top of page

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՈՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ՄԱՍՇՏԱՊՈՎ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱԶՄԵՐԱԽՏ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ree

«Կրթութիւնն ու երիտասարդութիւնը յոյսի փարոս ու աղբիւր են մեր ազգի ու եկեղեցու համար։ Անոնք մեր լուսապայծառ ապագան կ՛երաշխաւորեն մեզ առաջնորդելով դէպի նաւահանգիստը խաղաղութեան ու անդորր կեանքին: Թէ՛ Հայաստանի մէջ թէ Թեմական մակարդակով մեր երիտասարդութեան բարձրագոյն ուսումը, մասնագիտական ու նորարարական ծրագիրները ու մրցունակ ոգին պիտի կերտեն Հայրենիքի ու հայկական սփիւռքի վաղուայ լուսահրաշ ապագան»։

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան

ree

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը մեր հաւաքական կեանքէն ներս գերագոյն արժէքներու, Աւետարանի բացատրութեամբ՝ սրբազան գանձերու շարքին կը նկատուին կրօնական ու հայեցի կրթութիւնը եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Թեմական մակարդակով․ մասնաւոր կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ուսումնակակրթական զանազան կառոյցներու ու ծրագիրներու։ Սրբազան այս նախաձեռնութիւններու գոյութեան պատճառը՝ ամերիկահայ աշակերտին ու երիտասարդին հոգին պայծառացնել է մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու բարոյական սկզբունքներով, միտքը ծաղկեցնել է մեր ժողովուրդի ոգեղէն ու մշակութային արժէքներով, ողջ էութիւնը կազմաւորել է մեր ազգային ձգտումներով անոր մէջ կերտելով վաւերական քրիստոնեայի ու ճշմարիտ հայու նկարագիրը։ Իսկ Հայրենիքէն ներս տարուած աշխատանքները բնականաբար կը միտին զարկ տալ գիտութեան զարգացման եւ հայ երիտասարդին իր նպաստը բերելու հայրենաշինութեան նուիրական գործին։

Արդարեւ, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը եւ Թեմի հովանու ներքոյ գործող բոլոր եկեղեցիներն ու կառոյցները յատուկ լրջութեամբ, խոր երկիւղածութեամբ ու սրբազան նախանձախնդրութեամբ կը մօտենան եւ կը կազմակերպեն ուսումնական բազմազան նախաձեռնութիւններ ու ծրագրեր, որոնք Առաջնորդարանի հոգեւոր, հովուական, հրատարակչական եւ շինարարական եւ այլ ծրագիրներու կողքին նշեալ հաստատութիւնները կը համարուին հայակերտումի եզակի հարթակներ, ամերիկահայ պատանիին ու երիտասարդին, ապագայ հայ ընտանիքին մէջ վառ պահելու մեր հոգեմտաւոր արժէքները։ Շնորհիւ Առաջնորդ Յովնան Սրբազանի ջանքերուն այսօր Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներն իրենց հայաբոյր մթնոլորտով դարձած են այն միջավայրը, ուր հայը կարողացած է անաղարտ պահել իր հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու անկորնչելի գանձերը։ Անցնող տասնամեակներու ընթացքին Արեւմտեան Թեմէն ներս ուր որ եկեղեցի մը շինուեցաւ քովը նաեւ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոց մը բացուեցաւ։ Եւ այսօր, Արեւմտեան Թեմի գրեթէ բոլոր ծուխերէն ներս եկեղեցիներու կողքին կրթօջախներ ունինք, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ լեզուի ու դպրութեան նկատմամբ մեր հաւատաւոր ժողովուրդին ունեցած նախանձախնդրութեան ու ակնկալութեան։ Իսկ Արեւմտեան Թեմի Հայաստանի մէջ կրթական ծրագրերու առաքելութիւնները արդիւնաւէտ ընթացքը նոր մղումով ու թափով կը շարունակուի՝ երաշխաւորելով մեծ թիւով երիտասարդներու բարձրագոյն ուսման բարեյաջող ընթացքը եւ փայլուն ապագան։

Ստորեւ ամփոփ կերպով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը ներկայացնենք ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ Հայաստանի մէջ կրթական ոլորտէն ներս ուսումնական մեծածաւալ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իրականացած կամ ընթացքի մէջ գտնուող բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք մշտապէս ուշադրութեան եւ հոգածութեան առանցքը կը կազմեն Թեմի ժողովականութեան, հոգեւորականաց դասին ու հաւատաւոր մեր ժողովուրդի զաւակներուն։


«ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ


«Յովնան Արք. Տէրտէրեան Կրթաթոշակ» Հիմնադրամը (The Archbishop Hovnan Derderian Scholarship Fund), ստեղծուած է 2013-ին՝ հիմնական նպատակ ունենալով աջակցել Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներուն եւ սաներուն, այն համոզումով, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ հայկական դպրոցէ հայեցի կրթութիւն ստանայ։ Հիմնադրամը արդարեւ կ՛օգնէ ֆինանսական կարիք ունեցող ընտանիքներու զաւակներուն՝ երաշխաւորելով հայ ուսանողներուն կրթաթոշակային նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, անցնող աւելի քան տաս տարիներու ընթացքին՝ վերածուելով մնայուն հիմնադրամի։

ree

«ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ» (FRIENDS OF YSU)


2024 թուականի Յուլիսի 30-ին ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, Առաջնորդարանէն ներս հաստատուեցաւ «Երեւանի Պետական Համալսարանի Բարեկամներ» (Friends of YSU) բարեսիրական հիմնադրամը մասնակցութեամբ ԵՊՀ ղեկավարներուն եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրերու։ Հիմնադրամը նպատակ ունի զանազան միջոցներով աջակցելու ԵՊՀ կրթական ու գիտական ծրագրերուն եւ այդ կերպ նաեւ՝ Հայաստանի զարգացմանը։ 2023 թուականին Արցախեան բռնի տեղահանութենէն ետք Արեւմտեան Թեմը հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր աջակցութիւնը բերաւ ԵՊՀ-ին՝ մասնակի փոխհատուցելով հարիւրաւոր արցախցի ուսանողներու ուսման վճարները։ Սոյն հիմնադրամը ոսկեկամուրջ հանդիսացաւ Թեմի ու ԵՊՀ-ի, ուսանողութեան ու Հայաստանին միջեւ։ 2025 թուականին Յուլիսի 17-ին, Լոս Անճելեսի մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ այս հիմնադրամի տարեդարձը։


FAST

FAST (Foundation for Armenian Science and Technology) կազմակերպութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ արտասահմանի հայազգի թեկնածուներուն, որոնք կը ցանկան գիտահետազօտական իրենց ուսումնասիրութիւնը շարունակել ՝ STEM-ի հետ կապուած ոլորտներէն ներս։ Ծրագիրն ուսանողներուն կը տրամադրէ ֆինանսական եւ էական միջոցներ՝ անոնց հնարաւորութիւն տալով կենդրոնանալու իրենց հետազօտական ոլորտներուն վրայ եւ իրենց նպաստը ունենալ համաշխարհային կամ տեղական տնտեսութեան զարգացման վրայ: FAST-ի հիմնական նպատակներէն է նաեւ Հայաստանի մէջ «արհեստական բանականութեան» (AI) ոլորտի մասնագէտներու պատրաստութիւնը, որուն միտուած է «AI սերունդ» ծրագիրը կրթութեան բոլոր մակարդակներու վրայ։ Միանալով FAST-ի ծրագրին, այդպիսով Արեւմտեան թեմը կը դառնայ արդի գիտարուեստական առաջընթացի քաջալերողն ու աջակիցը։

ree

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ (AUA)


2019 Դեկտեմբերէն սկսեալ Արեւմտեան Թեմը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) որպէս «հիմնասիւն» (Pillar of AUA), «Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կրթաթոշակային հիմնադրամ»-ի միջոցով իր նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը կը բերէ համալսարանի տարբեր ծրագիրներուն։ ՀԱՀ-ի 100 Սիւներ խումբը կազմուած է 100 նուիրատուներէ, որ հիմնադրութեան առաջին հինգ տարիներու ընթացքին 50 հազար եւ աւելի ամերիկեան տոլար նուիրաբերեցին համալսարանին։ ՀԱՀ-ին յատկացուած գումարներուն շնորհիւ հնարաւոր կը դառնայ բարձրակարգ դասախօսներ հրաւիրել, ռազմավարական կրթական նոր ծրագրեր մշակել։

ree

ՀԱՌԻՃԱՎԱՆՔԻ ԹՐԲԱՆՃԵԱՆ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ


2012 թուականէն սկսեալ Արեւմտեան Թեմը, իր գլխաւոր բարերարներէն Ջերալդ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու հովանաւորութեամբ, ամբողջութեամբ նորոգեցին եւ վերականգնեցին Հառիճավանքին համալիրն ու Հառիճավանքին կից պատմական ընծայարանի լսարանական ու հանրակացարանային մասնաշէնքերը՝ արդի բոլոր պահանջներուն համապաստասխան։ Այսօր Հառիճավանքի Թրբանճեան ընծայարանը, բոլորովին նոր կարգավիճակով, ուսանողներուն կը մատուցէ հայեցի ու հոգեւոր կրթութիւն՝ շրջանաւարտներուն հնարաւորութիւն տալով իրենց հոգեւոր բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու Մայր Աթոռէն ներս։ Այսօր Ընծայարանը Արեւմտեան Թեմի եւ անձամբ Առաջնորդ Սրբազանի մնայուն ուշադրութեան առանցքը կը կազմէ, Հայաստան կատարած իր այցելութիւններու ժամանակ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոսը բազմիցս է այցելած ընծայարան։

ree

ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԵՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐ


Արեւմտեանէն Թեմէն ներս մեծ է Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն դերը, որոնք կոչուած են հոգեւոր ու ազգային արժէքներով հարստացնելու ամերիկահայ պատանիի եւ երիտասարդի հոգին, նպաստելու մարդակերտութեան ու հայակերտութեան վսեմ գործին, մեր զաւակները գիտակ դարձնելու մտաւոր ու բարոյական զարգացման, վերջապէս առօրեայ կեանքի մարտահրաւէրներուն պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան։ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան մեծապէս կը գնահատէ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու նուիրական աշխատանքը, որոնք նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմաւորման առնչութեամբ ունին իրենց կարեւոր տեղն ու դերը: Իսկ Շաբաթօրեայ դպրոցներու միջոցով մեր զաւակներուն կը փոխանցուի Մայրենի լեզուն, ազգային ոգին, ուր կը կերտուի վաւերական հայը, որ ձեռք կը բերէ ազգային սրբազան արժէքներու, պատմութեան ու հայոց մեծերու ճանաչողութիւնը եւ այնպիսի գիտելիքներ, որոնք կը նպաստեն անոր ինքնութեան զօրացման` երաշխաւորելով նաեւ հետագայ ներգրաւումը համայնքային ու ծխական ծառայական կեանքին մէջ: Ամէնեւին ալ պատահական չէ, որ Շաբաթօրեայ վարժարաններու թեմական ցանցը, սփիւռքի պատմութեան մէջ, առաջին անգամ յաւաստիագիր ստացաւ WASC-ի նման հեղինակաւոր ամերիկեան կազմակերպութեան կողմէ։

Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներու կողքին Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ եւ նոյնիսկ ամենօրեայ դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը կը հետապնդէ անվտանգ պահել հայու մաքուր նկարագիրը, Աւետարանական ուսուցումներուն նկատմամբ իմացութիւնը եւ խորացնել սէրը հայ լեզուին նկատմամբ ու պատմութեան ճամբով ամերիկահայ նորահաս սերունդը կապել Հայրենիքին՝ Հայաստանին, ուխտելով հաւատարիմ մնալ մեր նախնեաց կտակին ու պատգամին: Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան առաւել զարկ ու լրջութիւն տալու նպատակով Յովնան Սրբազանի հովանաւորութեամբ Առաջնորդարանին ճամբով տարուայ ընթացքին կը կազմակերպուին բազմաթիւ վերապատրաստման ու վերաորակաւորման դասընթացքներ` առաւել հզօրացնելու համար Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ եւ ամենօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը եւ շեշտելու ուսուցչական կազմերու գնահատելի ու վճռորոշ դերը մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման ու տարածման գործին: Վերջապէս, կ՛ուզենք յայտնել, որ անցնող տարիներուն մասնաւոր մանկավարժական գիրքերու հրատարակութեան զուգահեռ Առաջնորդարանը պատրաստեց նաեւ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու համար օգտաշատ կրթական եւ դաստիարակչական ծրագրեր (curriculum), որոնք կը միտին ներդաշնակ ու կազմակերպուած կերպով կատարել ուսուցումները։

Ինչպէս ընտանիքը, եկեղեցին ու հայրենիքը սիրելի են բոլորիս համար, նո՛յնը պէտք է ըլլան նաեւ մեր ուսումնական կառոյցները։ Արեւմտեան Թեմը յանձնառու է, որ ազգին միջնաբերդը, մեր ազգային ինքնութեան աղբիւրը, մեր յաւերժութեան երաշխիքը՝ ուսումնական հաստատութիւնները, մեր հաւաքական աշխատանքով ու նուիրումով պահենք հզօր, որպէսզի անոնցմով՝ որպէս ազգ ու եկեղեցի դառնանք էլ աւելի հզօր։

ree

ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի ամնիջական հովանաւորութեամբ գործող Յովսէփեան վարժարանը Ամերիկայի ափերուն ապրող հայ աշակերտներուն եզակի առիթ ընձեռեց սորվելու իրենց մայրենի լեզուն, հաղորդուելու մեր պատմութեան մեծապայծառ դէմքերուն հետ եւ ծանօթանալու հայոց գրականութեան:

Փասատինային կրթական կարեւոր կարոյցներէն կը համարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած եւ անոր անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող Յովսէփեան ամէնօրեայ վարժարանը, որ աջակցութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայութեան 1983 թուականին սկիզբ կ՛առնեն շինարարական աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտին հասնելով 1984-ին՝ պաշտօնապէս կ՛ընդունին ուսանողութեան առաջին սերունդը։ Անցնող տարիներուն, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Թեմի ժողովականութիւնն ու Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովութիւնը, ոչ մէկ ջանք չխնայելով ի խնդիր Մայր Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքի պահպանութեան, իրենց լայնածաւալ առաքելութեան զուգահեռ՝ օրակարգի կիզակէտ կը դարձնեն Յովսէփեան ամէնօրեայ վարժարանը ինչպէս նաեւ սերունդներու հայապահպանութեան հարցը եւ ոսկեղնիկ մեր լեզուի ուսուցումը։ ԱՄՆ Արեւմտեան ափերուն վրայ գնահատելի ջանադրութեամբ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցել, լեզու եւ մշակոյթ պահել, կը նշանակէ մեր նոր սերունդի զաւակներուն մէջ կենդանի ու կանգուն պահել մեր  դարաւոր հաստատութիւնները:

Նկատի ունենալով մեր համայնքէն ներս աշակերտներու թուաքանակի աւելացումը եւ ըստ այդմ նոր դպրոցներ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը՝ Արեւմտան թեմը նախաձեռնած է ամենօրեայ երկու նոր դպրոցներու ստեղծում։ Յառաջիկային տեղի պիտի ունենան Կլենտէյլի եւ Լաս Վեկասի եկեղեցիներուն կից հայկական ամենօրեայ վարժարաններու հիմնարկէքը, որոնք յառաջիկային նոյնպէս պիտի ընդունեն հայ սաներուն հայեցի կրթութեան համար, դառնալով՝ անխախտ խարիսխները մեր հաւատքին, մեր գոյութեան ու գոյատեւման։


Փա՛ռք ու պատիւ` դպրոցներու հիմնադիրներուն եւ առաջին եւ իրերայաջորդ տնօրէններուն, ուսուցչական անձնակազմերուն, եւ` բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ իրագործել դպրոցաշինութեան դժուարին, սակայն նուիրական գործը:


Դիւան Առաջնորդարանի


Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page