top of page

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԱՐԱ ԽԶՄԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

ree

Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի Տնօրէն Արա Խզմալեան 25 Սեպտեմբեր 2025, Հինգշաբթի միջօրէին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրին կ'ուղեկցէին Տնօրէնի օգնական Տաթեւիկ Մուրատեան եւ Սոնա Բալոյեան։ Հիւրերը, որոնք կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուէին Իսթանպուլ, իրենց քաղցր պարտականութիւնը նկատած էին այցելել Պատրիարքարան եւ ծանօթանալ Թուրքիոյ հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Տէր Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։ Հանդիպման ընթացքին գաղափարի փոխանակութիւններ եղան ձեռագրերու գիտական ուսումնասիրութեան շուրջ, քանի որ անոնք անցեալէն փոխանցուած բարոյական հարստութիւններ են եւ անոնց ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է մշակութային եւ հոգեւոր զարգացման համար։ Տէր Հայրը անցեալ տարի օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, մասնակցած էր Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայագիտական Միջազգային Համաժողովին, ուր գոյացած էր այն հասկացողութիւնը, թէ ձեռագիրները պէտք է պահպանուին իրենց գտնուած վայրերուն մէջ եւ մասնագէտները գիտական մերձեցումով կարելիութիւն պէտք է ունենան անոնց նկարագրութիւնները կատարելու եւ պարունակութեանց հաղորդ դառնալու՝ կատարելի ուսումնասիրութեանց համար։

Արա Խզմալեան Մատենադարանի աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ նուիրեց Մատենադարանի հրատարակութիւններէն նմոյշներ։ Շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ, Պատրիարքարանի մէջ կատարուած մատենագիտական աշխատութիւնը։ Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց պէտք եղած օժանդակութիւնը ընծայելու ձեռագրերու եւ հնատիպ գիրքերու առողջ պահպանութեան համար եւ կարեւոր գիտելիքներով օժտելու ծառայողները՝ ի սէր գիտութեան։

ree

Ընդունելութեան աւարտին հիւրերը Տէր Հօր առաջնորդութեամբ շրջեցան Պատրիարքարանի սրահները եւ այցելեցին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի եւ տեղեկութիւններ ստացան տաճարի եւ համալիրի մասին։ Տէր Հայրը հիւրերուն նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի հրատարակութիւններէն օրինակներ, փոխանցեց նաեւ Պատրիարք Հօր օրհնութիւններն ու ողջոյնները։ Հիւրերը գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։


Մարմարա

Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page