top of page

ՓԵԹԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՆՇԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԸ

6 minutes ago
2 min read

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները 21 Նոյեմբեր 2026, Շաբաթ օր նշեցին հայկական մշակոյթի օրը:

Մշակոյթի օրուան հանդէսը տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին աշակերտներու, ծնողներու, մեծ հայրերու, մեծմայրերու, ինչպէս նաեւ ընտանեկան հիւրերու ներկայութեամբ:

Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի հանրապետութեան օրհներգի միաբերան կատարումով: Ապա, հնչեց հայկական աշխոյժ երաժշտութիւն եւ հանդիսատէսի ծափահարութիւններու մէջ սրահ մտան Անի Մարսէլեանի աշակերտները՝ դպրոցի 3-5 տարեկան սանիկները: Անոնք հայկական մշակոյթը ներկայացնող առարկաներ եւ նշաններ բռնած էին իրենց ձեռքերու մէջ: Այդ դասարանի պարուցոյցը եղած էին դպրոցի շնորհալի կամաւորուհիներ Մարմարը եւ Տերեւը:

Պր. Նորայր Տատուրեանի Աւագ դասարանի աշակերտները ընտիր լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին հայկական մշակոյթի մէկ առարկան կամ երեւոյթը. ինչպէս՝ հայկական տառերը Ա-էն մինչեւ Ք՝ Աստուած առաջին եւ Քրիստոս վերջին, խաչքարը, որպէս կտոր մը դեղին-կարմիր տուֆի վրայ փորագրուած հայոց պատմութիւն, տուտուկը, որպէս հայ ազգի ազնիւ ձայնը, եկեղեցական ճարտարապետութիւնը, որպէս մեր ազգը դէպի լոյս տանող քարակերտ աղօթք, եւ կռունկը, որպէս կարօտի եւ հայրենաբաղձութեան թռչուն, որ մեզի լուր կը բերէ մեր հեռաւոր սիրելիներէն: Այդ ներկայացումէն ետք աւագ դասարանի խումբը արտասանեց Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը:

Ուսուցչուհիներ Մարալ Դաւիթեանի եւ Ազնիւ Սէրայտարեանի աշակերտները իրենց զիլ եւ ժիր ձայնով հնչեցուցին հայոց լեզուին եւ աշնան նուիրուած երեք քողտրիկ երգ. «Ճան, ճան, ճան, աշուն է», «Հայերէն երգենք» եւ «Այբ, բեն, գիմ»: Անոնք կուռ ձայնով արտասանեցին «Ո՜վ մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց» ոտանաւորը:

Հանդէսի բոլոր նուագները կատարեց դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանը:

Դպրոցի տնօրէն Ն. Տատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի եռանդուն ներկայութեան համար, յատկապէս յիշելով, թէ կան ընտանիքներ, որոնք Փեթակ գալու համար 20-30, նոյնիսկ 40 մղոն ինքնաշարժ կը քշեն: Տնօրէնը կատարեց քանի մը յայտարարութիւն, թէ իր աւարտին կը հասնի Մարաշի հայկական աւանդական ասեղնագործութեան յատուկ թասընթացքը, որուն վարժուհին էր Մարօ Գույումճեանը, իսկ յաջորդ դասընթացքը պիտի ըլլայ մէկ այլ հայկական աւանդական ընտիր արուեստ՝ «Թռչնագիր տառեր»ը: Թասընթացքները կը կատարուին օրական երկու անգամ, առաւօտուն ծնողներու, իսկ յետմիջօրէին աշակերտներու համար: Առաւելաբար, «Փեթակ»ը կը պատրաստուի իր առաջին տարեգիրքը հրատարակել: Անոր համար ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը: Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով:

Իսկ սրահէն դուրս, դպրոցի ծնողական օժանդակ մարմինը կազմակերպած էր հայկական գեղանկարներով զարդարուած տնային առարկաներու վաճառք: Ամէն ընտանիք տուն տարաւ հայկական ճաշակով եւ գիրերով զարդարուած ձեռնոց մը, խոհարարի գոգնոց մը, սուրճի աման մը, դպրոցի պայուսակ մը, սուրճի ափսէ մը, եւ այլն:

Փեթակ դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Իր հայերէնի դասարաններով, երգի եւ պարի ժամերով, թատերական վարժութիւններով, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական ձեռագործ արուեստներուն նուիրուած թասընթացքներով Փեթակը կը ծառայէ 3-13 տարեկան հայորդիներուն, անկախ՝ հայերէնի իմացութեան մակարդակէն: Արձանագրուելու կամ տեղեկութիւն ստանալու համար դիմել https://www.petagstgwd.com/ հասցէին, կամ գրաւոր պատգամ ուղարկել. (626) 660 9443 :


Նորայր Տատուրեան


Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page