Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքի հայորդիներուն հայեցի դաստիարակութիւն տուող «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը 19 Մայիս Կիրակի յետմիջօրէին ցնծուն յայտագիրով մը աւարտեց իր դպրոցական տարին: Յայտագրին ներկայ էին ծնողներ, հիւրեր, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, արժանապատիւ տէր Սարգիս աւ. քհնյ. Փեթոյեանը, Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու հոգեւոր տեսուչ, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույանը եւ Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանը: Յայտագիրը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակներուն:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգի եւ հայ աշակերտի ուխտի կատարումներով: Ապա բեմ եկան մանկապարտէզի սանիկները: Անոնք ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի, կամաւոր երիտասարդուհիներ Էլեն Վարդանեանի եւ Տերեւ Տատուրեանի առաջնորդութեամբ երգեցին մայրերու նուիրուած երգ մը, հիւրերուն նուիրուած քողտրիկ ոտանաւոր մը եւ հայկական պար մը, զոր կոչած էին՝ «Մեր բակի մանկա-պարը»:
Ապա, խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը: Ան նախ ջերմ բառերով շնորհաւորեց փոքրիկները եւ յետոյ տուաւ իր օրուայ խօսքը: «Վերջին զանգ, նոր սկիզբներ» անունը կրող խօսքի մէջ ան ըսաւ, թէ այն զանգը, որ պիտի հնչէ, վերջակէտ մը չէ, այլ՝ ձայնն է ապագայ աշխատանքներու, աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործելու, այդ զանգը կանչն է հայրենիքի եւ հայկական ինքնութեան: Այս զիլ եւ քաղցր ձայնն է, որ բոլորիս համախմբած է ու բոլորիս կը փոխադրէ ուրիշ աշխարհ մը, որ թանկագին եւ սրբազան է սփիւռքահայու համար»: Տնօրէն Ն. Տատուրեանը ապա ներկայացուց օրուան հիւրերը եւ ըսաւ, թէ Առաջնորդարանը իր աւարտական փուլին հասած ուսումնական ծրագիր մը եւ մօտ օրէն գաղութիս պիտի յայտարարէ իր հովանիին տակ գտնուող 20 շաբաթօրեայ վարժարաններուն վերաբերող մեծ աւետիս մը:
Յաջորդ կատարումի համար բեմ եկաւ դպրոցի կամաւորներէն, 7-րդ դասարանի աշակերտուհի Տերեւ Տատուրեանը: Երիտասարդուհին արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն» գերթուածը, բոլրին ներշնչելով եւ փոխադրելով Լոռի:
Հայկական լեռնաշխարհը եւ գեղջկական կեանքը թատերական պատկերով մը ներկայացուցին ուսուցչուհիներ Մարալ Դաւիթեանի եւ Ազնիւ Սէրայտարեանի աշակերտները: Անոնք հայկական տարազներ հագած՝ բեմի վրայ ստեղծեցին պապենական տան մը առտնին տեսարանը: Այդ պատկերի մէջ աշակերտները արտասանեցին «Ո՞րն է, բաբօ» ոտանաւորը, ուր պատանի Անդրանիկ Գամանճեանն դարձաւ «բաբօ» մը: Անոնք խաղի մէջ նաեւ երգեցին «Հայերէն երգենք» ուրախ երգը: Նոյն դասարանէն Արէնի Չօպանգրիգորեանը եւ Արէն Գրիգորը ներկաներուն ծիծաղ տուին իրենց վարպետօրէն կատարած զաւեշտական երկխօսութեամբ:
Աւագ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան պատմա-թատերական պատկերով մը: 11-14 տարեկանները բեմադրեցին 14-րդ դարուն Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքի մէջ ապրած «հմուտ գրագիր» Ալիծ իշխանուհիի կեանքէն առնուած ծիծաղաշարժ դրուագ մը, ուր իշխանուհին իրեն չափ գեղեցիկ ձեռագիր ունեցող տղու մը հետ ամուսնանալ կը փափաքէր, պահանչելով, որ «Ծայրը Ձ-ին, ծակը Ծ-ին թող նմանի գիրն Ալիծին»: Խաղի աւարտին աւագ դասարանէն Անճելինա եւ Նաթալիա Մանճիկեան քոյրերը քնքշօրէն արտասանեցին Թումանեանի «Ախ, ի՜նչ լաւ են» հովուերգական քերթուածը:
Հանդէսի վերջին բաժինը խմբային երգերն էին: Աշակերտները, դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի առաջնորդութեամբ, ժիր ձայնով կատարեցին Կոմիտասէ երեք երգ. «Անձրեւն եկաւ-Խնկի ծառ», «Կաքաւիկ» եւ «Էսօր Ուրբաթ է, պաս է»: Ապա, որպէս հրաժեշտի երգ պայծառ օրեր մաղթելով բոլորին՝ ժպտադէմ երգեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Գարնանային իմ երազ» երգը եւ ըսին. «Ծաղկածիծաղ իմ գարուն, գարուն, / Գարնանային իմ երազ, / Ուրախութիւն վարարուն»:
Եւ եկաւ դպրոցական տարեշրջանի ամենէն յուզիչ պահը՝ լսել վերջին զանգի ձայնը: Ուսուցչական կազմը դպրոցի պղնձեայ ձեռնազանգակը վերջին անգամ հնչեցնելու պատիւը եւ ուրախութիւնը շնորհած էր դպրոցի աւագ կամաւոր, երիտասարդուհի Էլեն Վարդանեանին, որ աւարտած ըլլալով երկրորդական վարժարանը կը պատրաստուի համալսարան երթալ:
Յայտագրի վերջաւորութեան իրենց սրտի խօսքերը տուին հիւր ներկաները: Տէր Սարգիսը ըսաւ. «Այսօր Հոգեգալուստ է: Ես զգացի, որ սուրբ հոգին այսօր այս սրահի մէջ էր եւ այս փոքրիկներու բերանով խօսեցաւ մեզի»: Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ գնահատեց հայկական ինքնութեան հանդէպ բոլորին ցոյց տուած նախանձախնդրութեան գերագոյն օրինակը: Ան ըսաւ նաեւ, թէ առաջնորդարանն ալ արդէն իր մշակուած ծրագիրը ունի շաբաթօրեայ դպրոցները Քալիֆորնիոյ նահանգի լաւագոյն կրթական հաստատութիւնները դարձնելու հեռանկարով: Յովհաննէս սարկաւագը ըսաւ. «Ես այսօր «Փեթակ»ի մէջ լսեցի 40 աշխատասէր, ժիր մեղուներու բզզիւնը եւ վայելեցի անոնց արտադրած քաղցր մեղրը, որ իրենց հայկական ձայնն էր, ասմունքն էր եւ երգն էր»: Ան յոյս յայտնեց, նաեւ որ «Յաջորդ տարի մեղրը վայելողները աւելի շատ ըլլան»:
Հանդէսն իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեցին հիւրասիրութիւն եւ ընտանեկան սիրալիր զրոյցներ:
4-14 տարեկան հայորդիներուն հայեցի դաստիարակութիւն տուող դպրոցի վերամուտը տեղի կ’ունենայ 7 Սեպտեմբեր 2024, Շաբաթ օր: Արձանագրութեան կամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար հեռաձայնել (1626) 660 9443, կամ գրել saturdayschool@stgpas.com հասցէին:
Նորայր Տատուրեան
Comentários