top of page

Իզապէլ Պայրագտարեանի բացառիկ համերգը՝ հայ երգի եւ աղօթքի շունչով

1 hour ago
3 min read

Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2026-ին, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ հայկական շարականը, ժողովրդական երգն ու օրօրոցայինը միահիւսուեցան՝ ներկաներուն պարգեւելով երաժշտական յիշարժան երեկոյ մը։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ժրաջան առաջնորդ, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ «Զուարթնոց» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Անցեալի երգեր, աղօթքներ եւ օրօրոցայիններ» խորագրով համերգին ներկայ էին լոսանճելըսահայ մտաւորականներ, հոգեւորականներ, արուեստագէտներ, ազգային ու մշակութային կեանքի ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Ներկաներուն շարքին էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։

Երեկոյի գլխաւոր կատարողն աշխարհահռչակ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանն էր, որ իր ձայնային հարուստ կարողութիւններով, երաժշտական նուրբ զգացողութեամբ եւ մեկնաբանական վարպետութեամբ նոր շունչ հաղորդեց հայ երգարուեստի տարբեր ժամանակաշրջաններէն մեզի հասած ստեղծագործութիւններուն։ Անոր ընկերակցեցան տաւղահար Էլլի Չոութ, սրնգահար Ռայօ Ֆուրութա եւ տուտուկահար Մհեր Մնացականեան։ Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ միջազգային ճանաչում վայելող նկարիչ եւ տեսարուեստագէտ Գէորգ Մուրատ։

Համերգային յայտագիրը կ՚ընդգրկէր միջնադարեան հոգեւոր երգեր, մանկական աղօթքներ, ժողովրդական խաղերգեր եւ օրօրոցայիններ։ Առաջին բաժինին մէջ ներկայացուեցան Բաղդասար Դպիրի «Զարթիր, Նազելի», Մխիթար Սեբաստացիի «Երանելի Մարիամ» ստեղծագործութիւնները, մանուկ Յիսուսին նուիրուած օրօրոցայիններ, ինչպէս նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի «Մանուկներու Հայր Մեր»-ը։ Յաջորդ բաժինը նուիրուած էր Կոմիտասի «Եղնիկ», «Աղուէսի խաղը», «Հեքիաթ», «Արեւ», «Սար» եւ այլ մանկական երգերուն՝ Արթուր Աւանեսովի մշակումներով։

Դադարէն ետք ունկնդիրները վայելեցին Բարսեղ Կանաչեանի «Պճինկօ», «Խաղաղ գիշեր է», «Քուն եղիր, պալաս» ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական երգեր՝ Ճոն Հոտեանի մշակմամբ։ Եզրափակիչ բաժինը յատկացուած էր Միհրան Թումաճանի հաւաքագրած՝ Պարտիզակի, Տիգրանակերտի, Կեսարիոյ, Ակնի, Խարբերդի եւ Վանի ժողովրդական երգերուն։ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու յիշողութեան մէջ պահպանուած այս մեղեդիները պատմամշակութային առանձնայատուկ արժէք ունին։ Իզապէլ Պայրագտարեանի երգեցողութեամբ հոգեւոր տաղերու վեհութիւնը, մանկական երգերու կենսուրախութիւնն ու օրօրոցայիններու քնքշութիւնն իրենց ամբողջ հմայքով փոխանցուեցան ունկնդիրներուն։

Երգչուհիին կատարողական արուեստին մէջ կը համադրուէին մասնագիտական վարպետութիւնը, հայերէն խօսքի յստակ արտասանութիւնն ու երգերու զգացական բովանդակութեան խորունկ ընկալումը։ Տաւիղի մեղմ հնչիւնները, սրինգի թեթեւաշունչ մեղեդիներն ու տուտուկի թաւշային ձայնը հարստացուցին երաժշտական մթնոլորտը՝ ունկնդիրներն առաջնորդելով հոգեւոր ներամփոփումէն դէպի մանկութեան յուշերն ու պատմական հայրենիքի կարօտը։

Երեկոն եզրափակուեցաւ հանրածանօթ «Կռունկ» երգի յուզիչ կատարումով, որուն յաջորդեցին հանդիսականներու յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափահարութիւնները։

Ապա իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ան անդրադարձաւ Իզապէլ Պայրագտարեանի արուեստագիտական վաստակին՝ ջերմութեամբ յիշելով անոր պատանեկութեան տարիները, երբ արդէն իսկ ի յայտ կու գային երգչուհիին բնատուր շնորհքն ու ապագայ յաջողութիւններուն նախանշանները։

Անդրադառնալով «Կռունկ» երգին՝ Առաջնորդ Սրբազանը խորհրդանշական մեկնաբանութեամբ մը դիմեց երգչուհիին՝ զայն նմանցնելով բարի լուր բերող կռունկի մը։ Ան շեշտեց, որ տեղահանութեան դառն ճանապարհն անցած հայորդիները գիտեն ոչ միայն յաղթահարել իրենց բաժին ինկած դժուարութիւնները, այլեւ սերունդներ դաստիարակել, պատմութիւն կերտել եւ դառնալ «յաւերժութեան ճամբորդներ»։

Իր պատգամին մէջ Հովնան Սրբազանն անդրադարձաւ նաեւ ազգային արմատներուն հաւատարիմ մնալու եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կարեւորութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց համերգի մասնակիցներուն ու կազմակերպիչներուն՝ մաղթելով, որ երեկոյին հոգեւոր ու գեղարուեստական ապրումները երկար ատեն մնան ներկաներու յիշողութեան մէջ։

Գեղարուեստական երեկոյի  կազմակերպման մէջ առանցքային դեր ունեցաւ «Զուարթնոց» մշակութային միութիւնը՝ բժիշկ Սիմոն Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ։ Միութեան անդամներն ամիսներ շարունակ հետեւողական աշխատանք տարած էին՝ այս ձեռնարկը պատշաճ մակարդակով իրականացնելու համար։ Անոնց նուիրումին եւ միասնական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ կազմակերպել երաժշտական բարձրորակ ձեռնարկ մը, որ միաժամանակ վկայեց համայնքային մշակութային կառոյցներուն կարեւոր դերին մասին՝ ազգային ժառանգութեան պահպանման ու տարածման գործին մէջ։

Համերգը նշանակալից իրադարձութիւն մը դարձաւ լոսանճելըսահայութեան մշակութային կեանքին մէջ՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ հայ երգը ոչ միայն գեղարուեստական արտայայտութիւն է, այլեւ մեր ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, հաւատքին ու ինքնութեան անբաժանելի մասը։

Եւ երբ Մայր Տաճարին մէջ մարեցան վերջին մեղեդիներուն հնչիւնները, անոնց արձագանգը շարունակեց ապրիլ ունկնդիրներու հոգիներուն մէջ։ Այդ երեկոն յիշեցում մըն էր, որ քանի դեռ կը պահպանուին ու սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին մեր նախնիներուն աղօթքներն ու օրօրոցայինները, կենդանի կը մնայ նաեւ այն հոգեւոր հայրենիքը, զոր ո՛չ տեղահանութիւնը, ո՛չ ալ պատմութեան արհաւիրքները կրցած են խլել հայ ժողովուրդի հոգիէն։


Թղթակից

Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page