Գրիչը ձեռքը առնողը
- gumruyan
- Aug 10
- 2 min read

Գրիչ ըսինք, բայց կը խորհիմ թէ այլեւս գրիչ գործածող չէ մնացած։ Ստեղնաշարը եկաւ գրիչին տեղը գրաւեց։ Ուրեմն սապէս սկսինք խօսիլ։ Իր առջեւ ստեղնաշար մը գտնողը խելքին փչածը կը գրէ ամէն տեսակ ընկերային հարթակներու վրայ։ Կ'ըսուի թէ «Իքս» հարթակին վրայ կան միլիոններով վարձու կամ կեղծ հաշիւներ, որոնց միակ գործը առտուընէ մինչեւ գիշեր ասդին անդին հայհոյել, յարձակումներ, զրպարտութիւններ եւ անհիմն ամբաստանութիւններ ընել է։
«Դիմատետր»ի եւ «Ինսթակրամ»ի վրայ ալ կացութիւնը տարբեր չէ։ Հետեւորդ շահելու արշաւ մը կայ. հասկնալի է, քանի իրենց հետեւորդներուն թիւը կ'աւելնայ, այնքան իրենց շաբթական կամ ամսական գրպանած դրամներուն քանակութիւնը կը բարձրանայ։ Այդ թիւն ալ բարձրացնելու համար ամէն ինչ կ'ընեն, հոգ չէ թէ ուրիշներուն վնաս կը հասցնեն, հոգ չէ թէ շատ անգամ իրենց ագահութեամբ ու ծակաչքութեամբ ուրիշներուն իրաւունքին ձեռք կ'երկարեն ու կը լեցնեն իրենց անօթի փորը։ Սա նորաձեւութիւն մըն է որ աշխարհին ամէն կողմը տարածուած է եւ դժբախտաբար օրէ օր աւելի լուրջ, աւելի վտանգաւոր կը դառնայ։
Անշուշտ այս նորաձեւութենէն մենք եւս իբրեւ համայնք մեր բաժինը առած ենք։ Մեր մօտ կան շատեր երբ կը նստին իրենց համակարգիչին ստեղնաշարին առջեւ կամ կ'առնեն իրենց բջիջային ու խելացի հեռաձայնները, կարծես կը դառնան մէյ մէկ լրագրող, կամ դատաւոր կամ չես գիտեր ինչ, կը սկսին վճիռներ արձակել սա կամ նա անձին կամ հաստատութեան հասցէին, մէկ հոգիին կը զայրանան բայց իրենց անհեթեթ ու անմիտ գրութիւններով 100 հոգի մէկ ջուրով կը լուան։ Ո՛չ կեցիր ըսող կայ, ոչ ինչ կ'ընես եղբայր ըսող կայ, ոչ ալ խելքդ գլուխդ ժողվէ ըսող կայ։ Միայն ծափ բռնողներ կան, պնակալէզներ կան որ ոչ մէկ առիթը կը փախցնեն իրենց շողոքորթութիւնը ցուցադրելու համար եւ անմիջապէս այդ գրութեան տակը իրենց հաւանութիւնը կը յայտնեն առանց պրպտելու թէ որքան իրաւացի է ամբաստանութիւնը։ Օրինակի համար մէկը կը զայրանայ պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներէն մէկուն, կ'ելլէ Դիմատետրի կամ Ինսթակրամի վրայ ափեղցփեղ գրութիւն մը կը հրատարակէ, եւ այդ մէկ ներկայացուցչին հետ միասին պոլսահայ ամբողջ մամուլը անպատասխանատու, ծոյլ, լկրտած կ'որակէ մոռնալով թէ քանի անգամներ երբ ինք գործ մը կ'ունենայ, կուգայ եւ անոնց առջեւ տասը «թաքլա» նետելով կը ջանայ իր գործը քալեցնել։
Ասոնց ըրածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ գրիչը մրոտել։
ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Մարմարա
Commentaires