ՔԵՍԱՊԻ ԲԱՐԲԱՌԻ ԲՈՒՍԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆ
- gumruyan
- Jul 27
- 1 min read

304 էջ, պատկերազարդ ու գունատիպ
Քեսապցի հայը դար ու դարեր ապրելով իր այդ մեկուսի միջավայրին մէջ՝ լաւապէս ճանչցեր է իր շրջապատը, անոր բուսական ծածկոյթը, մշակովի ու վայրի բոյսերը, ոմանք ճանչցած է բարբառի փոխակերպուած հին անուններով, իսկ ուրիշներուն տուած՝ նոր անուններ:
Ինծի համար խղճի հարց եղաւ պատրաստել այս գիրքը։
Իւրաքանչիւր բուսանուն կը քննարկուի հետեւեալ հերթականութեամբ․
- Բուսանունը՝ բարբառի հնչիւնական համակարգին համաձայն։
- Լուսանկարներ։
- Գիտական անուանումն ու ընտանիքը։
- Բառին ստուգաբանութիւնը, հնչիւնական վերականգնումը, կազմութիւնը, բառին կամ բոյսին մասին վկայութիւններ, հայերէն համարժէքը։
- Նկարագրութիւնը՝ տեսակը, յատկութիւնները, աճման տեղը, ժամանակը, փոխակերպումները։
- Գործառոյթները, իբրեւ խոհանոցի հումք, անասնակեր, շինանիւթ, ժողովրդական բժշկութեան մէջ իբրեւ դեղամիջոց, արդիւնաբերութիւն, հումքի արտահանում, տնայնագործութիւն։ Պէտք է նշել, որ այստեղ մենք չենք օգտագործած բուսաբանութեան մէջ արձանագրուած գործառոյթները, այլ բաւարարուած ենք միայն քեսապցիի փորձառութիւնը փոխանցելով։
- Ժողովրդական խաղերու, հաւատալիքներու եւ բանահիւսութեան մէջ անոր ներկայութիւնը՝ զրոյց, առակ, առած, հեքիաթ, հանելուկ եւ այլն։
Քեսապցիի կեանքին մէջ կան նաեւ սրբացուած ծառեր, ինչպէս փշակաղնին ու սօսին, ձիթենին ու դափնին, զորս կը տեսնես ուխտավայրերու մէջ, ուխտապուր կ՛եփես անոնց շուքին ու ադար կը կապես անոնց ճիւղերուն։
Տնտեսութեան ու գիւղական աշխատանքներու փոփոխութեան հետեւանքով շատ անուններ կրնային մոռցուած ըլլալ․ մեր արձանագրածներուն թիւը կ՛անցնի 600-ը:
«Քեսապ Հայրենակցական Միաւորումի կազմակերպութեամբ գիրքի շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 1 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) կեդրոնէն ներս, Երեւան, Բաղրամեան 18։ Մուտքն ազատ է:
Թղթակից





Comments