ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ
- gumruyan
- Sep 14
- 3 min read

Խաչվերացի տօնին Հայց. եկեղեցին վեր կը բարձրացնէ այն նշանը, որ մեր ժողովուրդը առաջնորդած է գիշեր ու ցերեկը, վիշտի եւ ուրախութեան, կեանքի ուղիներու մէջ ու մահուան եզրին։ Ուստի, մենք չենք փառաբաներ փայտի կտորը, այլ այն խորհուրդը, որ զայն կը կրէ՝ Միածինի զոհաբերական սէրը։ Խաչը մեր դրօշն է եւ մեր կողմնացոյցը, այն առանցքը, ուր երկինքն ու երկիրը կը հանդիպին, եւ Կենաց ծառը՝ պատմութեան կեդրոնը։
Հայոց եկեղեցական աւանդութեան մէջ Խաչը կը կոչուի կենսատու, յաղթական եւ լուսաշող։ Շարականներու մէջ կը գովաբանուի որպէս Աստուծոյ անպարտելի բազուկ, հաւատացեալներու վրայ դրուած անխախտ կնիք, սանդուխտ, որով Ադամը կը բարձրանայ փոշէն, եւ բանալի, որ կը բանայ փակ դռները։
Եկեղեցւոյ հայրերը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ու Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եւ Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցի վարդապետած են, որ Խաչի միջոցով Աստուած կը բացայայտէ սիրոյ իսկական չափը ո՛չ որպէս անցողիկ զգացում, այլ ուխտ, ոչ սեփական շահի որոնում, այլ ինքնընծայում, ոչ իշխելու մղում, այլ ողորմութեան, հաւատարմութեան ու ճշմարտութեան զօրութիւն։
Խաչը կը պատասխանէ նաեւ մեր ժամանակի շփոթութիւններուն։ Պէտք է գիտակցինք, որ սէրը ո՛չ թէ պահի զգացմունք է, այլ հաստատուն ընտրութիւն՝ բարին ցանկալ միւսին։ Ան ճշմարտութիւն է, որ չի խաբեր, ներողամտութիւն, որ չ'արդարացներ չարը, հաւատարմութիւն, որ չի լքեր դժուար պահուն։
Այս տօնը միայն աւանդութիւն չէ. ան մեր պատմութիւնն է՝ դաճուած փայտի եւ քարի վրայ։ Երբ Սուրբ Գրիգորը դուրս եկաւ Խոր Վիրապէն, ան առաջնորդեց մեր ժողովուրդը դէպի լոյս՝ Խաչի նշանով։ Երբ Սուրբ Վարդանն ու իր մարտիկները Աւարայրի դաշտ ճակատամարտի դուրս ելան, անոնք մեր յիշողութեան մէջ արձանագրեցին, որ հաւատքը կեանքէն ալ թանկ է։ Տաթեւի ու Նարեկի նման վանքերու մէջ, ուր ծաղկեցան հաւատքն ու կրթութիւնը, Խաչը ձեւաւորեց միտքն ու սիրտը, պահելով մեր ժողովուրդի մարդկային էութիւնը՝ փոթորկալից դարերու ընթացքին։ 1915-ի ահաւոր օրերուն մայրերը գաղտնի կը մկրտէին իրենց զաւակները՝ ճակատները խաչակնքելով, իսկ նահատակները վերջին շունչը փչելէն առաջ ուժ կը գտնէին ներելու։ 1988-ի երկրաշարժի, շրջափակման ու պատերազմի տարիներուն, Արցախէն տեղահանուածներու ցաւին ընդառաջ, Խաչը կանգնեցաւ՝ որպէս մեղադրանք դաժանութեան, բայց նա՛եւ որպէս յարութեան խոստում։ Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը տարբեր վայրերու մէջ կանգնեցուց խաչքարեր՝ որպէս կենդանի քարեր յիշողութեան ու յոյսի, կառուցեց եկեղեցիներ, դպրոցներ, օճախներ։
Այնուհանդերձ, այսօր մենք մոլորութեան մէջ ենք եւ խառնաշփոթ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Խաչվերացը մեզի կ'առաջարկէ պարզ, լուսաւոր ուղի։
Նախ՝ արտօնենք, որ Խաչը ձեւաւորէ մեր սրտերը։ Խաչի պատգամը կը սորվեցնէ, որ ճշմարտութիւնն ու ողորմութիւնը մրցակիցներ չեն։ Մեր համայնքներուն անհրաժեշտ է քաջութիւն՝ ճշմարիտ ըլլալ՝ մերժելու անբարոյականութիւնը, դիմադրել ատելութիւնը, բացայայտել մեղքն ու անարդարութիւնը՝ առանց արհամարհական գայթակղութեան տրուելու։ Խաչեալ Քրիստոսի բացուած ձեռքերը կը միաւորեն արդարութիւնն ու ներումը՝ սովորեցնելով, որ մէկը առանց միւսի անկատար է։
Երկրորդ՝ թող Խաչը բժշկէ մեր փոխյարաբերութիւնները։ Խաչը կը սովորեցնէ, որ սէրը ամէնօրեայ ուխտ է՝ ըլլալ հաւատարիմ ընտանիքին, եկեղեցական համայնքին, ժողովուրդին, օգնութեան ձեռք մեկնել կարիքաւորներուն։ Մինչդեռ ժամանակակից հասարակութիւնը կը մոլորեցնէ, պարտաւորութիւնները ներկայացնելով որպէս ժամանակաւոր, մարդոց՝ որպէս միջոց, ապա Խաչը կը յիշեցնէ համբերութեան, իւրաքանչիւր անձի հանդէպ յարգանքի եւ պատրաստակամութեան մասին՝ նոյնիսկ նեղութիւններ կրելու յանուն հաշտութեան եւ միասնութեան։
Երրորդ՝ ձգենք, որ Խաչը առաջնորդէ մեր առաքելութիւնը։ Մեր պատմութիւնը անշարժ յուշարձան չէ.ան պատուիրան է։ Որքան մեր ժողովուրդը սփռուած է աշխարհով մէկ, այնքան աւելի պիտի կազմակերպենք մեր եկեղեցական, ծխական համայնքները։ Թող մեր ծուխերը դառնան սիրոյ դպրոցներ, ուր Սուրբ Պատարագը կը սնուցէ մեր հոգիները, ուր շարականները կը հնչեն երեխաներու շուրթերէն, ուր խոստովանութիւնն ու ծոմապահութիւնը կը վերաձեւեն մեր ցանկութիւնները, ուր լեզուն եւ ժառանգութիւնը կը փայփայուին ու կը պատուուին։
Վերջապէս, թող, որ Խաչը ամրապնդէ մեր յոյսը։ Խաչը չի խոստանար հեշտութիւն. ան կը խոստանայ իմաստ եւ նոր արարում։ Յուսահատութիւնը կը շշնջէ, թէ՛ մեր ջանքերը ապարդիւն են, իսկ Խաչը կը պատասխանէ, որ սիրով տրուածը չի կորսուիր։ Մենք չենք մերժեր մեր վէրքերը. ատոնք կ'ընծայենք Խաչեալ Փրկիչին։ Մենք տառապանքը ռոմանթիկօրէն չենք պատկերացներ. ան Քրիստոսով կը փոխակերպենք կարեկցանքի եւ քաջութեան։
Սիրելինե՛ր, Խաչը, որ այսօր վեր կը բարձրացնենք, երկրպագելու թանկարժէք իր չէ, այլ ճանապարհի ուղենիշ։ Եթէ ան միասին տանինք՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ աշխարհի մէջ, մենք կը համախմբուինք միասնաբար մէկ սիրոյ սեղանի շուրջ, մէկ աղօթքով, եւ կը բացայայտենք, որ Տէրը մեզ կ'առաջնորդէ դէպի նոր լուսաբաց։
Սուրբ Աստուածածինի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի, Սուրբ Վարդանանց, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարեխօսութեամբ թող Խաչի նշանը մեր ճակատներուն ըլլայ, լուսաւորէ մեր միտքերը, ուժ դառնայ մեր ձեռքերուն եւ խաղաղութիւն՝ մեր երկրին։ Ամեն։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ





Comments