top of page

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

6 minutes ago
3 min read

Հայեցի դաստիարակութեան ամրապնդման եւ կրթական գործունէութեան միասնականացման նոր քայլեր

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 2։00-ին, առցանց դրութեամբ գումարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Շաբաթօրեայ Դպրոցներու տնօրէններու հերթական ժողովը՝ մասնակցութեամբ վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ կրթական գործիչներուն։

Հանդիպման օրակարգը կ՚ընդգրկէր ընթացիկ ուսումնական տարուան աշխատանքներու ամփոփումը, դասաւանդման որակի բարելաւումը, դպրոցներու միջեւ համագործակցութեան սերտացումը եւ յառաջիկայ նախաձեռնութիւններու նախապատրաստութիւնը։

Ժողովը բացուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Նժդեհ Քահանայ Քեշիշեանի աղօթքով։ Այնուհետեւ Տէր Հայրը ընթերցեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հայրական պատգամը, զոր Սրբազան Հայրը, չկարենալով անձամբ մասնակցիլ հանդիպման, յղած էր ժողովականներուն։

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտած էր շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր ու ազգային առաքելութիւնը՝ առանձնապէս կարեւորելով անոնց դերը սփիւռքահայ նոր սերունդներու ինքնութեան պահպանման եւ հայեցի կազմաւորման գործին մէջ։

«Մեր Շաբաթօրեայ Դպրոցները պարզապէս կրթական հաստատութիւններ չեն։ Անոնք մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն հոգեւոր ու ազգային կազմաւորման նուիրական օճախներն են, ուր հայ լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը եւ քրիստոնէական հաւատքը կը փոխանցուին նոր սերունդներուն»։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատանք յայտնած էր Արեւմտեան Թեմի Շաբաթօրեայ Դպրոցներու հոգեւոր տեսուչ եւ ընդհանուր պատասխանատու Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեանի հետեւողական ծառայութեան՝ վարժարաններու գործունէութիւնը համադրելու եւ կրթական ծրագիրներու իրականացումը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Իր երախտագիտութիւնը փոխանցած էր նաեւ Դոկտ. Էլլի Անդրեասեանին, Դոկտ. Արմինէ Մովսիսեանին, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն՝ անոնց նուիրումն ու պատասխանատու աշխատանքը նկատելով հայեցի դաստիարակութեան յարատեւութեան կարեւոր երաշխիք։

Բացումէն ետք ժողովի աշխատանքները շարունակուեցան Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեանի նախագահութեամբ։ Ողջունելով մասնակիցները՝ ան ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեց Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին նոր միացած դպրոցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նորանշանակ տնօրէններուն։

Ապա հաստատութիւններու պատասխանատուները հակիրճ զեկուցումներով ներկայացուցին աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ դասարաններու թիւերը, ուսումնական տարուան սկիզբի ու աւարտի ժամկետները եւ իրենց գործունէութեան ընդհանուր պատկերը։ Փոխանցուած տեղեկութիւնները հնարաւորութիւն ընձեռեցին ամբողջական պատկերացում կազմելու տարբեր համայնքներու մէջ գործող դպրոցներու ներկայ վիճակին մասին։

Դասագիրքերուն եւ ուսումնական ծրագիրներուն առնչուող հարցերը ներկայացուց Դոկտ. Էլլի Անդրեասեան՝ անդրադառնալով կրթական բովանդակութեան ներդաշնակեցման, դասաւանդման ընդհանուր սկզբունքներուն եւ աշակերտներու լեզուական պատրաստուածութեան տարբեր մակարդակները նկատի ունենալու անհրաժեշտութեան։

Զեկուցողը պատմեց նաեւ վերջերս Հայրենիքի մէջ կայացած համահայկական հաւաքին իր մասնակցութեան մասին։ Ան նշեց, որ իբրեւ բանախօս ներկայացուցած էր Արեւմտեան Թեմէն ներս ծաւալող կրթական լայնածաւալ աշխատանքը՝ յատուկ անդրադառնալով Շաբաթօրեայ Դպրոցներու ցանցին, որ իր կառուցուածքով եւ կազմակերպչական առանձնայատկութիւններով եզակի տեղ կը գրաւէ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։

Ժողովի կարեւոր նիւթերէն էր WASC-ի հաւատարմագրման նորոգման գործընթացը, որուն վերջին զարգացումները ներկայացուց Դոկտ. Արմինէ Մովսիսեան։ Ան յայտնեց, որ յաջորդ այցելութիւնը նախատեսուած է 6 Փետրուար 2027-ին, եւ տնօրէններէն խնդրեց ժամանակին տրամադրել իրենց դպրոցներու գործունէութեան վերաբերող հաշուետուութիւնները՝ զանոնք հաւատարմագրման նորոգման ընդհանուր զեկոյցին մէջ ներառելու համար։

Այս գործընթացն առիթ պիտի ընձեռէ վերարժեւորելու ձեռքբերումները, ներկայացնելու կատարուած աշխատանքը եւ նախանշելու կրթական համակարգի յետագայ զարգացման առաջնահերթութիւնները։

Օրակարգի յաջորդ բաժնին Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեան անդրադարձաւ դպրոցներու գործունէութեան միասնականացման, աւարտական քննութիւններու կազմակերպման, ուսումնական տարուան ընթացքին նախատեսուած երեք գրաւոր աշխատանքներուն եւ 2027 թուականի ուսուցիչներու համատեղ հաւաքի նախապատրաստութեան։

Վերջինիս առնչութեամբ ան առաջարկեց յառաջիկայ հաւաքի հիմնական նիւթերէն մէկը նուիրել արհեստական բանականութեան կիրառման՝ հայերէնի դասաւանդման մէջ։ Արդիական այս հարցի արծարծումը նպատակ ունի ուսուցիչները ծանօթացնելու նոր արհեստագիտութիւններու ընձեռած հնարաւորութիւններուն եւ զանոնք կրթական գործընթացին մէջ արդիւնաւէտ օգտագործելու եղանակներուն։

Յովհաննէս Սարկաւագ կարեւորեց նաեւ դպրոցական կեանքի պարբերական լուսաբանումը։ Կրթական, մշակութային եւ համայնքային նախաձեռնութիւններու մասին թղթակցութիւնները, հանրութեան իրազեկման միջոց ըլլալէ զատ, կը նպաստեն հայ վարժարաններու գործունէութեան ճանաչման եւ տարբեր համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման։

Օրակարգի աւարտին տեղի ունեցաւ առաջարկութիւններու եւ մտքերու փոխանակում։ Քննարկումները անգամ մը եւս ի յայտ բերին ընդհանուր նպատակներու շուրջ համախմբուելու, փորձառութիւնները բաժնելու եւ առկայ հարցերուն միասնաբար լուծումներ որոնելու կարեւորութիւնը։

Այս առումով յատկանշական էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին հետեւեալ տողերը. «Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ իրարմէ սորվիլ, յաջող փորձառութիւնները բաժնել եւ միասնաբար գտնել այնպիսի լուծումներ, որոնք պիտի նպաստեն մեր կրթական առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման»։

Ժողովը եզրափակուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Աւետիս Քահանայ Աբովեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։


Արեւմտեան Թեմի Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Մամլոյ Դիւան


Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page