top of page

21 սեպտեմբերի նշումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցի մէջ


Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը գեղարուեստական յայտագիրով մը նշեց 21 սեպտեմբերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ ամեակը:

23 սեպտեմբեր, 2023թ․, շաբաթ օր, Փասատենա քաղաքի «Փեթակ» հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը նուազեցուած, հայութեան ներկայ տրամադրութիւններուն համապատասխան ծրագիրով մը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը:

Այդ օր ժամը ուղիղ 12-ին, սրահի մէջ հաւաքուեցան բազմաթիւ ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր: Հանդիսատես բոլոր հիւրերը, ըստ երեւոյթին, պէտք ունէին միասնականութեան այդ ոյժին, այդ սրահի մէջ ներկայ ըլլալու եւ զգացեր էին մէկ այլ հայու ներկայութիւնը զգալու անհրաժեշտութիւնը:

Յայտագիրը սկսաւ դպրոցի տնօրէն Պրն. Նորայր Տատուրեանի բացման միտքերով: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ․ «Այս տարի չկայ քաղձր կարկանդակ, չկան ցնծուն փուչիկներ, քանզի նուազեցուած է յայտագիրը, սակայն, - շարունակեց դպրոցի տնօրէնը,- ան չէ արժէզրկուած, աւելին՝ իր նոր ձեւով ան դարձած է աւելի խոր եւ իմաստալից»:

Ն. Տատուրեան նկատել տուաւ. «Այսօր Հայութիւնը կը հարկադրուի իր սրբազնագոյն հպարտութիւնը՝ անկախութիւնը՝ իր պատմութեան ամենէն սեւ, շփօթ եւ անհաստատ օրուայ հետ միեւնոյն օրը նշելու: Ծանր է ընդունիլ եւ համակերպիլ այս վիճակին: Սակայն, փոխանակ չեղարկելու ամբողջ յայտագիրը, ուսուցչական կազմս որոշեց նշել անկախութիւնը, հրաւիրել աւելի մեծ թիւով հիւրեր, լսել փոքրիկներու բարի եւ Աստուածային ձայնը, քանզի միասնականութիւնը իր մէջ կը պարունակէ ոյժ, բան մը որուն պէտք ունինք աւելի քան երբէք: Առաւելաբար, հայ աշակերտը պէտք ունի հայրենասիրական սնունդին եւ հայկական դպրոցի պարտականութիւնն է իրեն վստահուած հայորդիներուն սորվեցնել, թէ հայու սրբազնագոյն արժէքն է՝ պետականութիւնը, անկախութիւնը:

Այս խօսքէն ետք սկսաւ յայտագրիը. տեսողական նիւթերու ցուցադրութիւն, երգեր եւ արտասանութիւններ: Ներկաները դիտեցին Ազգային Խորհրդարանի մէջ Հայաստանի Հապրապետութեան անկախութեան հռչակումը, որ 1991 թուականին հեռատեսիլէն արձակուած կենդանի հաղորդում էր: Սահիկներու ցուցադրութեան մէջ աշակերտները դիտեցին Հայաստանի պետական եւ ազգային բոլոր խորհրդանշանները եւ ուսուցիչներէն լսեցին անոնց իմաստը, ապա աշակերտները արտասանեցին ոգեշնչող ոտանաւորներ: Դպրոցի դաստիարակ կամաւորուհին բեմ եկաւ ու ժամանակի պարտադրած խոհունութեամբ արտասանեց Արտաշէս Ղազարեանի այն քերթուածը, որ կարծես, թէ գրի է առնուած մերօրեայ հոգեվիճակը այտայայտելու համար.

«Սա այն երկիրն է, որ կորցրել ենք:

Սա այն երկիրն է, որ նորից գտանք»:

Ապա այդ երիտասարդ աղջնակն ինքն իրեն եւ ամբողջ սրահը խոր յուզումի մատնելով աւարտեց բանաստեղծութիւնը.

«Սա այն երկիրն է, որ կորցրել ենք, երկիրն այն, որ մենք փնտրեցինք երկար:

Սա այն երկիրն է, ուր մեր անցեալը յաւերժից յառնում, դառնում է ներկայ»:

Ապա, դպրոցի աշակերտները, իրենց երգի ուսուցչուհիի ղեկավարութեամբ՝ եռանդով երգեցին հայրենասիրական երգեր:

Յայտագիրն աւարտուեց Տէրունական աղօթքով՝ աղերսելով, որ հայոց պետականութիւնը մնայ ամուր եւ անսասան:

- «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը կը շարունակէ աշակերտներ արձանագրել: Դիմումի համար հեռ.՝ (626) 660 9443, էլ․ նամակ՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com


Թղթակից

Comments


bottom of page