․ Տամատեան

4 Նոյեմբեր, Շաբաթ


Տեսանիւթ


Comments


bottom of page