top of page

Շուրիշկանի Աւետարանը (Շարունակութիւն)

  • 2 days ago
  • 4 min read

Գիշերը աւանդատան մէջ


Կը յիշեմ այսօրուան պէս. Շահ Աբասը երբ յարձակեցաւ մեր աշխարհի վրայ, Ասպիսնակ գիւղի խաղաղ առաւօտը խանգարուեցաւ: Աքլորը եօթը անգամ կանչեց: Ժամու զանգը հնչեց եօթը անգամ: Եօթը թամբած նժոյգներ վրնջացին անհանգիստ: Եօթը բանակ եկաւ մեր սարը պաշարեց: Ցնցուեցաւ Արճեշ քաղաքը: Բզնունեաց ծովը ալեկոծուեցաւ: Սիփան լեռը թփրտաց: Աղջամուղջի մէջ արծաթափայլ պայտեր եկան ու հեռացան: Յանկարծ, խիտ փոշիի մէջ յայտնուեցաւ տէրս՝ Տէր Գրիգորի տասնմէկերորդ ժառանգորդը: Ան զիս փաթթեց սպիտակ պատեանի մէջ, առաւ իր թեւի տակ եւ շտապեց եկեղեցի: Եկեղեցի մտեր էին նաեւ ահաբեկուած կիներ, մանուկներ եւ ծերեր: Ես մնացի աւանդատան մէջ: Լուռ: Անհանգիստ: Ամբողջ գիշեր ես լսեցի լաց, կոծ եւ աղօթք… Յաջորդ օրը տէրս վերադարձաւ: Զինուորներ կային իր հետ: Կը խօսէին պարսկերէն: Դարձաւ ժողովուրդին եւ բացատրեց, թէ Շահ Աբասի հրամանն էր՝ պէտք էր տեղափոխուիլ: Ամբոխը խռովեցաւ խոր վիշտով: Տէրս մտաւ աւանդատուն, զիս գրկեց, համբուրեց, փաթթեց թաւշեայ ծածկոցի մէջ, ապա հացի եւ պանիրի հետ, այծի մորթէ շինուած անջրանցիկ տիկի մը մէջ դրաւ եւ իր մէջքին կապեց: Աքսորի ճամբուն վրայ, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներուն յորդորեց, որ բոլորը իմ զօրութեանս վստահին, գօտեպնդուին, ու ձեռք ձեռքի բռնած քաջաբար անցնին Արաքսը: Երբ արեւը կը բարձրանար դէպի իր կատարը, գաղթականներս քալելով, իսկ ես ձիու վրայ ճամբայ ելանք դէպի Արաքս՝ Պարսկաստան մտնելու համար:


Ձեռք ձեռքի բռնած անցանք Արաքսը


Այս բոլորը պատահեցաւ 1604 թուականին, երբ Օսմանեան-պարսկական պատերազմի օրերուն Շահ Աբասը ոտնակոխեց Մեծ Հայքի տարածքները, աւերեց Ջուղայէն մինչեւ Կարս գտնուող տարածքները, բռնի տեղահանեց Արաքսի ձախափնեայ բնակավայրերու մեր բնակիչները։ Ճանապարհի վրայ տեսանք Ատրպատականը, Քիրմանշահը, Լոռեստանի անառիկ լեռները: Օտար էին լեզուները, սարերը օտար, դաշտերը օտար: Վաթսուն օր վերջ Տէր Գրիգորի ընտանիքը հասաւ Փերիա գաւառը: Անոնք հաստատուեցան Շուրիշկան գիւղի մէջ: Շուրիշկանի մէջ ես ամէն օր Որբի Սարը դիտելով ապրեցայ 370 խաղաղ տարիներ, կատարեցի բազմաթիւ հրաշքներ: Նոր անուն մըն ալ տուին ինծի՝ «Շուրիշկանի Աւետարան»:


Վկաներ եկան, կնքեցին զիս


1738 թվականն էր: Դարբնի, Բերգրի, Իսկանդար, Միլակերտ, Նամակերտ, Սանգիբարան եւ Բոլորան գիւղերու քահանաները, մեծամեծները եւ տանուտէրերը եկան Շուրիշկան, հաւաքուեցան մեր տան մէջ: Բոլորանը, կ’արժէ յիշել, մեծ ու բարգաւաճ գիւղ է, ունի հազարաւոր բնակիչ, հինաւուրց եկեղեցի, փարթամ բնակարաններ: Անոնց նախնիները իմ ծննդավայրէս՝ Արճեշէն ո՛չ շատ հեռու, Մանազկերտ քաղաքի Բլուր գիւղի բնակիչներն էին: Միասին աքսորուեցանք: Անոնք հիմնեցին Բոլորանը ես մնացի Շուրիշկանի մէջ: Ահա այդ օր, ժողովականները, զիս գուրգուրանքով հանեցին հրապարակ: Աղօթքներով եւ երկիւղածութեամբ բացին թերթերս: Յակոբ վարդապետը, Աստուած հոգին լուսաւորէ, մորթիս վրայ իր դաղդոջ ձեռքով արձանագրեց պատմական վկայագիր մը: Այդ օր երեսուն ականատեսի երեսուն կնիք հաստատեց, թէ ես կը պատկանիմ բարեյիշատակ Տեր Մարտիրոսին, Տեր Մաթէոսին, Գերումին, Ծատուրին եւ Դաւիթին: Աստուած ողորմի բոլորի հոգիներուն:


Քանի՞ ոսկի կ’արժեմ ես


1744 թուականին մեր շրջանի երեւելի անձնաւորութիւնն էր Պարոն Իսախանը: Ան փափաքեցաւ տէր կանգնիլ ինծի: Մեր տունը եկաւ Միքայել վարդապետը, Պօղոս վարդապետը, Ղազար վարդապետը, Գեւորգ վարդապետը եւ Աստուածատուր վարդապետը: Եկան քսանչորս վկաներ՝ Փերիա գաւառի պատկառելի պարոնները: Անոնք մեծ սեղանի բոլորտիքը բազմեցան եւ ժողով կազմեցին: Սաստիկ էր վէճը: Մեծ էր խնդիրը: Մէկն այս ըսաւ, մէկն այն ըսաւ: Ծագեցաւ լոյսն առտուն: Ատեանի պետը յանկարծ գոչեց. Գիրքը բաժնենք ութի: Եղաւ ուրախութիւն: Բոլորի ներկայութեամբ յիսուն տարուայ պայմանագիր կնքուեցաւ եւ հաստատուեցաւ, որ իմ ներկայ տէրերս՝ Տէր Մարտիրոսը, Տէր Մաթէոսը, Գերումը, Ծատուրը եւ Դաւիթը պահեն մէկ բաժինս, իսկ Պարոն Իսախանը քառասուն պարսկական թումանի փոխարէն տիրանայ եօթը հատին: Պարսկական քառասուն թումա՜նը, իշխանական գումար: Այդ դրամը մեր գիւղի մէջ տուն մը չորս տարի կը կերակրէ ու կը պահէ:


Մաշկիս վրայ կնիք դրին


Տարիներ անցան: 1744 թուականի ժողովի սեղանակիցները արժանացան Աստուծոյ արքայութեան: 1794 թուականին Նոր Ջուղայի նոր բնակիչները նոր արձանագրութեամբ մը վկայեցին եւ հաստատեցին, որ մէկ բաժինս կը պատկանի Տէր Մինասին, իսկ միւս եօթն՝ պարոն Իսախանի ժառանգորդներուն։ Այդ օր, քսանհինգ իմաստուն վարդապետներ, քահանաներ եւ երեւելի անձինք եկան ստորագրեցին ու կնիք հաստատեցին մաշկիս վրայ: Օրհնութեամբ յիշեցէք բոլորի հոգիները:


Համաճարակ կայ, գի՛րք, հասի՛ր


Շուրիշկանի մէջ ես երեք դար հալածեցի ախտեր: Ով որ ունէր անբժշկելի հիւանդութիւն ինծի եկաւ երկիւղածութեամբ: Ով որ չունէր զաւակ ինծի եկաւ խնդրանքով: Օր մը, շոգ ամառ էր, լաւ կը յիշեմ, մեր դրացի Նամակերտ գիւղի մէջ համաճարակ կար: Բնակիչները ծանօթ ըլլալով ինծի, եկան Շուրիշկան, խնդրեցին, որ տէրերս զիս տանին իրենց գիւղը: Նամակերտի գիւղացիները պարկեշտ եւ բարեպաշտ մարդիկ են: Քահանան զիս կաշի պարկի մը մէջ դրաւ: Ճամբայ ելանք: Մեր գիւղէն մինչեւ Նամակերտ վեց ժամ է: Ես նստած էի իշու վրայ: Միլակերտ գիւղի մէջ անցանք Զայանդեր գետը: Որբի Սարի ստորոտին Դրախտակ գիւղի մէջ մեզ դիմաւորեցին մեծ պատիւներով: Միջօրէի կիզիչ արեւը մեղմացաւ, ապա մենք երկու ժամ ետք հասանք Նամակերտ: Շքախումբով մտանք գիւղ: Թափորին ուղեկցեց աղօթք եւ խնդրանք: Բազմաթիւ կանայք խոր յուզումէն կու լային կամ կը մարէին: Նոր մայրացած կիներ իրենց մանուկներուն համբուրել կու տային զիս: Տուներու մէջ իրենց կողերու վրայ պառկած հիւանդ մարդիկ տեսայ: Աղօթեցին, աղաչեցին, ողորմութիւն խնդրեցին: Ես լսեցի բոլորի ձայնը: Համաճարակը նահանջեցաւ: Մարդիկ իրենց բնականոն կեանքին վերադարձան: Այնուհետեւ համբաւս աւելի տարածուեցաւ: Պուշերէն, Պասրայէն, Հնդկաստանէն եւ այլ հեռաւոր աշխարհներէն ուխտագնացութեան եկան երեսս տեսնելու՝ իմ բժշկութեանս եւ հրաշագործութեանս ապաւինելու։ Տէրերս մորթիս վրայ գրիչով եւ խոր յուզումով արձանագրեցին այս բոլորը մէկ առ մէկ:


Արժանի չես իմ տեսոյն


Ահա երկար տարիներ ես խաղաղութեամբ կ’ապրիմ իմ ժողովրդիս հետ, այս դաշտերու վրայ, այս ձորերու մէջ, թէեւ իմ ծննդավայրէս հեռու: Տառապած ժողովուրդս դիմացկուն է: Պարսկական հողի վրայ ան հացը քարէն կը հանէ, ջուրը կը քամէ երկինքէն: Աստուծոյ սիրասուն զաւակներն են անոնք՝ բարեպաշտ առաջապահները Տիրոջ նուիրական զօրքին: Անոնք համբոյրով եւ ջերմեռանդ աղօթքով կը մօտենան ինծի: Բայց, այս աշխարհի վրայ կայ մէկ ցեղախումբ, որ անարժան է իմ տեսոյն. լոռերը: Անառակ թափառականներ են անոնք, որոնք մերթ ընթ մերթ կ’իջնեն իրենց լեռներէն, քարերէն եւ քարայրներէը, ու կը թալանեն մեր օրհնեալ աշխատանքը:


Ձիաւորներ եկան զիս առեւանգելու


Օր մը, արեւը դեռ չէր ծագած, սարսափեցանք դոփիւններով: Լոռերն էին: Տեսանք մօտեցող եւ հեռացող ամեհի ձիեր: Պայտերը եւ սուրերը կը փայլէին լուսնի նման: Լոռերը, վայրի զեռուն եւ գազան, մեր հացի քաղցր բոյրէն խենթացած, իմ գեղեցկութենէս շլացած, եկան չորս կողմէն յարձակեցան: Կողոպտեցին եւ առեւանգեցին ի՛նչ որ գտան: Իսկ, ե՞ս… Ես ձեզի յաջորդ շաբաթ կը պատմեմ, թէ ինչպէս քանի մը բարեխնամ հայորդիներ, Տէրը ողորմի անոնց հոգիներուն, զիս եօթը տարի պահեցին հողի մէջ, չոր ծառի մը տակ: Ես ձեզի դեռ կը պատմեմ, թէ ինչպէս իմ «թաղման» տեղս յանկարծ բխաւ աղբիւր մը քաղցրահամ, ծառը դալարեցաւ, աշուղներ եկան, զիս գովերգեցին, իսկ օր մըն ալ, երբ արդէն 470 տարեկան էի, օդանաւ մը զիս առաւ, տարաւ հայրենի հող:


(Շարունակելի)


Նորայր Տատուրեան

Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page