top of page

«Բամպակ» կատուն շաբաթօրեայ դպրոց այցելեց

ree

6 Դեկտեմբեր 2025, շաբաթ օր, Փասատենա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը հիւրընկալեց «Բամպակ» պատանեկան գիրքի հեղինակ Լիզա Մանոյեանը, դպրոցական օրը վերածելով հէքիաթային, միեւնոյն ժամանակ կենդանաբանական գիտելիքներով հարուստ հանդիսութեան մը:

«Բամպակ». ի՛նչ բնական եւ գեղեցիկ անուն ընտակեկան կատուի մը համար: Մանոյեան ընտանիքը երբ հասունացող դուստրին կը հարցնէ, թէ որպէս երկրորդական դպրոցի շրջանաւարտութեան նուէր ի՛նչ կը փափաքի: Երիտասարդուհին փոխանակ «Ժամացոյց», կամ «Ոսկի ապարանջան» պահանջելու, կը զարմացնէ իր ծնողները եւ կ’ըսէ՝ «…Կատու մը»: Շուտով Մանոյեան բնակարանը կ’ունենայ նորածին կատու մը: Զայն կ’անուանեն «Բամպակ», իր սպիտակափայլ, փափուկ մազերէն ներշնչուած: (Առանց գիտնալու, թէ նորածին կատուները գոյն կը փոխեն: Բամպակը այժմ մոխրագոյն է:

Տիկին Մանոյեանը աշակերտներու հետաքրքիր նայուածքներու տակ մտաւ դպրոց: Ան բերած էր գիրքի բազմաթիւ օրինակներ, ինչպէս նաեւ անոր մէջ լոյս տեսած նկարներու բնօրինակները: Հիւր հեղինակը նախ խօսեցաւ Բամպակի առօրեայի մասին եւ պատմեց անոր առտնին ծիծաղելի արկածախնդրութիւնները: Աշակերտները հրճուանքով (երբեմն ալ ծափելով) լսեցին այդ սիրունատես փոքրիկն «Մանոյեան»ի հէքիաթային չարաճճիութիւնները:

Հեղինակը Բամպակի բազմաթիւ լուսանկարներ ցոյց տուաւ եւ աշակերներուն պատմեց կատուներու յատուկ կենդանակաբանական գիտելիքներ, թէ անոնք սուր լսողութիւն ունին, որովհետեւ կ’ունենան ականջի 32 մկաններ, կը մռմռան երբ գգուանք վայելեն, իրենց պոչը կը ձեւափոխուի երբ տարածքի մէջ օտար կենդանի նկատեն, նոյնիսկ «խմոր կը շաղեն», այսինքն իրենց թաթերը ծածկոցի մէջ խռած կը խաղան, որպէսզի խաղաղին:

ree

Բամպակը հայախօս է: Չ՞էք հաւատար: Ան իր «մօր» եւ «հօր» հայերէն հրահանգները բառ առ բառ կը կատարէ: Ան նաեւ հայկական դասական երաժշտութեան հաւատարիմ ունկնդիր է: Երբ հեռատեսիլի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան 30ամեակի ուղիղ հաղորդումի ժամանակ Ա. Խաչատարեանի «Սուրերու պարը»ն նուագեր է, Բամպակը իր անկողինէն վազելով եկեր է պաստառին առջեւ եւ անթարթ եւ ամբողջութեամբ լսեր է այդ կտորը:

Բամպակը բարեսիրտ է: Թաղի մէջ քաղցկեղէ տառապող հիւանդի մը անդորրութիւն տուած է անոր գիրկը նստելով եւ արտօնելով որ այդ տիկինը իր մազերը շոյէ որքան որ ուզէ:

Գիրքն իր մէջ կը պարունակէ սէր, գուրգուրանք եւ ընտանեկան ջերմութիւն: Աշակերտները յափշտակուած լսեցին, դիտեցին եւ վայելեցին այդ պատմութիւնները: Իսկ աւարտին անոնք գիրքէ հատոր մը գրկած շտապեցին հեղինակին, որպէսզի ան իրենց անունը մակագրէ անուանաթերթի վրայ: Տիկին Մանոյեանը իր մակագրութեան մէջ մաղթեց, որ Փեթակի աշակերները մնան ընթերցասէր եւ իրենց փոքրիկ գրադարաններու մէջ ունենան հայկական բազմաթիւ այլ գիրքեր:

«Բամպակը» 20 էջ է: Զարդարուած է քողտրիկ նկարներով: Գիրքը ունի տպագրական ոլորուն եւ փափուկ տառատեսակ մը, որ մանուկներու աչքին հաճելի է: Օրուան աւարտին դպրոցի կամաւորներ Մարմարը եւ Տերեւը հիւր հեղինակին նուիրեցին փունջ մը ծաղիկ եւ շնորհակալական բացիկ մը: Իսկ տնօրէն Նորայր Տատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Լիզա Մանոյեանին, որ սիրով եկաւ դպրոց եւ ուսուցչուհիի իր բազմամեայ հեղինակութեամբ դաստիարակիչ, մինեւնոյն ժամանակ զուարճալի ներկայացում մը պարգեւեց աշակերտներուն: Դպրոցի սաներն ու սանուհիները, իրենց կարգին, ականատես եղան գիրքի մը մակագրութեան, եւ իրենց դասարանի ուսուցիչներու օրինակով տեսան, թէ ինչպէս պէտք է յարգել եւ որպէս հիւր ընդունիլ հեղինակ մը:

Կը մղթենք որ Լ. Մանոյեանի գրիչը դալար մնայ եւ «Բամպակ»ին հետեւին այլ գիրքեր:

«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը 65 տարիէ ի վեր 4-14 տարեկան հայորդիներուն հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ: Լեզուի դասերէն բացի, ան ունի երգի, պարի եւ թատրոնի ժամեր: Արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Դիմելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար այցելել www.petagstgwd.com, գրել՝saturdayschool@stgpas.com հասցէին, կամ գրաւոր պատգամ ձգել (626) 660-9443 թիւին:


Հաղորդագրութիւնը՝ դպրոցէն

Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page