Փասատենա քաղաքի «Փեթակ» հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի սաները «հնչեղ» յայտագիրով մը տօնեցին հայկական մշակոյթի օրը:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ <<Փեթակ>> շաբաթօրեայ դպրոցը հոկտեմբերի 28-ին 2023թ․, շաբաթ միջօրէին իւրայատուկ եւ խնադավառ յայտագիրով մը տօնեց հայկական մշակոյթի օրը: Այդ օր դպրոցի աշակերտները, ծնողները, մեծհայրերն ու մեծմայրերը վայելեցին երաժշտաբան Արիկ Գէւորգեանի հրապուրիչ ներկայացումը:
Հայկական մշակոյթի օրուան տօնակատարութիւնը եղած է <<Փեթակ>> դպրոցի ամենէն ցնծուն օրերէն մէկը: Իսկ այս տարի, որպէսզի հայկական մշակոյթը աշակերտներուն համար դառնայ աւելի շօշափելի եւ «հնչեղ»՝ դպրոցը հրաւիրած էր երաժշտաբան, երաժիշտ եւ մանկավարժ Արիկ Գէւորգեանը:
Հիւր դասախօսը դպրոցի հանդիսասրահի մէջ նախ ցուցադրեց 20-ի չափ հայկական աւանդական նուագարաններ: Ան ծանօթացուց երաժշտական բոլոր գործիքները, նուագեց զանոնք, ապա փոքրիկներուն հասկնալի, խանդավառ եւ կատակախառն լեզուով բացատրութիւններ տուաւ անոնց պատմութեան եւ շինութեան մասին:
Արիկ Գէւորգեանը նուագելով ծիրանափողը, պկուն, պարկապզուկը, շուին, տհոլը եւ այլ տոհմիկ գործիքները, երգեց հայկական ժողովրդական եւ մանկական երգեր եւ իր ունկնդիրներուն բացատրեց հայկական ազգային երգի նկարագիրը եւ իւրայատկութիւնները:
Հիւր երաժիշտը, որ նաեւ երաժշտական մարդաբան է (musical anthropologist) կատարեց հայկական երաժշտութեան եւ հայկական ինքնութեան յարաբերութեան մասին զարմանալի բացայայտումներ: Ան բացատրեց, թէ ինչպէս հայկական բուսականութիւնը, կրօնքը, հեթանոսական եւ քրիստոնէական հաւատալիքները ազդած են հայկական երաժշտութեան եւ երաժշտական գործիքներու վրայ: Այսպէս, ան բացատրեց, թէ ծիրանի ծառի առատ ներկայութիւնը հայկական լեռնաշխարհի վրայ՝ ծնունդ տուած է ծիրանափողի, իսկ եղջերաւոր անասուններու ներկայութիւնը՝ պկու փողային նուագարանի: Իսկ մէկ այլ բացայայտութիւն զարմացուց բոլոր ունկնդիրները: Աքորտէոնը, ըսաւ ան, ռումինահայ արմատներ ունեցող վիեննաբնակ երաժիշտ եւ երաժշտական գործիքներ արտադրող մասնագէտ Կիւրեղ Դէմեանի (Cyrill Demian, 1772–1849) հնարքն է: Ան 1829 թուականին շինած է առաջին աքորտէոնը եւ նոյն տարին ստացած է անոր առաջին վկայագիրը եւ արտօնագիրը (patent):
Արիկ Գէւորգեանը աշակերտներուն յորդորեց, թէ բոլորը տէր կանգնին հայկական տոհմիկ նուագարանին, տան մէջ պահեն եւ նուագեն մէկը եւ սա է հայկական ինքնութեան ամենէն հեշտալուր արտայայտութիւնը:
Արիկ Գէւորգեանը ապա յայտարարեց, թէ հասած է յայտագրի «հնչեղ» ժամը: Ան թոյլ տուաւ, որ փոքրիկները մերձենան նուագարաններուն, շօշափեն զանոնք, նոյնիսկ՝ նուագելու փորձեր կատարեն: Այսպէս, ամէն աշակերտ ըստ իր հետաքրքրութեան հարուածեց նուագարան մը, ձայն եւ կենդանութիւն տուաւ անոր:
Փեթակ հայկական շաբաթօրեայ դպրոցը երեքէն 15 տարեկան հայորդիներուն հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ: Դպրոցը լեզուի կանոնաւոր ուսուցումի քով ունի նաեւ հայկական երգի, պարի եւ թատրոնի դասաժամեր:
Դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է:
Կապ՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com եւ (1626) 660 9443 (ժամը 5էն յետոյ):
Հաղորդագրութիւն՝ դպրոցէն
Comments