top of page

ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՇՐՋ. ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ


Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2023-ին ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Արեւմ. ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան պատգամաւորական ժողովը։ 24 պատգամաւորներու եւ փոխ-պատգամաւորներու մասնակցութեամբ կայացած ժողովին կուսակցական կարգապահութեամբ ու համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւարտ վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները, առաջարկեց դիտել Շրջ. Վարչութեան բարոյական տեղեկագիրը։

Ի տարբերութիւն նախորդ ժողովներու, տեղեկագիրը պատրաստուած էր տեսաերիզի վրայ, ուր նկարներով, բացատրութիւններով ու հակիրճ մեկնաբանութիւններով հրամցուեցաւ անցնող չորս տարիներու գործունէութեանց տեղեկագիրը։ Հակառակ վերջին հինգ տարիներուն հայրենիքի թէ սփիւռքի ու Արցախի մէջ ծաւալուած քաղաքական ալեկոծութիւններուն, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմ, COVID համաճարակ, տեսերիզը արժանացաւ բուռն ծափահարութեան։ Ապա Վարչութեան գանձապահ Ընկ. Արա Գասապեան ներկայացուց նիւթական հաշուետուութիւնը, որմէ ետք, ըստ ծրագիր-կանոնագրի տրամադրութեանց, ընթացիկ վարչութեան հրաժարումէն ետք անպարտ հռչակուեցաւ վարչութիւնը եւ ընտրուեցաւ օրուան դիւանը՝ ատենապետութեամբ վեթերան ընկ. Անդրանիկ Գարակէօզեանի եւ ատենադպրութեամբ Ընկ. Մինաս Գոճայեանի։ Առաջարկուեցան թեկնածուներ, որոնց մէջ բացարձակ մեծամասնութեամբ նոր վարչութեան ատենապետ ընտրուեցաւ իրաւաբան Ընկերուհի ԹԱՄԱՐ ՓՈԼԱՏԵԱՆ-ՓԵՐՈՆ։

Վստահ ենք որ նորընտիր ատենապետուհի Ընկ. Թամար Փոլատեան-Փերոնը եւ իր վարչութիւնը իրենց ուսերուն վրայ յաջողութեամբ պիտի տանին ՌԱԿ Արեւմ. ԱՄՆ-ի առաքելութիւնը՝ շարունակելով նախկիններու ուղին՝ բերելով նոր նախաձեռնութիւններ եւ հանդէս գալով նոր ծրագիրներով։

Յաջողութի՛ւն նորընտիր ատենապետուհիին եւ իր վարչութեան։


Կեցցէ՛ ՌԱԿ-ը։

Կեցցէ՛ Արցախը։

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։


Դոկտ․ Մինաս Գոճայեան


HayLurUsa լրատվական ծառայության անձնակազմը ջերմորեն շնորհավորում է տիկին Թամար Փոլատեան-Փերոնին, մաղթում՝ արգասաբեր ծառայություն ի շահ մեր համայնքի ու ժողովրդի։

Comments


bottom of page