«Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցը հայեցի կրթութեան եւ ազգային ինքնութեան դարբնոց

Ամերիկահայ կրթական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ունի ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցը։ Տարիներու ընթացքին ան դարձած է հայոց լեզուի ուսուցման, ազգային մշակոյթի պահպանման եւ հոգեւոր դաստիարակութեան ճանաչուած օճախ մը։ Հաստատութեան մշակած ուսումնական ծրագիրներն ու կուտակած մանկավարժական փորձառութիւնը կը ծառայեն նաեւ թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններուն՝ ամրապնդելով անոնց կրթական եւ կազմակերպչական համագործակցութիւնը։
Դպրոցը կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի եւ թեմակալ առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի անմիջական օրհնութեան ու հովանաւորութեան ներքեւ։ Սրբազան Հօր բազմամեայ առաջնորդական ծառայութիւնը կ՚ընդգրկէ եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական եւ հասարակական կեանքի բազմաթիւ ոլորտներ, որոնց շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հայեցի կրթութեան նկատմամբ իր հետեւողական հոգածութիւնը։ Անոր տեսլականին մէջ դպրոցը գիտելիքի փոխանցման վայր մը ըլլալէ աւելին է. ան հայ մանուկին հոգեւոր նկարագիրը կերտելու եւ ազգային գիտակցութիւնը զօրացնելու միջավայր է։ Այս համոզումով Սրբազան Հայրը մշտապէս կը քաջալերէ հայկական կրթօճախներու զարգացումն ու մատաղ սերունդի դաստիարակութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները։
Հաստատութեան ուսումնական համակարգը հիմնուած է աշակերտներու լեզուական պատրաստուածութեան վրայ։ Դասարանները կը կազմուին ըստ հայերէնի իմացութեան մակարդակին՝ անկախ երեխաներու տարիքէն։ Այս մօտեցումը կարելիութիւն կու տայ նկատի առնելու իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական կարողութիւններն ու ուսումնառութեան ընթացքը։ Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէն դպրոց կը յաճախեն թէ՛ ամերիկեան հանրակրթական եւ թէ՛ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու սաներ։ 2025–2026 ուսումնական տարեշրջանին ներմուծուած եօթներորդ մակարդակով ամբողջացած է հայերէնի ուսուցման եօթնամեայ ծրագիրը։ Շրջանաւարտներն իրենց գիտելիքները կը ներկայացնեն հետազօտական աշխատանքներու հրապարակային պաշտպանութեամբ՝ դրսեւորելով ինքնուրոյն մտածողութիւն, վերլուծելու կարողութիւն եւ հայերէնով հիմնաւոր արտայայտուելու հմտութիւն։
Ուսումնական գործընթացին մէջ կը համադրուին աւանդական եւ արդի մանկավարժական եղանակները։ Ստեղծագործական, անհատական ու խմբային աշխատանքներուն զուգահեռ կը գործէ լրացուցիչ օժանդակութեան ծրագիր՝ յատկապէս այն երեխաներուն համար, որոնց ընտանեկան միջավայրին մէջ հայերէնը առօրեայ հաղորդակցութեան լեզու չէ։ Վերջին երեք տարիներուն հաստատութիւնը համալրուած է համակարգիչներով, թուային ցուցադրիչներով եւ ուսումնական նոր սարքաւորումներով։ Կը գործածուին ելեկտրոնային հարթակներ, իսկ աշակերտական աշխատանքներն ու աւարտական նախագիծերը կը պահպանուին թուային արխիւի մէջ։ Գրադարանը եւս պարբերաբար կը հարստանայ Հայաստանէն ստացուող դասագիրքերով։ Կրթական այս աշխատանքին յաջողութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է ուսուցչական կազմի մասնագիտական պատրաստուածութեամբ։ Մանկավարժներու մասնագիտական զարգացման կարեւոր նախաձեռնութիւններէն է օգոստոս ամսուն կազմակերպուող համահայկական ամէնամեայ վերապատրաստման հաւաքը, որուն առցանց կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 100–150 ուսուցիչներ։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համալսարանական դասախօսներու ու կրթութեան մասնագէտներու ներգրաւումով այս հանդիպումները կը նպաստեն դասաւանդման նոր մեթոտներու իւրացման եւ փորձառութեան փոխանակման։
Հոգեւոր դաստիարակութիւնը դպրոցի առօրեային անբաժան մասն է։ Շաբաթօրեայ դասաւանդութիւնը կը սկսի մայր տաճարին մէջ կատարուող միասնական աղօթքով։ Աշակերտները առիթ կ՚ունենան հանդիպելու հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ մշակոյթի գործիչներու՝ քրիստոնէական արժէքներուն հաղորդակից դառնալով նաեւ կենդանի շփումներու միջոցով։ Երաժշտութիւնն ու խմբերգային կատարումները նոյնպէս իրենց տեղը ունին կրթօճախի կեանքին մէջ։ Տօնական հանդիսութիւններուն հարիւրաւոր երեխաներ միասնաբար կը կատարեն հայկական երգեր՝ հաղորդակից դառնալով մեր երաժշտական ժառանգութեան։ Յատկանշական է, որ տարբեր նահանգներու մէջ գործող թեմական մասնաճիւղերուն մէջ, ուր կը սորվին շուրջ 1700 աշակերտներ, կը դասաւանդուին հայերէնի երկու գրական ճիւղերը՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը։ Այս իրողութիւնը առանձնապէս արժէքաւոր է արեւմտահայերէնի կենսունակութեան պահպանման տեսանկիւնէն։
Ազգային տօները, եկեղեցական հանդիսութիւններն ու յիշատակի ձեռնարկները աշակերտներուն կը փոխանցեն մեր պատմութեան եւ աւանդութիւններուն հանդէպ գիտակից վերաբերմունք։ Սուրբ Ծնունդի եւ տարեվերջի տօնակատարութիւններուն կողքին կը կազմակերպուին Հայոց ցեղասպանութեան ու Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներ։ Վերջին երեք տարիներուն առանձնապէս սիրուած նախաձեռնութիւն դարձած է մշակութային-բարեգործական փառատօնը։ Ծնողներու եւ ուսուցիչներու աջակցութեամբ երեխաները կը պատրաստեն հայկական աւանդական ուտեստներ, կը ծանօթանան անոնց պատմութեան ու պատրաստութեան սովորութիւններուն եւ կը հարստացնեն իրենց բառապաշարը։ Հասոյթը կը տրամադրուի Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերու մանուկներուն եւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն։ Այսպիսով, հայրենիքի հանդէպ սէրը կը վերածուի գործնական հայրենասիրութեան՝ արտայայտուելով աջակցութեան եւ նուիրումի շօշափելի քայլերով։
Հայրենաճանաչութեան եւ հասարակական պատասխանատուութեան շրջանակը կ՚ընդլայնուի նաեւ բնապահպանական ու բարեսիրական նախաձեռնութիւններով։ «Հայաստան ծառատունկ» ծրագրի հետ համագործակցութեան շնորհիւ աշակերտները կը ծանօթանան հայրենի բնաշխարհի պահպանութեան խնդիրներուն եւ հեռավար կը մասնակցին Հայաստանի կանաչապատման նախաձեռնութիւններուն»։ Հաստատութիւնը կ՚աջակցի նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի որոշ նախաձեռնութիւններուն։
Դպրոցի առօրեային աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ շուրջ 30–40 երիտասարդ կամաւորներ, որոնցմէ շատերը նոյն կրթօճախի նախկին սաներն են։ Անոնք ամէն շաբաթ կ՚աջակցին ուսուցիչներուն եւ կ՚օգնեն կազմակերպելու դպրոցական ձեռնարկները։ Այս շարունակական մասնակցութիւնը կը վկայէ հաստատութեան հանդէպ անոնց կապուածութեան եւ համայնքին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեան մասին։

Որպէս Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու կրթական ցանցի կեդրոն՝ «Փոքրիկ հրեշտակներ» մայր դպրոցը կը համակարգէ մասնաճիւղերու ուսումնական աշխատանքները՝ հոգ տանելով ծրագիրներու, դասագիրքերու եւ մանկավարժական սկզբունքներու ներդաշնակութեան մասին։ Միաժամանակ իւրաքանչիւր վարժարան կը պահպանէ իր համայնքային առանձնայատկութիւնները։ Մայր դպրոցի տնօրէն եւ Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան, գիտակրթական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Էլլի Անդրէասեանի հետ, պարբերաբար կ՚այցելէ մասնաճիւղեր, կը հետեւի անոնց գործունէութեան եւ կը կազմակերպէ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ։ Հաստատութեան աշխատանքները կը լուսաբանուին ամերիկահայ եւ հայաստանեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողմէ՝ հանրութեան ծանօթացնելով անոր կրթական ու մշակութային ձեռքբերումները։
«Փոքրիկ հրեշտակներ» մայր դպրոցի անցած ուղին կը վկայէ, որ Սփիւռքի մէջ կարելի է ազգային աւանդութիւններն ու քրիստոնէական արժէքները ներդաշնակել ժամանակակից կրթութեան պահանջներուն հետ։ Այսօր հաստատութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ աշակերտներուն փոխանցելով ոչ միայն գիտելիք, այլեւ իրենց արմատներուն հանդէպ գիտակից վերաբերմունք։ 2027 թուականի սկիզբը դպրոցը պիտի անցնի Դպրոցներու եւ քոլէճներու արեւմտեան ընկերակցութեան (WASC) կողմէ շնորհուած հաւատարմագրման վերանորոգման հերթական գործընթացը։ Տարիներու հետեւողական աշխատանքն ու արձանագրուած ձեռքբերումները վստահութիւն կը ներշնչեն, որ այս հանգրուանն ալ պիտի պսակուի յաջողութեամբ՝ նոր հեռանկարներ բանալով հաստատութեան զարգացման առջեւ։ Իսկ դպրոցի գործունէութեան մնայուն արժէքը պիտի շարունակէ արտացոլուիլ այն սերունդներուն մէջ, որոնք իրենց գիտելիքներով ու նուիրումով պիտի հարստացնեն հայ համայնքի կեանքը։
«Փոքրիկ հրեշտակներ» մայր դպրոցի մամլոյ դիւան





Comments