ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ․ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 34-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
- gumruyan
- Sep 21
- 2 min read

Սիրելի՛ հարազատներ,
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի մեր եկեղեցիներուն մէջ այսօր կը յիշատակենք Հայաստանի վերանկախութեան 34-րդ ամեակը, որ հրաշալի առիթ մըն է մեր աղօթքներն ու մաղթանքներու բարձրացնելու առ Ամնեապարին Աստուած մեր Հայրենիքի հզօրացման, անսասանութեան եւ մեր ազգի բարօրութեան ու վերելքին համար։
Ահաւասիկ դարձեալ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի կը նշենք Հայաստանի վերանկախութեան 34-Ամեակը, որ արդիւնք էր հայ ժողովուդի անկախութեան միահամուռ տենչանքին, մեր անդադրում մաքառումներուն, հաւատքին ու համբերութեան: Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը մեզի առիթ կու տայ յետադարձ ակնարկ մը նետելու մեր անցեալին ու միասնաբար գործելու ի խնդիր մեր Հայրենիքի պայծառ ապագային:
Այսօր, երբ ազգովի կը գտնուինք բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ եւ կը գիտակցինք մեծ տագնապներ դիմակայելու պարտաւորութիւնն ու գիտակցութիւնը, որպէս մէկ ու անբաժան ազգի զաւակներ հրաւիրուած ենք հաւատքի ուխտով, սրտի ողջ կորովով, մեծ եռանդով ու հայրենանուէր ձգտումներով այդ բոլորը յաղթահարելու եւ միասնաբար լծուելու մեր պետականութիւնը ամրագրելու, մեր հոգեւոր ու հայրենական արժէքները պաշտպանելու եւ լծուելու հայրենակերտումի նուրիրական ու անյետաձգելի գործին:
Կը հաւատանք, որ հայուն մէջ անշէջ պիտի մնան անկախութեան ոգին ու մեր ազգի յաւերժութեան տեսլականը, ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման, մեր ազգային արժէքներու պահպանման եւ լուսաւոր ու պայծառ ապագայի կերտումին։
Մեր անցեալի ու ներկայի բոլոր նահատակները, որոնք մեր ազգի ազատութեան ու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց ամենաթանկը՝ իրենց կեանքը տուին, այսօր արդար պահանջ մը ունին բոլորէս, շարունակել հաւատարիմ մնալ անոնց սրբազան ու անժամանցելի աւանդին, յարգանքի արդար տուրքը տալով անոնց՝ տէր կանգնելով մեր հայրենիքին։
Հակառակ բոլոր մարտահրէրներուոն՝ մեր յոյսը պէտք չէ մարի մեր ազգի ապագային նկատմամբ, այլ ընդհակառակը, աղօթքով, միասնական աշխատանքով եւ նուիրումով հայրենասիրութեան բոցավառ ջահը կենդանի ու վառ պիտի պահենք հայու գիտակցութեան, մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտի ու հոգու եւ ապագայ բոլոր սերունդներուն մէջ:
Հայաստանի անկախութեան 34-Ամեակին առիթով Բարձրեալն Աստուծոյ զօրութիւնը կը հայցենք, սիրով եւ միաբանութեամբ ընթանալու դէպի ազգային-եկեղեցական նոր խոյանքներ եւ նոր կերտումներ: Աղօթենք, որ Աստուած խաղաղութիւն, շինութիւն, բարօրութիւն եւ ապահովութիւն պարգեւէ մեր հարենիքին՝ Հայաստանին եւ անսասանութիւն՝ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Խունկ եւ աղօթք Հայաստանի մեր հերոսներու հոգիներուն եւ հազար փառք հայրենակերտ ու հերոսածին հայ ժողովուրդին։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի
Սեպտեմբեր 21, 2025





Comments