Շաբաթօրեայ Դպրոցները Վայելեցին Փինոքիյի Բեմադրութիւնը

31 Հոկտեմբեր, 2026, Շաբաթ, թուականը շաբաթօրեայ դպրոցներուն պատմութեան մէջ բացառիկ օր մը հանդիսացաւ: Այդ օր, Համազգայինի թատերական խումբը փասատենա քաղաքի «Փեթակ» եւ Վէն Նայս քաղաքի Ս. Պետրոս շաբաթօրեայ դպրոցներու խնդրանքով բեմադրեց Փինոքիոյի սիրելի պատմութիւնը:
Բեմադրութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Գարակէօզեան սրահին մէջ: Խաղէն 10-15 վայրեկան առաջ, իրենց փոքրիկ ձեռքերուն մէջ տոմսակներ բռնած սանիկներ կարգի մտան եւ անհամբեր սպասեցին, որ դուռերը բացուին եւ իրենք մուտք գործեն «թատրոն» կոչուած զարմանահրաշ աշխարհը: Երբ ժամը ճշդագոյն 11-ին յայտարարուեցաւ, որ մուտքը արտօնուած է, աշակերտները ցնծութեամբ սկսան նստարանի մը վրայ բազմիլ: Ապա եկաւ մոգական պահը. լոյսերը մարեցան, վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ահա… դերասանները մէկ-մէկ յայտնուեան բեմի վրայ: Աշակերները զարմանքի եւ հիացումի խառն զգացումներով սկսան Փինոքիոյի արկածախնդրութիւնները հետեւիլ. անոր «ծնունդը», դպրոցի ճամբան, կրկեսի շլացուցիչ լոյսերը, բարեսիրտ պարիկի հետ զրոյցները, երկու կեղծարար աւազակներու հետ դժբախտ հանդիպունը եւ անշուշտ իր միամիտ սխալները:
Թատերախաղը երգախառն էր: Ան ճոխացած էր հաճելի երգերով, ինչպէս նաեւ բարձրարուեստ եւ գոյնզգոյն տարազներով: Թատերախաղը ունէր շաբաթօրեայ դպրոցներու մանուկներուն համար շատ յարմար անմիջական եւ հասկնալի լեզու: Թատերախաղը ունէր նաեւ իւրայատուկ երեւոյթ. թերասանները խաղի ընթացքը որոշելու համար կը դիմէին «չորրորդ պատին»՝ այսինքն հանդիսատես երեխաներուն: Աշակերտներու «Այօ»-ներով, կամ «Ո՛չ-ո՛չ»-երով պատմութիւնը կը ստանար նոր ուղղութիւն մը:

Դպրոցներու տնօրէնութիւնները երկու նպատակով պատուիրած էին Փինոքիոյի բեմադրութիւնը. հայերէն թատրոն դիտել եւ այս դասականացած պատմութեան բարոյական պատգամը լսել, այսինքն միշտ ճշդախօս, պարկեշտ եւ աշխատասէր ըլլալ: Փինոքիօն հասկցաւ ազնուութեան, պատասխանատութեան, աշխատասիրութեան եւ սիրոյ կարեւորութիւնը, այնուհետեւ այդ փայտէ տիկնիկը իսկական մարդու վերածուեցաւ:
Շնորհակալ ենք Համազգայինի թատերական միաւորի վարչութեան, թերասաններուն, եւ յատկապէս տաղանդաւոր բեմադրիչ (ինչպէս նաեւ տիկնիկային թատրոնի մասնագէտ) տիկին Գոհար Կարապետեանին: Կ’արժէ յիշեցնել, թէ տիկին Գ. Կարապետեանի բոլոր ներկայացումները կը կատարուին մայրենի լեզուով: Անոր նպատակն է երիտասարդ սերունդը հայկական արուեստին ու մշակոյթին մօտ պահել:
Կը մաղթենք, որ շաբաթօրեայ դպրոցներու եւ Համազգայինի թատերական խումբի գործակցութիւնը մը մնայ շարունակական եւ բազմաթիւ այլ շաբաթօրեայ դպրոցներ անոնց բեմադրութիւնները վայելեն:
Նորայր Տատուրեան





Comments