top of page

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը՝ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ

2 days ago
2 min read

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին, ցնծուն հանդէսով մը տօնեց Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը։

Տօնակատարութիւնը ամէն տարի հանդիսաւոր եւ սպասուած առիթ է «Փեթակ» դպրոցի 3-13 տարեկան սաներուն համար։ Այդ օր յետմիջօրէին ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր հաւաքուեցան՝ վայելելու բծախնդրօրէն պատրաստուած յայտագիրը։

Ժամը 12-ին, լսելով պղնձեայ ձեռնազանգակը, աշակերտները սրահ մտան։ Լոյսերը մարեցան, եւ սկսաւ հնչել Արման Յովհաննիսեանի «Աստուածածին վանքի դուռը» երգը։ Մանկապարտէզի աշակերտները, ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի եւ կամաւոր պատանուհիներ Տերեւ Տատուրեանի ու Մարմար Էքիզեանի ուղեկցութեամբ, ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքոյ եւ դրօշակներ ծածանելով՝ սրահ մտան ու բեմին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին։

Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ արտայայտեց դպրոցի ուրախութիւնը, որ անգամ մը եւս ցնծուն մթնոլորտի մէջ եւ հպարտութեամբ կը տօնէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Իր խօսքին մէջ Ն. Տատուրեան նշեց. «Հայաստանի անկախութեան պաշտպանութեան գիծերը աւելի լայն են, քան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները։ Աշխարհի վրայ ամէն հայ սահմանագիծ է։ Յատկապէս Սփիւռքի մէջ հայ աշակերտը, գիտնալով իր լեզուն եւ պատմութիւնը, եթէ խօսի, աղօթէ, երգէ եւ արտասանէ հայերէն, արդէն իր փոքր չափով կատարած է իր պարտականութիւնը՝ պաշտպանել ազգի անկախ ոգին»։

Յայտագիրն սկսաւ «Մեր Հայրենիք»-ով։ Ծրագիրը հարուստ էր երգերով ու ասմունքներով։ Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները, դաշնակահար Էլմիրա Սիմոնեանի նուագակցութեամբ, երգեցին «Քնքոյշ Հայրենիք» եւ «Մի երկինք, մի երկիր» երգերը։ Ուսուցչուհիներ Ազնիւ Սէրայտարեանի եւ Մարալ Դաւիթեանի կողմէ դաստիարակուած աշակերտները հպարտութեամբ եւ վեհ հնչողութեամբ կատարեցին հայրենասիրական այդ երկու երգերը։ Նոյն խումբէն Արէն Գրիգոր արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Հայրենիքից անուշ ու թանկ» բանաստեղծութիւնը։ Աւագ դասարանի աշակերտները բեմին վրայ հնչեցուցին Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» ոգեւորիչ քերթուածը։

Որպէս կրթական հաստատութիւն՝ «Փեթակ»-ի յայտագիրն ունէր նաեւ դաստիարակչական բաժին։ Աշակերտները սահիկներու միջոցով ծանօթացան Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան խորհրդանիշներուն՝ դրօշակին, զինանշանին, Ազգային ժողովի շէնքին, թղթադրամներուն, «Մեր Հայրենիք» բանաստեղծութեան հեղինակ Միքայէլ Նալբանդեանի արձանին, «Մայր Հայաստան» յուշարձանին, մայրաքաղաք Երեւանի ընդհանուր պատկերին եւ այլ տեսարժան վայրերու։ Իւրաքանչիւր պատկերի մասին աշակերտները լսեցին իրենց տարիքին համապատասխան եւ ըմբռնելի համառօտ բացատրութիւններ։

Յայտագրի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Ապա ծնողական յանձնախումբը հանդիսաւոր կերպով սրահ բերաւ «Անկախութեան կարկանդակը»։ Ըստ աւանդութեան՝ եռագոյն ժապաւէնով զարդարուած եւ «Հայաստան 35» գրութեամբ կարկանդակը կտրեցին դպրոցի աւագ դասարանի աշակերտները։ Այդ պահուն բոլորը միաբերան բացագանչեցին. «Կեցցէ՛ Հայրենիքը, կեցցէ՛ Հայաստանը»։

«Փեթակ» դպրոցի աշակերտները այժմ եռուն աշխատանքի մէջ են՝ Հայկական մշակոյթի ամիսը պատշաճօրէն նշելու համար։

Դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել (626) 660-9443 թիւին, գրել saturdayschool@stgpas.com հասցէին կամ այցելել «Փեթակ» դպրոցի պաշտօնական կայքէջը՝ www.petagstgwd.com


Թղթակցութիւնը՝ դպրոցէն


Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page