top of page

Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Փեթակ» Շաբաթօրեայ Դպրոցը Տօնեց Վարդանանց Տօնը


17 փետրուար, 2024 շաբաթ օր, Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ մեծ շուքով տօնեց Վարդանանց Տօնը:

Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը ներկայացուց օրուան իմաստը, խորհուրդը, ապա յայտագրին ուրուագիծը:

2-րդ, 3-րդ եւ Աւագ կարգի աշակերնտերը, ուսուցչուհիներ Ազնիւ Սէրայտարեանի եւ Մարալ Դաւիթեանի առաջնորդութեամբ բեմի վրայ արտասանեցին Վարդան Մամիկոնեանին եւ իր զինուորներուն նուիրուած ոտանաւորներ, հնչեցուցին «Հայ աշակերտին ուխտը», լիաթոք երգեցին օրուան յատուկ երգեր, ինչպէս նաեւ «Անուշ Հայրենիք» հայրենասիրական երգը:


Օր. Ազնիւ Սէրայտարեանը սահիկներու ցուցադրութեամբ, պատկերաւոր ձեւով եւ փոքրիկներուն հասկնալի պարզունակ լեզուով ներկայացուց Աւարայրի ճակատամարտը եւ այդ պատերազմի հետ յիշուող պատմական դէմքերը. Վարդան Մաիկոնեանը, Ղեւոնդ Երէցը, Եղիշէ Պատմիչը, պարսկական պատերազմիկ փիղերը եւ այլն:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին Աւարայրի ճակատամարտի գծագրական նոր, կարճատեւ շարժանկար մը, որ նախատեսուած էր դպրոցականներու համար: Փոքրիկներու, ինչպէս նաեւ չափահասերու համար անկասկած, եզակի փորձառութիւն էր, որ անոնք արեւմտահայերէն շարժանկար մը դիտեցին:

Ապա յոտնկայս ծափողջիւններով, հանդիսապէս, զինուորներու յատուկ համաչափ քայլերով սրահ մուտք գործեցին մանկապարտէզի աշակերտները: Անոնց հանդիսասրահ մուտքը ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն պարգեւեց հպարտութիւն: Սանիկները իրենց համակրելի կեցուածքով ստեղծեցին ցնծուն մթնոլորտ:

Իւրաքանչիւր 4-6 տարեկան տղայ եւ աղջնակ սուրով, վահանով, խաչով եւ թաւշակարմիր շրջազգեստով դարձեր էր Վարդան մը կամ հայոց իշխանուհի մը: Անոնք մանկապարտիզպանուհի Օր. Անի Մարսէլեանի եւ դասարանի երիտասարդ օգնականուհի Օր. Էլեն Վարդանեանի առաջնորդութեամբ, ոգեւոր շունչով արտասանեցին ոտանաւորներ եւ երգեր:

Ապա ամբողջ սրահը միաբերան երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը եւ Տէրունական աղօթքը ու հանդէսը հասաւ իր աւարտին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 4-14 տարեկան հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն, թէ կը սորվեցնէ հայոց լեզուն եւ թէ՝ ազգային եւ հոգեւոր ճոխ ձեռնարկներու միջոցով կը կերտէ հայկական ինքնութիւն: Դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է:

Պատգամ ձգել՝ 1626 660 9443, գրել՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com


Թղթակից

Comments


bottom of page