Այցելութիւն Յայտնի Մտաւորական, Գրող ու Հեղինակ՝ Արամ Սեփեթճեանի կնոջ՝ Մելինէին
Մտաւորականութիւնը միշտ ալ եղած է Ռ.Ա.Կ.-ի հպարտութիւնը, իր տեսլապաշտ, արժանապաշտ ու հոգեպաշտ հեղինակութիւններով, որոնք փառք ու պատիւ հանդիսացած են հայ ժողովուրդին համար: Ռ.Ա.Կ.-ը բախտաւորութիւնը ունեցած է, որ իր ծնունդէն սկսեալ, միշտ վայելած է մտաւորականներու ամբողջ փաղանգները, իրենց գաղափարական, հրապարակագրական, խմբագրական ու կրթական հնոցներով: Վստահաբար, այդ է պատճառը, որ ան կրցած է սերունդներ դաստիարակել, առաջնորդել ու կոփել, ազգային խոր գիտակցութեամբ եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ: Հաւատարիմ իր այդ ուղղութեան, յիշելու եւ յիշատակագրելու իր մտաւորականներէն անոնք, որոնք կարեւոր ժառանգութեան տէր են եւ արժանի են համապատասխան վերաբերմունքի ու գնահատանքի, թէկուզ յետ մահու, Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, 25 Փետրուար 2023-ին, այցելութիւն մը տուաւ Ռ.Ա.Կ.-ի կարկառուն մտաւորականներէն՝ գրող, խմբագիր, հայ գիրի ու գրականութեան կրող, հասարակական գործիչ՝ ընկ. Արամ Սեփեթճեանի ընտանիքին, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ, տիկնոջ՝ Մելինէին, փեսային եւ աղջկան՝ Տոքթ.Շահէ եւ Հուրի Փարթամեաններու կողմէ: Հանդիպումը, իրօք, յուզական ու քաջալերական էր, մէկ կողմէն՝ վերյիշելով ընկեր Արամին բացակայութիւնը մեր իրականութենէն ներս, միւս կողմէն ալ՝ վերապրելով անոր մտերմութիւնը: Բոլորին համար, յստակ ու պարզ էր, ընկ.Արամին նուիրումն ու ծառայութիւնը իր գաղափարական դպրոցին, իր բերքարատ գրականութեան բարեմասնութիւններով, իր հրապարակագրական ու խմբագրական ճոխ վաստակով եւ առհասարակ իր աշխոյժ ներկայութեամբ, ոչ միայն սփիւռքահայ կեանքին, այլեւ՝ հայրենական շրջանակներուն մէջ: Ընկ.Արամ քիչ մը ամէն տեղ էր, լիբանանահայ համայնքէն, Սփիւռքի այլ գաղութներէն ու Հայաստանէն ներս, ուր հանդէս կու գար ելոյթներով, ներկայ կ'ըլլար խորհրդակցութիւններու ու կը հրաւիրուէր խորհրդաժողովներու, արժանանալով մեծարանքի ու պատուոգիրերու: Յատկապէս իր գրականութիւնը ինքնատիպ էր եւ իւրայատուկ, իրապաշտական խորքով ու թեքումներով, թէեւ անոր մէջ, երբեմն, նշմարելի էր զուտ Արամական զգստականութեամբ շունչ մը, ուր կը շեշտուէր իր արձակագիրի ինքնութիւնը եւ արձակագրութեան առանձնայատկութիւնը: Զրոյցը այնքան անմիջական ու սրտամօտիկ էր, որ ընկ.Արամին կրտսեր գաղափարակիցները, բոլորն ալ «բան մը» ունէին անոր մասին պատմելու, յիշելու կամ արձագանգելու, որովհետեւ ինք գրեթէ ամէնօրեայ կապի մէջ էր իր միտքի ու գրիչի զրուցակիցներուն հետ, հոն՝ ուր կար ազգային հարց, գրական քննարկում, լիբանանեան տագնապ, հայրենական հրատապութիւն, միշտ ունենալով տեսակէտ, մեկնաբանութիւն կամ վերլուծութիւն: Ընկ.Արամին ընտանեկան հարազատները այս այցելութիւնը նկատեցին շնորհակալական եւ երախտագիտական օրինակելի նախաձեռնութիւն մը, հանդէպ իրենց սիրեցեալը եւ ընդհանրապէս այն բոլորը, որոնք արժանի են նման արժեւորման: Ատենապետ ընկ.Տագէսեան, իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց այս սրտբաց ընդունելութեան համար, զայն նկատելով գաղափարական յարգամեծարութեան ազնիւ պարտականութիւն մը, բոլորին ցանկալով առողջութեան եւ արեւշատութեան լաւագոյն մաղթանքներ:
Վիգէն Թոսունեան
Կենսագրական գծեր
Արամ Սեփեթճեան ծնած է 22 Փետրուար 1934 թուականին, Ալէքսանտրէթ, Կիլիկիա (այժմ՝ Թուրքիա)։ 1938-ին ծնողաց հետ տեղափոխուած է Պէյրութ, Լիբանան։ Նախակրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Ս. Քառասուն Մանկանց վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանին եւ Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին մէջ։
Աւարտած է Պէյրութի École Technical de Commerce-ի ճարտարագիտական գնահատիչի (cost engineer) ճիւղը։ Ճարտարագիտութեան մէջ վկայական կը ստանայ Լոնտոնէն (հեռակայ ուսմամբ): Անդամ է Լոնտոնի Architects & surveyors institute-ին։ Մասնագիտութեամբ՝ ճարտարապետական գնահատիչ: Հետեւած է նաեւ լրագրութեան եւ նորավիպագրութեան (short story writing)։
1967-ին Պէյրութի մէջ կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը, ամուսնանալով ՀԲԸՄ-ի նախկին Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի դասընկերուհիներէն Մելինէի հետ։ Կը բախտաւորուի երեք զաւակներով։
Իր ասպարէզի բերումով յաճախ ճամբորդած է Սէուտական Արաբիա, Նիժերիա, Միացեալ Նահանգներ (1986), Ապու Տապի (1988-1992) եւլն։
Արամ Սեփեթճեան սեփականատէր՝ ՍԻՓԱՆ հրատարակչատան: Իր գործին առընթեր կը ստանձնէ գրա-հրատարակչական գործունէութիւն մը. հիմնած է Սիփան գրա-հրատարակչատունը, անձնական միջոցներով։
Արամ Սեփեթճեան աշխատակցած է սփիւռքի եւ հայրենի գրական մամուլին:
Աշխատակցած է Պայքար օրաթերթին, «Արմէն Հրաչ» գրչանունով։
Արամ Սեփեթճեան որպէս գրականութեան ուսուցիչ եւ առաջնորդ ունեցած է Վահէ Վահեանը։ 1951-ին՝ Պոսթըն ի (ԱՄՆ) Պայքար թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Արամ Սեփեթճեանի առաջին պատմուածքը:
Հրատարակած գրական երկերն են.-
Անլոյս Գիշերներ [Lightless Nights], պատմուածքներ (1964),
Կեանքի Կարօտով [Longing for Life], պատմուածքներ (1969),
Ողջակէզ [Holocaust], վիպակ (1978)
Ես Սեւ Եմ, Բայց Գեղեցիկ [I'm black, but beautifu], վիպակ (1985).
Հող եւ Մորմոք [Land and Grief], Ժողովածու,(2001) Երեւան:
Բանաստեղծութիւնը Տագնապի Ընդմէջէն, Գրականագիտական (2009),
Գրական Հանդիպումներ, Գրականագիտական.- (2014)
Ժամանակայոյզ Խոհեր, Հրապարակագրական (2005)
Ձայներ Լռութեան Մէջ,Հրապարակագրական (2014)
Արաբերէն լեզուով՝ Ողջակէզի թարգմանութիւնը Ազ-զապիհա(Արաբ.الذبيحة)(2014):
Նորավիպագիրի թէքնիքին տիրացած՝ վարպետ արձակագիր մըն է Արամ Սեփեթճեան։ Լաւ ուսումնասիրած մարդոց հոգեբանութիւնը, իրապաշտօրէն ցոյց կու տայ անոնց նկարագրի տկար կողմերը։ Գիտէ շահեկան դէպքերով եւ սրտառուչ նկարագրութիւններով հրապուրիչ դարձնել իր նիւթը, որ քաղուած է իրական կեանքէ։ Իր գրութիւնները օժտուած են սահուն եւ գունագեղ ոճով մը։
Արամ Սեփեթճեան Հայաստան գտնուած է բազմաթիւ անգամներ։
1986-ին հրաւիրուած է մասնակցելու համար Հայաստանի Գրողներու 9րդ համագումարին.
1989-ին՝ Շիրակ-ի հիմնադրութեան 30րդ տարեդարձի հանդիսութեան, եւ Եղիշէ Չարենցի 90-ամեակի առթիւ։
1996-էն՝ Արամ Սեփեթճեան անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան:
Մասնակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան 9րդ համագումարին եւ ՀԳՄի գրական երկամեայ համաժողովներուն (2002-էն 2014):
2014-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան մէջ նշուեցաւ Արամ Սեփեթճեանի ծննդեան 80-ամեակը:
Comments