top of page

Վաստակաշատ վաթսունամեայ կրթամանկավարժական գործունէութիւն

  • 3 hours ago
  • 2 min read

Հայ կրթութեան պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին այն անհատները, որոնց գործունէութիւնը կը վերածուի ազգային ծառայութեան։ Այդպիսի բացառիկ դէմքերէն է տոքթ. Էլլի Անդրէասեան՝ մանկավարժ, կրթական ղեկավար եւ հայեցի դաստիարակութեան անխոնջ մշակ, որուն վաթսունամեայ մանկավարժական ուղին անքակտելիօրէն կապուած է հայ դպրոցի զարգացման եւ սփիւռքահայ ինքնութեան պահպանման հետ։

Լիբանանի Պաալպեք քաղաքին մէջ ծնած Էլլի Անդրէասեան մեծցած է մտաւորականի ընտանիքի մը մէջ։ 1946 թուականին անոնք հայրենադարձուած են հայրենիք, ուր անոր մէջ աւելի խորացած է սէրը գիտութեան, լեզուներուն եւ ուսուցչութեան հանդէպ։ Դպրոցը աւարտելով ոսկէ մետալով՝ ընդունուած է Պրիւսովի անուան Օտար լեզուներու համալսարան եւ, գերազանց աւարտելէ ետք, սկսած է աշխատիլ որպէս ֆրանսերէնի դասախօս։

Իր համար կրթութիւնը միայն գիտելիքի փոխանցում մը չէր, այլ տոքթ. Անդրէասեան դպրոցը կը դիտէր որպէս ազգային արժէքներու պահպանման եւ մարդու ինքնութեան կազմաւորման հիմնասիւն։ Այդ համոզումը զինք ուղեկցած է կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։

1974 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելով՝ ան շարունակած է իր կրթական առաքելութիւնը սփիւռքի մէջ։ Ռոտ Այլընտ քոլեճին մէջ ստանալով մագիստրոսի աստիճան, իսկ հետագային Պոսթընի համալսարանին մէջ պաշտպանելով տոքթորական ատենախօսութիւն՝ երկլեզու կրթութեան եւ էթնիքութեան մարզին մէջ, ան իր գիտական պատրաստուածութիւնը անմնացորդ կերպով ծառայեցուցած է հայ համայնքի կրթական կարիքներուն։

Տասնամեակներ շարունակ տոքթ. Անդրէասեան ղեկավար պաշտօններ վարած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տարբեր կրթօճախներուն մէջ՝ Ուաթըրթաունի ՀԲԸՄ վարժարանին, ինչպէս նաեւ Քանոկա Փարքի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ, ուր իր կազմակերպչական կարողութիւններով եւ տեսլականով կարեւոր դեր ունեցած է կրթական ծրագիրներու զարգացման գործին մէջ։ Ան մշակած է ուսումնական ծրագիրներ եւ ստեղծած ՀԲԸՄ վարժարաններուն համար ամերիկեան չափանիշներու վրայ հիմնուած հայկական կրթական համակարգ մը՝ նպաստելով հայեցի կրթութեան միասնական կառոյցի կազմաւորման եւ զարգացման։ Անոր անմիջական մասնակցութեամբ բազմաթիւ երեխաներ հնարաւորութիւն ունեցած են սորվելու հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ՝ պահպանելով կապն իրենց ազգային արմատներուն եւ ինքնութեան հետ։

Անոր գործունէութիւնը սահմանափակուած չէ միայն ամէնօրեայ վարժարաններով։ Աւելի քան մէկ տասնամեակ ան իր կամաւոր ծառայութիւնը բերած է Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններուն՝ ղեկավարելով գիտակրթական յանձնախումբը։

Տոքթ. Անդրէասեանի մանկավարժական վաստակը գնահատուած է բազմաթիւ պարգեւներով, որոնց շարքին են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ շնորհուած Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալը եւ ՀԲԸՄ-ի բարձրագոյն գնահատագիրները։ Սակայն անոր իրական վաստակը սերունդներն են՝ այն հազարաւոր աշակերտներն ու ուսուցիչները, որոնց կեանքին մէջ ան թողած է անջնջելի հետք։ Պէտք է նշել, որ անոր շնորհիւ բազմաթիւ դպրոցականներ հնարաւորութիւն ունեցած են առաջին անգամ մեկնելու հայրենիք եւ ճանչնալու զայն։

Այսօր, նշելով տոքթոր Էլլի Անդրէասեանի մանկավարժական գործունէութեան 60-ամեակը, մենք կը մեծարենք ոչ միայն վաստակաշատ մանկավարժն ու անուանի գիտնականը, այլեւ կրթութեան, մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու պահպանման անխոնջ ջատագովն ու ազգանուէր հայուհին։

Հարկ է նշել, որ վեց տասնամեակ շարունակ ան կրթած է ոչ միայն աշակերտներ, այլեւ ձեւաւորած է մտածողութիւն, արժեհամակարգ եւ ազգային գիտակցութիւն։ Այն դպրոցները, որոնց ան ծառայած է, դարձած են ոչ միայն ուսումնական հաստատութիւններ, այլեւ համայնքային կարեւոր կրթական կեդրոններ, ուր սորված են գաղութին մէջ յայտնի բազմաթիւ մտաւորականներ, գիտնականներ, բժիշկներ եւ փաստաբաններ։

Այսօր եւս տոքթ. Էլլի Անդրէասեան նոյն նուիրումով եւ երիտասարդական աւիւնով կը շարունակէ ապրիլ եւ արարել։ Անոր ներկայութիւնը կը շարունակէ ոգեշնչել թէ՛ աշակերտները, թէ՛ մանկավարժները եւ թէ՛ ծնողները, իսկ իր անցած ու տակաւին անցնելիք ճանապարհը դարձած է օրինակ բոլոր անոնց համար, որոնք կրթութիւնը կը դիտեն որպէս ծառայութիւն մեր փառապանծ ազգին։ Եւ քանի դեռ հայ դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, քանի դեռ սփիւռքի մէջ հայ երեխան իր մայրենի լեզուով կը մտածէ, կը կարդայ ու կը ստեղծագործէ, նման նուիրեալներու աշխատանքը պիտի շարունակէ իր կենդանի ազդեցութիւնն ունենալ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ազգային կեանքին մէջ։

Թղթակից

 
 
 

Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page