Դիմատետրի (ֆէյսպուք) մէջ հրատարակուած տեսանք փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ ԱԺԲ-ն դիմում կատարեր է ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուելու համար։ «Յայտնաբերողը» Կլենտէլի մէջ ապրողքաղաքագէտ-իրաւաբան Ռոբերտ Մարգարեանն է։ Ըստ այդ դիմումներու, «ԲԵՒԵՌ»ի գրանցման աշխատանքը կ՚իրակացնէ կամ իրականացուցեր է The Livingston Group-ը։ ԱԺԲ-ն, որ կուսակցութիւն չէ, այլ ժողովրդվարական շարժում, կը պայքարի ծայրայեղ ռուսամէտութեան դէմ, ռուս ժողովուրդի թշնամին չէ, այլ տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանը իր ճանկերուն մէջ բանտարկած վարչակարգ մը դէմ, որ բազմիցս յայտարարած է թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանական տարածք է։ Սա այն վարչակարգն է, որու լափամանէն օգտուողներու ոչ-արհամարհելի զանգուած մը իր ծառայութիւնները կը մատուցանէ «ռուս քեռիին»։
Բոլորը գիտեն, թէ ովքեր են այդ, այսպէս կոչուած՝ «հինգերորդ շարասիւնի» առաջնորդները, որոնց մէջ կան նախկին նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ, դասախօսներ, լրատուական ցանցեր եւ լրագրողներ, աւազակապետներ, սակաւապետներ (օլիկարխ), որոնք մեր հայրենիքի գրեթէ բոլոր աղբիւրները (ռեսուրս) սեփականացուցած ըլլալով նստած են մեր օրաւուր աղքատացող ժողովուրդի գլխուն։
ԱԺԲ-ն կը պայքարի ԱՅՍ կողոպտիչներու հովանաւոր ռուսական վարչակարգի դէմ, միւս կողմէն «ԲԵՒԵՌ»ը հաւատացած է որ ՀՀ-ն պէտք լաւ յարաբերութիւններ մշակէ Եւրոպայի, Քանատայի, Իրանի, Արաբական Արեւելքի եւ ԱՄՆ-ի հետ։ Այս իսկ պատճառով ԱԺԲ-ն յաճախ կը քարկոծեն, կը մեղադրեն, կը բանտարկեն կամ կ՚արգելափակեն անդամները, իսկ վերջերս ալ չարտօնեցին Սեֆիլեանին մեկնիլ ԱՄՆ (թէեւ օր մը ետք «հարցը» հարթուեցաւ շնորհիւ ուժեղ փաստաբաններու միջամտութեան)։ Մենք շատ լաւ գիտենք թէ ուրկէ կու գան այս հարուածները։ Մենք պատրաստ ենք համբերութեամբ դիմակայելու։
Խնդիրը հետեւեալն էր, ԱՄՆ-ի տարածքին գրանցումը նպատակայարմար նկատելով, «ԲԵՒԵՌ»ի ղեկավարները դիմեր էին «լոպպիիստական» հիմնարկի մը, որ զանազան տեսակի ծառայութիւններ մատուցած է այլ ազգերու, պետութիւններու եւ ընկերակցութիւններու, որոնց շարքին նաեւ մեր թշնամիներուն։ Եւ ահա՛ ոսկէ առիթը ներկայացած է ոմանց, որպէսզի սեւցնեն եւ ժողովուրդին «աչքից գցեն» ԱԺԲ-ն։
Նշուած հիմնարկը աւելի քան տասը տարի է ինչ Ո՛Չ ՄԷԿ ծառայութիւն մատուցած է Թուրքիոյ կառավարութեան, թէ ինչու՞, չենք գիտեր, բայց այդ նոյն Livingston Group-ը, ի հարկէ, ինչ որ սակի դիմաց կ՚աշխատի գրանցում ապահովել ԱԺԲ-ի համար։ Այսքա՛ն։
Փաստաթուղթերու հրատարակուելուն եւ դիմատետրի (ֆէյսպուք) մէջ յայտնուելուն պէս չարամիտներու եւ ռուսամէտների ջոկատ մը անցեր է «սեւացրէքեան» նենգամիտ աշխատանքի։
Ո՛Չ, ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՀԱՍՆԻՆ ԾԱԽՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐԸ ԵՒ ԱՄՕ՛Թ ԻՐԵՆՑ։
Դոկտ․ Մինաս Գոճայեան
Comments