![](https://static.wixstatic.com/media/353841_02e6eed5d74541a9814e4eade2431312~mv2.jpg/v1/fill/w_980,h_823,al_c,q_85,usm_0.66_1.00_0.01,enc_auto/353841_02e6eed5d74541a9814e4eade2431312~mv2.jpg)
23 դեկտեմբերի, 2023 թ․, շաբաթ օր ցնծուն եւ խանդավառ օր էր Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցի մէջ: Տօնական հագուստներ հագած աշակերտներ, ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր Մանուկ Յիսուսի ծննդեան օրը տօնելու համար, մոմեր բռնած մտան տաճար եւ ներկայ եղան աշակերներու համար պատրաստուած արարողութեան:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, արժանապատիւ Տ․ Սարգիս աւ. քահանայ Փեթոյեան սիրալիր խօսքերով դիմաւորեց դպրոցի սաները, ապա սկսաւ փոքրիկներուն հասկնալի եւ կատակախառն լեզուով բացատրել Յիսուսի ծննդեան իմաստը: Աշակերտները ընթերցումներով, տէր Սարգիսի հարցումներուն բարձրաձայն պատասխաններ տալով աշխոյժ մաս կազմեցին այս քարոզ-դաստիարակութեան:
![](https://static.wixstatic.com/media/353841_80855f35cb3640bea9e98f2caef2a4c5~mv2.jpg/v1/fill/w_335,h_426,al_c,q_80,enc_auto/353841_80855f35cb3640bea9e98f2caef2a4c5~mv2.jpg)
Ապա, աշակերտները բեմ ելան եւ երգի ուսուցչուհի Մարալ Քիւրտեանի առաջնորդութեամբ երգեցին <<Տէրունական աղօթք>>-ը եւ տօնական հոգեւոր երգեր: Աշակերտները հաղորդութիւն ստացան դպրոցի ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանի մենակատարած ընտիր շարականներու ստեղծած խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ:
Օրը երկրորոդ երանգ ստացաւ <<Տունայեանց>> սրահի մէջ: Հայկական նոր տարուայ ուրախ երգերով աշակերտները եւ հիւրերը լեցուցին սրահը: Ապա, բոլոր երեխաները բեմի վրայ ժպտադէմ երգեցին Կաղանդ Պապային, Ամանօրին, լուսաւոր եւ զարդարուած տօնածառին նուիրուած երգեր: Աշակերտները երգեցին նաեւ «Խաղաղ գիշեր» երգը, որուն խօսքերը կը պատկանին Լեւոն Շանթին, իսկ երաժշտութիւնը՝ Բարսեղ Կանաչեանին:
![](https://static.wixstatic.com/media/353841_9eca68567dbd4f3ba6a074afd6d3a5fb~mv2.jpg/v1/fill/w_569,h_331,al_c,q_80,enc_auto/353841_9eca68567dbd4f3ba6a074afd6d3a5fb~mv2.jpg)
Եւ հասաւ սպասուած պահը. Կաղանդ Պապան իր պղնձեայ ձեռնազանգակը հնչեցնելով, աւետելեով Նոր Տարին, ուրախութեան պոռչտուքներու մէջ մուտք գործեց սրահ: Ան փառաւորապէս բազմեցաւ իր գահի վրայ, բացատրեց, թէ Արարատի վրայ կուտակուած առատ ձիւնի պատճառով քիչ մը ուշացած է, ջերմ զրոյցներ ունեցաւ իւրաքանչիւր սանիկի հետ, ապա անոնց տուաւ սիրուն նուէրներ:
![](https://static.wixstatic.com/media/353841_f0d7933e647340e3aa862beb05823722~mv2.jpg/v1/fill/w_980,h_1307,al_c,q_85,usm_0.66_1.00_0.01,enc_auto/353841_f0d7933e647340e3aa862beb05823722~mv2.jpg)
Այս բացառիկ յայտագիրը աւարտեցաւ ախորժաբեր սեղանի շուրջ, ու զարդարուած էր դպրոցի մայրերու կողմէ բերուած հայկական աւանդական ճաշատեսակներով:
«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը կը շնորհաւորէ Նոր Տարին, բոլորին մաղթելով խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն:
![](https://static.wixstatic.com/media/353841_9adbaafa49224713a5270b5fe74e76ef~mv2.jpg/v1/fill/w_980,h_1368,al_c,q_85,usm_0.66_1.00_0.01,enc_auto/353841_9adbaafa49224713a5270b5fe74e76ef~mv2.jpg)
Հաղորդագրութիւն՝ դպրոցէն
Comments