top of page

Կ'ԱՐՏԱՍՈՒԵՆ ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ՏԱՌԵՐԸ

ree

Այբուբենի 38 տառերը սեւազգեստ կը սգան ու կ'արտասուեն այսօր։

Ռ. Հատտէճեան ոչ թէ միայն գրագէտ, վիպագիր, խմբագրապետ, ոչ թէ միայն թատերագիր, թարգմանիչ, լեզուի կերտիչ, ոչ թէ միայն փիլիսոփայ, հռետոր, գրականագէտ եղաւ, ան միանգամայն հայ գրականութեան մոռցուած, անտեսուած արժէքները եւ անոնց փոշոտած ադամանդեայ էջերը ձիւնհալէն վերջ ցոլացող յուշարձանի մը նման ծաղկեցուց, վերապրեցուց։

Ինծի համար ո՞վ էր Ռ. Հատտէճեան։

65 տարիներու վրայ երկարող անկեղծ բարեկամութեան մը, աննման սրտակցութեան մը հերոսը, ճշմարիտ երէց եղբայր մըն էր ան։

Անմոռանալի հանդիսութիւններու առթիւ նոյն բեմը բաժնեցինք։ Միատեղ ճամբորդեցինք, ուրախ եւ տխուր օրեր, յուզումնալից եւ ոգեւորիչ պահեր ապրեցանք։

Սեղանակից եղանք, զրուցակից, գաղափարակից, գրչակից եղանք։

«Որքան ալ գրեմ

Որքան ալ խօսիմ

Բան մը

Միշտ բան մը պակաս պիտի մնայ»

Հիմա յիշատակներու տեղատարափին տակ արցունքով ողողուած կը խոնարհիմ իր լուսայորդ յիշատակին առջեւ։

Այսօր հոն հեռուն, աշխարհի չորս ծագերուն այբուբենի 38 տառերը սեւազգեստ կը սգան ու կ'արտասուեն։


ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ


Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page