23 Մարտ 2024 թ․, շաբաթ Փասատենա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ <<Փեթակ>> շաբաթօրեայ վարժարանը մեծ ցնծութեամբ տօնեց Յարութեան տօնը: Այդ օր դպրոցի սաներու, ծնողներու, եւ հիւրերու մեծ բազմութիւնը աղօթքով, երգով, խաղով ու պարով դիմաւորեցին Ս. Զատիկը:
Սպասեր էին 40 օր
<<Փեթակ>> դպրոցի մէջ Ս. Յարութեան տօնը նշելու պատրաստութիւնները սկսան 40 օր առաջ՝ Բարեկենդանի շաբաթը: Դպրոցի սանիկները նախ սորվեցան, թէ ի՛նչ պիտի տօնեն, եւ ստացան իրենց տարիքի համապատասխան, պարզունակ հոգեւոր դաստիարակութիւն: Այդ ժամանակաշրջանին աշակերտները սորվեցան նաեւ Ս. Յարութեան պատշաճ հոգեւոր երգեր, ինչպէս՝ «Սուրբ Աստուած»-ի Յարութեան տարբերակը: Աշակերտները նաեւ սորվեցան գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական, աշխարհիկ երգեր: Իսկ դպրոցի երկու օգնական պատանուհիները սերտեցին Զղջումի (խոստովանանք) աշխարհաբար հայերէն լիակատար ընթերցանութիւնը:
Հաղորդուեցանք Քրիստոսի հետ
Տօնակատարութեան հոգեւոր բաժինը տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները վառեցին մոմեր, բեմի վրայ ոգեւորութեամբ երգեցին իրենց պատրաստած հոգեւոր երգերը, ապա ամբողջ սրահը միաբերան երգեց Տէրունական աղօթքը: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեանը տուաւ իր աւանդական պատկերաւոր, դիւրըմբռնելի պատգամը: Ան աշակերտներուն բացատրեց, թէ եթէ մէկը ստացեր է ապրանք կամ ծառայութիւն, պէտք է որ փոխհատուցէ զայն: Հետեւաբար, պէտք չէ ուրիշին պարտական մնալ: Նոյնպէս, ըսաւ տէր Սարգիսը, մենք կեանք ստացեր ենք հայր Աստուծմէ, ապա հարցուց. ինչպէ՞ս փոխհատուցել այս պարգեւը: Աշակերտները պատասխանեցին, որ պէտք է ապրիլ Քրիստոսի հետ եւ հաւատարիմ մնալ անոր պատուիրաններուն: Ապա, դպրոցի կամաւոր օժանդակուհիներ Էլէն Վարդանեանը եւ Տերեւ Տատուրեանը ընթերցեցին Զղջումի աշխարհաբար լիակատար գրուածքը, որմէ յետոյ բոլոր աշակերտները եւ ներկաները ստացան սուրբ Հաղորդութիւնը: Այդ միջոցին, դպրոցի ուսուցչուհի՝ հոգեւոր երգերու կատարող Ազնիւ Սէրայտարեանը մեներգեց Գովեա՛ Երուսաղէմը եւ այլ շարականներ:
Զատիկը ոստոստելով եկաւ
Օրուան աշխարհիկ բաժինը տեղի ունեցաւ եկեղեցապատկան համալիրի Տունայեանց սրահի մէջ: Մանկապարտէզի սանիկները իրենց ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի առաջնորդութեամբ երգեցին գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական զուարթ երգեր եւ արտասանեցին ոտանաւորներ: Ապա, ոստոստելով եւ պարելով սրահ մտաւ գարնան ջերմ օրերը աւետող «նապաստակ քոյրիկը»՝ բոլորին ծիծաղեցնելով եւ զարմանք պատճառելով: Այս համակրելի հիւրը աշակերտներուն բաժնեց գոյնզգոյն հաւկիթներ, պարեց անոնց հետ եւ հրաւիրեց որ անոնք իր գիրկը նստած լուսանկարուին:
Յայտագիրը աւարտեցաւ ընտանեկան սիրալիր զրոյցներով, որ տեղի կ’ունենար ծնողներու կողմէ նուիրաբերուած ախորժաբեր սեղանի շուրջ:
<<Փեթակ>> դպրոցի աշակերտները այժմ կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, Համբարձման տօնին եւ տարեվերջի հանդէսին:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ <<Փեթակ>> շաբաթօրեայ դպրոցը 4-14 տարեկան հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն, թէ՛ կը սորվեցնէ հայոց լեզուն եւ թէ՝ ազգային եւ հոգեւոր ձեռնարկներու միջոցով կը կերտէ հայկական ինքնութիւն: Դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է:
Պատգամ ձգել՝ 1626 660 9443, գրել՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com
Հաղորդագրութիւն՝ դպրոցէն
コメント