top of page

Ո՜Վ ԻՄ ԴԺԲԱԽՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Մեր սերունդը մանկութեան օրերէն սկսեալ իր ծնողներուն եւ ազգակիցներուն հետ կը խօսէր մեր մայրենի լեզուով։ Մենք մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ ընկերներուն հետ միշտ խօսեցանք հայերէնով։ Տեղական լեզուն ալ անշուշտ սորվեցանք , բայց տիրականը մեր մայրենի լեզուն՝ հայերէնն էր։ Մեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ այդ սովորութիւնը կը պահենք մինչեւ այսօր։

**

Ես այս գրութեամբ պիտի ջանամ ընթերցողին բացատրել, թէ մենք ինչպէ՞ս ազգային ակունքները լքեցինք եւ ապազգային ապրումներու թիրախ դարձանք։ Աւելի ճիշդ՝ ինչպէ՞ս եղբայրացանք այլ ազգերու հետ՝ լիովին, կամ մասամբ։ Ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասանք։ Այս «ինչպէս»-ին պատասխանը պիտի ջանամ անձնական օրինակներով բացատրել։

**

Նախակրթարանի շրջանս շատ չեմ յիշեր։ Գիտեմ միայն, թէ մենք իրարու հետ կը խօսէինք հայերէնով։ Կը խօսէինք նոյնպէս միջնակարգի եւ լիսէի մէջ։ Ինչո՞ւ չէինք խրտչեր մայրենիով խօսելէ, որովհետեւ հպարտ էինք մեր ինքնութեամբ եւ ստորակայութեան բարդոյթէ չէինք տառապեր։

**

Կ'ուզեմ օրինակներով պարզել գաղափարս։ Միջնակարգի մեր պատմութեան ուսուցիչը ազգայնամոլ մէկն էր։ Ամէն առիթով ան կ'ըսէր մեզի։ «Ես Ատանացի եմ։ Ատանայի մեր տան մէջ մենք ունէինք ձեզի նման 10- 15 հայ ծառաներ «‎ուշաք»։ Ան կ'ըսէր այս խօսքերը մեզ բարոյապէս յուսայքելու, ստրկացնելու բիրտ ախորժակով։

**

Ուրիշ մը. ես եւ ընկերներէս ոմանք Սամաթիայէն կամ Գումգաբուէն կ'երթայինք Տատեան։ Բոլորիս ալ երթեւեկի միջոցը շոգեկառքն էր։ Շոգեկառքին մէջ իրարու հետ կը խօսէինք հայերէն։ Այդ տարիներուն, 1963 - 1976 - 1980 Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլութիւնը իր կատարին հասած էր։ Շոգեկառքի եւ փողոցներու մէջ մեր դիմաց երիտասարդներ կը ցցուէին եւ մեզ կը հրաւիրէին երկրին լեզուն խօսելու։ Անոնք կ'ըսէին. «Որպէս Թուրքիոյ հանրապետութեան հայրենակից, ձեզ կը հրաւիրենք թրքերէն խօսելու»։ Ատիկա ալ պատճառ մըն էր մեզ խրտչեցնելու, բայց ատոր փոխարէն մեր արժէքներուն աւելի կապուելու։

**

«‎Տատեան» վարժարանի մէջ ունէինք Հայերէնի պաշտելի ուսուցիչ մը. Շաքէ Յակոբեան։ Յարգանքով եւ մեծ սիրով կը յիշատակեմ զինքը։ Թունդ հայրենասէր եւ իրաւ հայագէտ մըն էր։ Իմ ամենասիրելի ուսուցիչն էր. ես ալ փոխադարձաբար իր ամենասիրելի աշակերտը։ Հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի սիրահար անձ մըն էր ան։ Մեր լեզուն եւ գրականութիւնը մեզի կը սորվեցնէր իր ամենագեղեցիկ հմայքով։ Կը ծանօթացնէր գրչի բոլոր մշակները։ Օր մը ան ալ ստացաւ իր սուր բաժինը, հայանպաստ իր գործունէութիւններուն համար։ Մատնուած էր Կրթական Տնօրէնութեան մօտ, «երիտասարդներու թարմ ուղեղներուն հայկականութիւն քարոզելու յանցանքով»։ Շատ տառապեցաւ։ Կրթական Նախարարութեան քննիչներուն հարցաքննութիւններուն նշաւակ դարձաւ եւ ի վերջոյ անմեղ հռչակուեցաւ եւ հանգստեան կոչուեցաւ։

**

Տարիները սահեցան ու գացին։ Երկրին մէջ անիշխանական սուր շարժում ծայր տուաւ։ Շատեր բանտարկուեցան, ու դատուեցան։ Շատեր ալ արտասահման մեկնեցան։ Երկիրը ստացաւ քաոսի դիմագիծ։ Այս իրարանցումները պատճառ դարձան որ սարսափի այս մթնոլորտին մէջ մարդիկ մօտենան իրարու, ճակատագրակից դառնան, մէկ կողմ թողելով իրենց առանձնայատկութիւնները՝ ազգային եւ կրօնական գետնի վրայ։ Այդ օրերէն սկսեալ կնքուեցան խառն ամուսնութիւններ, որոնցմէ լայն բաժին ստացաւ նաեւ հայութիւնը։

**

Վերջերս, հայ բարեկամի մը ծանօթացայ, որուն որդին ամուսնացեր է թրքուհիի մը հետ։ (Այդ ամուսնութիւնները յաճախակի դարձած են այսօր:) Զաւակ մը ունեցեր են։ Մայրը զաւակը խրատեր է սա բառերով. «Եթէ տունը ըլլաս, դուն ինծի «մամա» պիտի ըսես, իսկ փողոցը՝ «աննէ»։ Զաւակը միշտ կը յարգէ եղեր իր մօրը խրատը։ Տունը՝ «մամա», փողոցը՝ «աննէ»։ Օր մըն ալ մայր ու զաւակ խանութ մը գացեր են՝ գնումի։ Զաւակը մօրը դարձեր ու հարցուցեր է. «մամա, հիմա հոս ես քեզի ինչ պիտի ըսեմ. «մամա՞», թէ «աննէ»։ ** Այլեւս կասկած չկայ. «մամա» ալ պիտի ըսէ, «աննէ» ալ։ Մենք այսօր ճիշդ ու ճիշդ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք» <<ենք մենք>>-ին դարձանք։ Այսուհետեւ պիտի երգենք միասին.

Տուր ինձ քու ձեռքդ եղբայր եմք մեք

Որ ՄՐՐԿԱՒ էինք զատուած,

Բախտին ամէն ոխ չարանենգ

Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց:

Բախտին բոլոր չարամիտ ոխերը

Համբոյրով մը թող փարատին,

Ընդ աստեղօք ի՞ նչ կայ սիրուն

Քան զանձկալի եղբայր անուն։

-Ո՜Վ ԻՄ ԴԺԲԱԽՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ....Գրաբարդ ո՞ւր մնաց...


ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

25 views

コメント


bottom of page