Սիրելի' վարպետ։
Զարեհ Խրախունի` Արթօ Ճիւմպիւշեան։
Ութ տարի առաջ էր...։
16 Հոկտեմբեր 2015ին խմբագրատունէն հեռաձայնելով, բոլորս միասին կենաց արեւշատութեան մեր շնորհաւորութիւնները յղեցինք ձեզի, առանց անդրադառնալու որ վերջինն էր շնորհաւորական այդ զրոյցը։
Յաջորդող այս ութ տարիներու ընթացքին 16 Հոկտեմբեր թուականը խորհրդանշեց նախ եւ առաջ Ձե՛ր օրը։ Ձեր անունն ու գրական ձեր մեծ վաստակը յիշելու եւ յիշեցնելու սրտի քաղցր պարտք դարձաւ ինծի ու Մարմարա-ի ընտանիքին համար։
Որքա՜ն շատ բան փոխուեցաւ այս ութ տարիներու ընթացքին։
Այժմ գրեթէ ամուլ է պոլսահայ գրական կեանքը։ Գունատ է մտաւորական աշխարհը, որ դժբախտաբար կը բանաձեւուի տարբեր բնորոշումներով։
Պոլսահայ գրական ծիածանին վրայ այլեւս չկայ ձե՛ր գոյնը, գրական երանգապնակի այն անզուգական գոյնը, որ աւելի քան վաթսուն տարի քերթողական արուեստի նորարար ոգիով հրաշալի ժառանգութիւն մը ստեղծեց ու դրաւ ընթերցողներու սեղանին վրայ։
Գրական անդաստանին մէջ չկա՛յ այն գրիչը, որ բանաստեղծական ճախրանքով ստացաւ ուրոյն դիմագծութիւն, թռիչք տուաւ ձեր ստեղծագործական հարուստ աւանդին ու մինչեւ վերջ այդպիսին մնաց, շնորհիւ մտածումի ու լեզուական արտայայտութեան բացառիկ կարողութեան։ Ձե՛րը եղաւ այդ լեզուն, զոր առատաբաշխ տարածեցիք նախ Մարմարա-ի գրական էջերուն վրայ,- որոնք շատ բան կը պարտին ձեր ճակտի քրտինքին ու աչքի լոյսին,- եւ յետոյ՝ իրերաջորդ հատորներուն մէջ։
Դժբախտաբար ընկերային կեանքին մէջ այս ութ տարիներու ընթացքին պակսեցաւ թիւը իմաստուն այն մարդոց, որոնց փաղանգին մէջ անփոխարինի էր ձեր տեղն ու դերը։ Մենք ճանչցանք ու շատ սիրեցինք ձեզ, որպէս անհատականութիւն, միշտ ընդգծուած մեծ պատկառանք ունեցանք ուսուցիչ, մամլոյ նուիրեալ, հրապարակախօս, իմաստուն բանասեղծ Խրախունիի անձին հանդէպ։
Մեր համայնքային ապրումներուն մէջ հիմա լուսանցքի վրայ են մամուլը, գիրն ու գրականութիւնը։ Մինչդեռ մօտիկ անցեալին ականատես եղանք ու պատմութեան համար քանիցս արձանագրեցինք որ դո՛ւք եղաք արեւմտահայ գեղապաշտ գրականութեան ճարտար մշակ մը, որ արտակարգօրէն շքեղ ու մաքրամաքուր հայերէնով ի՛ր ակօսը բացաւ բովանդակ հայ գրականութեան այնքան հարուստ անդաստանին մէջ։
Երախտապարտ ենք ձեզի։
Մեզի կը մնայ հոգեկան մեծ բաւականութեամբ արձանագրել որ «Զարեհ Խրախունի» մակագրութեամբ հատորները թանկագին մասունք դարձած են մե՛ր եւ հայ մշակոյթի սիրահար բազմաթիւ անձերու գրադարաններուն մէջ։
Այսօր Ձե՛ր օրն է։ Ձեր երկնային տարեդարձի օրը։ Կարօտով կը յիշենք եւ դարձեալ ու դարձեալ փառք կուտանք Աստուծոյ ձեր ժամանակակիցը ըլլալու համար։
Ն. Ս.
Comments