top of page

Արամ Ա. շնորհաւորական նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին. ստորեւ՝ այդ նամակը

  • Nov 7, 2024
  • 1 min read

Նորին Վսեմութիւն Տանըլտ Թրամփ Ընտրեալ Նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու


Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,

Անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ, որպէս ընտրեալ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը, որ վստահաբար խոստմնալից էջ մը պիտի բանայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:

Արդարեւ, դուք ձեր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէք աշխարհի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին: Վստահ ենք, որ ահաւոր տագնապներով եւ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներով լեցուն աշխարհին մէջ, դուք առաջնորդողի դեր պիտի ունենաք՝ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան հաստատումին ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ու ճանաչման մէջ: Նաեւ վստահ ենք, որ դուք ձեր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ, ուժեղ ղեկավարութեամբ եւ միջազգային լայն կապերով պիտի կարենաք ամուր հաւատքով ու քաջութեամբ դիմագրաւել մարդկութիւնը յուզող տագնապները:

Վստահ կրնաք ըլլալ, պրն. նախագահ, մեր ամուր բարեկամութեան: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ զօրացնէ ու առաջնորդէ ձեզ՝ ձեր պատասխանատուութեան ու առաքելութեան մէջ:


Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ


6 Նոյեմբեր 2024Անթիլիաս, Լիբանան


Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page