«Փեթակ» Շաբաթօրեայ Դպրոցի Աշակերտները Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը
- 2 minutes ago
- 2 min read

Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2026-ին, «Փեթակ» Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտութիւնը հանդիսաւոր կերպով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը՝ իր մասնակցութիւնը բերելով յիշատակի եւ արժեւորման այս կարեւոր օրուան։
Ծրագիրը սկսաւ աղօթքով եւ Հայաստանի քայլերգով՝ ստեղծելով լուրջ եւ յարգալից մթնոլորտ։ Այնուհետեւ դպրոցի տնօրէն Պրն. Նորայր Տատուրեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան ընդգծեց օրուան խորհուրդը՝ յիշեցնելով մեր պատմութեան այս ողբերգական էջը եւ միաժամանակ շեշտեց հայկական ինքնութիւնը պահպանելու, հայ մշակոյթը զարգացնելու եւ հայերէն լեզուն կենդանի պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս ազգային գոյատեւման հիմնասիւներ եւ լաւագոյն վահանը մշակութային ցեղասպանութեան եւ ոչնչացման դէմ։

Բացման խօսքէն ետք տնօրէնը հրաւիրեց օրուան հիւրը՝ ներկայացնելու «Կարմիր Վզկապ» անուանումը կրող կենդանապատում շարժապատկերը։ Ֆիլմը կը պատմէ ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկ Գրիգորի յուզիչ եւ խոր ազդեցութիւն ձգող պատմութիւնը՝ անդրադառնալով կորստեան, յիշողութեան եւ գոյատեւման թեմաներուն։
Շարժապատկերի մտահղացման եւ իրականացման մէջ իր նշանակալի ներդրումը ունեցած Արփի Գրիգորեան բեմ բարձրացաւ՝ կիսուելու իր անձնական ապրումներով եւ ստեղծագործական ճանապարհով։ Ան ներկայացուց ֆիլմի պատրաստման փուլերը, գաղափարի ծնունդը եւ այն մարտահրաւէրները, որոնք յաղթահարուած են այս կարեւոր գործը իրականութիւն դարձնելու ընթացքին։
Ապա ցուցադրուեցաւ «Կարմիր Վզկապ» շարժապատկերը, որ խորապէս յուզեց ներկաները։ Ֆիլմը, թէեւ տխուր բովանդակութիւն ունէր, սակայն միաժամանակ ներշնչեց հպարտութիւն եւ տոկունութեան զգացում՝ վկայելով հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին մասին։

Ծրագրի յաջորդ բաժնին մէջ աշակերտներն ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը՝ դէպի խաչքար, ուր կատարեցին իրենց յարգանքի տուրքը։ Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին եւ խոնարհումով յիշեցին մեր նահատակները՝ վերանորոգելով իրենց հաւատարմութիւնը ազգային յիշողութեան եւ արժէքներուն։ Մանկապարտէզի սաները անմոռուկի նկարներ բռնած, իսկ աւագները՝ դրօշակներ, հպարտութեամբ երգեցին «Բաց երկինք, մի երկիր, երկնքի տակ թանգարան — Հայաստան» երգը։
Օրը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի քայլերգով՝ կրկին անգամ շեշտելով միասնականութիւնը, յիշողութիւնը եւ շարունակականութիւնը։
Այս ձեռնարկը ոչ միայն յիշատակի արարողութիւն մըն էր, այլեւ կրթական եւ հոգեւոր կարեւոր փորձառութիւն աշակերտներուն համար, որոնք իրենց մասնակցութեամբ վերահաստատեցին, թէ նոր սերունդը կը շարունակէ պահպանել եւ փոխանցել մեր ազգային արժէքները։
Անի Մարսէլեան
Վարժարանի ուսուցչուհի
«Փեթակ» շաբաթօրեայ վարժարանը կը գործէ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տանիքին տակ։ Դպրոցը հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ 3-13 տարեկան հայորդիներուն։
2026-27 տարեշրջանի արձանագրութեան համար դիմել (626) 660 9443 թիւին կամ գրել՝ saturdayschool@stgpas.com հասցէին։ Կայքէջ՝ www.petagstgwd.com





Comments