top of page

Փասատենա քաղաքի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը նշեց Վարդանանց տօնը


Հարաւային Քալիֆորնիոյ Փասատենա հայահոծ քաղաքի շաբաթօրեայ վարժարանի յատուկ եւ յիշատակելի օրն էր 25 Փետրուար 2023, Շաբաթ օրը: Կէսօրին, բազմաթիւ ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներէ ժամանած հիւրեր եւ համակիրներ իրենց ջերմ բարեւներով ու զրոյցներով սկսան լեցնել եռագոյնով եւ Վարդանանց ճակատամարտի նուրիրուած նկարներով զարդարուած Տունայեանց սրահը՝ իրենց սիրելի փոքրիկ զաւակները կամ թոռները բեմի վրայ տեսնելու ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը վայելելու համար:


3 տարեկան «Վարդանը»


Ռազմաշունչ ճշգրտութեամբ եւ համաչափ շարժումներով նախ բեմ բարձրացան մանկապարտէզի սանիկները: Անոնք կը հետեւէին իրենց ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի եւ օգնականուհի Էլեն Վարդանեանի աջ ու ձախ քայլերը: Փոքրիկներու տողանցքը սրահի մէջ ստեղծեց հիացումի պահեր: Անոնք ժիր ձայնով արտասանեցին Քաջ Վարդանի նուիրուած ոտանաւորներ ու երգեցին Վարդանանց հերոսներու նուիրուած երգ մը: 3 տարեկան Հայկը հպարտ էր, որ ի՛նքը, օրուան հերոսի՝ Քաջ Վարդանի մարմնացումն էր:


«Քաջ Վարդանանց տօնն է այսօր»


Յաջորդաբար բեմ եկան Բ., Գ. եւ աւագ դասարաններու աշակերտները: Անոնք, ուսուցչուհի Մարալ Դաւիթեանի առաջնորդութեամբ արտասանեցին Վարդանանց հերոսներուն եւ ոգիին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, ինչպէս՝ «Քաջ Վարդանանց տօնն է այսօր» եւ «Աւարայրի դաշտը ներկեց արիւնդ»:


Մահը մեզի չեկաւ, մենք մահուան գացինք:


Ձեռնարկին պատգամախօսն էր դպրոցի ուսուցչուհիներէն Ազնիւ Սէրայտարեանը: Ան Վարդանանց ճակատամարտի նուիրուած տասնեակ մը սահիկներու ցուցադրութեան ընթացքով փոխանձեց 451-ի խորհուրդը եւ նշանակութիւնը: Ան աշակերտներուն համար պարզ ու համեստ լեզուով մը մեկնաբանեց «Վարդանանց - Ազգային գոյատեւում - Ինքնութիւն» անքակտելի կապը: Մէկ այլ սահիկի վրայ յայտնուած «Մահ ո՛չ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» խօսքը բացատրեց հետեւեալ ձեւով. «Մահը այդ հերոսներուն չեկաւ, անոնք գացին մահուան: Անմահութիւն է մէկի զոհողութիւնը բոլոի համար, գիտակցելով, թէ մահով պիտի պսակուի սրբազան որոշումը՝ ստանալ վերջին հաղորդութիւնը, պայքարիլ ու նահատակուիլ»:


«Թող միշտ պանծայ Հայաստան»


Յայտագրի աւարտին դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը իրենց ոգեշունչ կատարումներուն համար բոլոր աշակերտները շնորհաւորեց: Ան նաեւ ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսակարկ հաւատարմութեան համար: Ապա ամբողջ սրահը, տնօրէնի հրաւէրով միաբերան երգեց Տէրունական աղօթքը, Հայաստանի քայլերգը (օրհներգը) եւ «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» երգը:


Թղթակից

Comments


bottom of page