top of page

Կո՛չ արեւմտահայերէնի պատասխանատու գործածութեան

Հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին պարտադրուած սփիւռքացումը մէկ կողմէ, իսկ համաշխարհայնացումը՝ միւս կողմէ, ուր տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու ծովածաւալ յորձանուտին մէջ լեզուներ ու մշակութային ինքնութիւններ այլասերելու եւ նոյնիսկ լուծուելու վտանգին դէմ-յանդիման կը գտնուին, կարելի չէ թերագնահատել արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութիւնը՝ իր լեզուամտածողական կանոններով ու քերականական օրէնքներով: Արեւմտահայերէնը՝ հայ ժողովուրդի լեզուական գոհարներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իսկ բնորոշումով՝ վտանգուած է:

Արեւմտահայերէնը աղաւաղումէ եւ կորուստէ փրկելու իմաստով հայոց պատմութիւնը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կատարած բոլոր նախաձեռնութիւնները: Սակայն, մինչ միջազգային մարմիններ ահազանգ կը հնչեցնեն եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի նման հիմնարկներ սրտցաւ ճիգեր ի գործ կը դնեն արեւմտահայերէնը փրկելու համար, անդին արագ ակնարկ մը հայ մամուլին վրայ կը բացայայտէ յուսահատեցնող իրականութիւն մը, որ կը յատկանշուի լեզուի գործածութեան մէջ բծախնդրութեան բացակայութեամբ՝ նոյնիսկ անոնց կողմէ, որոնք կը յաւակնին տէր կանգնելու անոր:

Հայ մամուլը, գրաւոր թէ առցանց, առանցքային դեր կը խաղայ հանրային կարծիքի ձեւաւորման, մշակութային արժէքներու հսկողութեան ու գոյատեւման եւ ամենէն կարեւորը՝ լեզուական ժառանգութեան պահպանման մէջ: Սակայն ընդհանրապէս այս ոլորտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած համատարած անհոգութիւնը կը սպառնայ նոյնիքն արեւմտահայերէնի էութեան: Խմբագիրներ, գրողներ, որոնք ենթադրաբար տէր պէտք է  կանգնէին արեւմտահայերէնին ու անոր դատին, յաճախ թոյլ կու տան կամ իրենք կը գործեն անպիսի անտանելի ու աններելի սխալներ, որոնք կը խաթարեն այն լեզուն, որուն իբրեւ պաշտպան կը ներկայանան անոնք:

Արեւմտահայերէնի աղաւաղումը ու մաշումը լեզուական մտահոգութիւն մը չէ լոկ, այլ սպառնալիք մը մեր ինքնութեան պահպանումին: Մեր լեզուն այն միջոցն է, որուն ճամբով կը փոխանցուին մեր անցեալի հարստութիւնը, մեր պատմութեան գաղափարական թելադրանքներ, իմաստն ու ծալքերը, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային ինքնութեան խորքը: Այս ծիրէն ներս մամուլին ունեցած պատասխանատուութիւնը հսկայական է: Սխալները, ըլլան աննշան թէ աղաղակող, կամաց-կամաց կը կուտակուին՝ աստիճանաբար խաթարելով լեզուին վաւերականութիւնն ու առաքելութիւնը: Այս լեզուն իբրեւ աւանդ տրուած է մեզի, ուստի պէտք չէ պատանդ դարձնենք զայն եւ քմահաճօրէն վարուինք անոր հետ:

Կարելի չէ անտեսել այս զաւեշտը, որ երբ նոյն բեմերէն լեզուի պահպանման բուռն կոչեր կը հնչեն, միաժամանակ «անզգոյշ» կամ երբեմն յամառ ու գիտակցուած սխալները կը գործուին: Այս անտեսումները դուրս կու գան զուտ տպագրական սխալներէ. անոնք կ’արհամարհեն արեւմտահայերէնի հիմքը կազմող նրբերանգներ, շարահիւսութեան կանոններ ու քերականական օրէնքներ: Նման անփութութիւն ցուցանիշ է արեւմտահայերէնի դատին հանդէպ նուիրուածութեան բացակայութեան եւ կը վտանգէ նոյնիքն մեր ինքնութիւնը, որուն պաշտպանութեան դրօշակակիրները ըլլալու հանքամանքով յաճախ կը ներկայանանք:

Մենք՝ որպէս անհատներ ու հաւաքականութիւն, մեր պարտականութիւնը կը համարենք  հայ ՝ մամուլէն, խմբագիրներէն ու աշխատակիցներէն պահանջել աւելի բարձր որակ ու բծախնդրութիւն: Լեզուի պահպանման ջատագովութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի հռետորաբանութեամբ, այլ պէտք է դրսեւորուի արեւմտահայերէնի բծախնդիր գործածութեամբ: Խմբագիրները` որպէս մեր լեզուական ժառանգութեան պահապաններ, պէտք է բաւարար գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացում ունենան ու երաշխաւորեն, որ իրենց աշխատանքը դրականօրէն նպաստէ լեզուի պահպանման ճիգերուն, այլ ոչ թէ անոր աղաւաղման ու նսեմացումին: Անշուշտ բոլոր խմբագիրները նոյն ջուրով չենք լուար, բայց ցաւ ի սիրտ՝ անոնց թիւը քիչ չէ: Հոս կը ծագի հարց մը, որ բացատրութեան կը կարօտի:

Երբ մեր խմբագիրներուն ուշադրութեան կը յանձուին սպրդած կոպիտ սխալները եւ  կ’առաջարկուին սրբագրութիւններ, քիչ կը պատահի, որ անոնք շնորհակալ ըլլան ու կիրարկեն նշուածները: Ընդհակառակն, ոչ միայն սրբագրութիւնները չեն գործադրեր ու կը մերժեն նշուածները, այլեւ սրբագրողը: Այսօր արեւմտահայերէնը ունի ջերմ, մոլեռանդ եւ լեզուին քաջածանօթ պաշտպան մը՝ յանձին բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի: Թերեւս ոճը խիստ է, երբեմն սխալները չախող ու վիրաւորող, բայց գրեթէ միշտ՝ իրաւացի: Նախ՝ մեր խմբագիրները գրեթէ չեն կիրարկեր Արմենակ Եղիայեանի սրբագրութիւններուն մեծ մասը՝ առանց նոյնիսկ դիմելու ինքնապաշտպանութեան: Եթէ լեզուականօրէն համամիտ չէք անոր ըսածին՝ պատսխանեցէ՛ք տուեալներով, փաստեցէ՛ք, որ դո՛ւք ճիշդ էք, բայց ո՛չ անտարբերութեամբ, անտեսելով ու արհամահանքով: Այս գոռոզութիւնը միայն վնաս կը պատճառէ մեր ոսկեղէնիկին:

Որպէս արեւմտահայերենի ջատագովներ՝ մենք պատասխանատուութեան կը հրաւիրենք նաեւ մենք զմեզ: Քննադատութիւնը ըստ էութեան դատապարտումի միտումով չենք կատարեր, այլ մեր ինքնութեան պահպանման առաքելութեան մէջ, մեր լեզուին ունեցած կենսական դերակատարութիւնը ընդգծելու նպատակով: Բայց կը դատապարտենք անտարբերութիւնն ու գոռոզութիւնը: Իբրեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ՝ բոլորս պէտք է ձգտինք, որ իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն եւ յօդուած նպաստէ արեւմտահայերենի կենսունակութեան ու յարատեւութեան: Այս ձեւով մենք ո՛չ միայն յարգած կ’ըլլանք մեր լեզուական ժառանգութիւնը, այլեւ ամրացուցած՝ մեր մշակութային ինքնութեան հիմքերը գալիք սերունդներուն համար:

       

Վարուժան Թէնպէլեան

bottom of page