top of page

ՊՈՒՏԻՆԸ, ՓՈՒԹԻՆԸ ԿԱՄ...PUTIN-Ը


Ա․

Վերնագրին անունները նոյն անձը ցոյց կու տան եւ այդ անձը ձագուկն է կամ արժանի ժառանգորդը որոշ չափով Լենինի, հարազատ երկուորեակը Ստալինի։ Այս երկուքն ալ իրենց մեծ պետութեան շահերու սիրոյն զոհեցին Հայկական հողերն ու հայ ժողովուրդը։

Ստալինի օրերուն տեղի ունեցաւ հայ մտաւորականութեան եւ ցեղասպանութենէն վերապրած այլեւ յանուն Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան մարտի դաշտ մտած հայերու ոչնչացման երկրորդ արարը (մտաւորական, զինուորական, գաղտնի սպասարկութեան ծառայած)։

Հիմա Պուտին/Փութինին կարգն է, որ կը փորձէ նախկիններուն գործը աւարտել եւ իրականացնել «Հայաստանը առանց հայերի» ցարական քաղաքականութիւնը, այն տարբերութեամբ որ թրքացեղ ազերի-թաթարներու ձեռքով կ՚ընէ այդ, անշուշտ միշտ լաւագոյնս օգտագործելով իր հարիւրաւոր յայտնի եւ ծածուկ հայ գործակալներու վաշտերը։ Պուտինը, որ մինչեւ քիթին ու սաբոկին ծայրը վիրաւորուած էր ԽՍՀՄ-ի փլուզումով, իշխանութեան գալէն ետք նշանակալի ի՞նչ ըրաւ Ռուսական Դաշնութեան համար, բացի իր գրպանը մտած օլիգարխ-սակաւապետները բարձրացնելով ցարիկներու աստիճանի։ Նախանձելի եւ Արեւմուտքէն տարբեր դրական ի՞նչ գործ տեաւ, որ ռուսերը, ուկրաինացիները, պելառուսները եւ ՌԴ այլ ազգութիւններու մէջ զգալիօրէն պակսի արտագաղթը։ Ի՞նչ ըրաւ որ երիտասարդները, յատկապէս էլեկտրոնային ու համակարգչային սերունդը մնայ իր երկրին սահմաններուն մէջ։ Ի՞նչ ըրաւ ռուս գիւղացիին եւ յատկապէս Սիպերիայի մէջ խեղճութեամբ իրենց կեանքը քաշքշող քաղաքացիներ արժանապատիւ կեանք ապրին...

Հետեւեալ հարցումը կ՚ուղղեմ իրեն. «Դուն որ ինքզինքդ անպարտելի կը նկատես, ՌԴ-ի եւ նախկին ԽՍՀՄ պետութիւններու պաշտպանի հովեր կ՚ընդունիս, անպայման միութեան մը մէջ կ՚ուզես պահել զանոնք, պայմանով որ մենատիրութիւնը (հեգեմոնիա) ռուսներու (այսինքն՝ քու) իրաւունքը ըլլայ։ Վրաստանը ինչո՞ւ կորսնցուցիր, ինչո՞ւ չկրցար սիրաշահիլ Պալթեան երկիրները...Շարքը երկար է. քու ընդդիմադիրներդ ըսած են ինչ որ պէտք է եւ...դաժանաբար ոչնչացուած...»։

Երեսիդ կը շպրտեմ Էմիլ Զոլայի խօսքը՝ “J’accuse”, հայերէնով՝ «Կը մեղադրեմ» կամ «Կ՚ամբաաստանեմ քեզ», որովհետեւ՝

  • ահաբեկելով հայեր կաշառեցիր, գնեցիր եւ աղաւաղեցիր (դաշտը պատրաստ էր արդէն),

  • հայ զինակիցներէդ/դրածոներէդ Ռուբէն Վարդանեանը անպէտք լաթի պէս մէկ կողմ շպրտեցիր՝ լկտիաբար յայտարարելով որ ան Ռուսաստանի քաղաքացիութենէ հրաժարած է, հետեւաբար չես կրնար օգտակար ըլլալ (ես խաբուողը չեմ քու պատճառաբանութենէդ),

  • չկրցար սիրուիլ վրացիներուն կողմէ, որոնք ուղղափառ են քու նման,

  • թրքախօս ազգերու հետ կը կապես բախտդ եւ Ռուսաստանի ճակատագիրը,

  • Հայաստանը գնեցիր չնչին գինով՝ շնորհիւ քեզմէ ու քու նմաններէդ վարակուած զանազան ախտահարուած «հայերու»,

  • չկրցար ամէնէն մօտիկ զարմիկդ՝ Ուկրաինան օժտել ժողովրդավար ղեկավարով եւ ԽՍՀՄ-ի համար այնքան արիւն թափած ուկրաինացիները թողուցիր կաշառակեր ու ապականած, բայց քեզի հաւատարիմ (այդ է քու չափանիշդ) նախագահի եւ անոր վարչակարգին ձեռքը, եւ կ՚ակնկալես որ ախորժակները լայն բացած ՆԱԹՕՆ չօգտուի՞առիթէն,

  • կը մեղադրեմ քեզ յատկապէս, որ բազում պատերազմներու մէջ տարբեր վարչակարգերէ անցած Ռուսիոյ համար արիւն թափած հայ ժողովուրդը լքեցիր, գայլերու եւ ոհմակներու ձեռքը յանձնեցիր եւ ԱՌԱՆՑ ԱՄՉՆԱԼՈՒ կը յայտարարես որ հայերը քեզ դաւաճանեցին...

  • կ՚ամբաստանեմ, բայց այսքանն ալ կը բաւէ միամիտի մը կողմէ քեզի ուղղուած։

Գիտե՞ս որ քու մեծագոյն սխալներէդ մէկը այն է, որ չկրցար կամ չուզեցիր իսկական ժողովրդավարական Դաշնութիւն մը ստեղծել, իսկ ուր որ կը պակսի աստուծոյ պարգեւ ժողովրդավարութիւնը հոն կ՚իշխեն կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը, չարաշահումը, աղքատութիւնը, պոռնկութիւնը, մարմնավաճառութիւնը, ոճրագործութիւնը, մենատիրութիւնը եւ ուրիշ բաներ։

Ինչո՞ւ կը մեղադրես ՆԱԹՕՆ ու Արեւմուտքը, որ առիթներ կը փնտռէ քեզ խեղճացնելու կամ լաւագոյն պարագային քեզ պահելու այնքան որքան կրնան քեզ օգտագործել Չինաստանի դէմ։

Ափսո՜ս, ողբամ ձեզ ռուս ժողովուրդ որ տվեր ես Գրիբոյեդովի, Լեւ Տոլստոյի, Չայքովսքիի, Չեխովի, Եսենինի, Գորքիի, Գագարինի, Տերեշկովայի նման համաշխարհային դէմքեր, բայց վիժեր ես անշնորհք զաւակ մը, որուն պատճառով քար ու քանդ եղաւ ձեր ցեղակիցը եւ հաւատարիմ փոքրաթիւ հայ ժողովուրդը։ Ինչպէ՞ս ԱՊԵՐԱԽՏ չկոչեմ քեզ Գասպադին (Պարոն) Պուտին, որ ԽՍՀՄ-ին երկու մարշալ տուած Արցախցիներու հայրենիքը ծախեցիր կէս հատ քու համար կեանքը չտուած ազերի-թաթարին։

Մեր սերունդները եւ քու ժողովուրդիդ ազնիւ խաւերը պիտի անիծեն քեզ եւ քու վարչակարգդ, իսկ ուկրաինացիներուն կողմէ այնպիսի նզովքներու պիտի արժանանաս, կ՚արժանանաս արդէն, որ պիտի համեմատեն վարարած Վոլկային հետ։


Մ․Գ․

Comments


bottom of page