ՅԻՇԵԼՈՎ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ՝ ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
- 1 minute ago
- 2 min read

Եթէ ապրէր...։ Եթէ ապրէր այսօր, 16 Յունիսին իր ծննդեան 70րդ տարեդարձը պիտի բոլորէր Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը, աւազանի անունով Մինաս Մութաֆեան, որ հետագային պիտի դառնար Մեսրոպ Պատրիարք, իր սերունդի ամենէն փայլուն, կրթուած եւ խոստմնալից եկեղեցական դէմքերէն մէկը։
Երջանկայիշատակ Պատրիարքի կրթութիւնը, լեզուներու տիրապետութիւնը, մտաւորական հետաքրքրութիւնները եւ ժամանակակից մտածողութիւնը իրեն առանձնայատուկ տեղ մը շնորհեցին ո՛չ միայն հայ եկեղեցական կեանքի, այլեւ պոլսահայ հասարակութեան մէջ։
Մեսրոպ Պատրիարքի մասին գրելու ընթացքին՝ դժուար է չյիշել նաեւ իր բացառիկ հռետորական կարողութիւնը։ Ան հիանալի բեմբասաց էր։ Քարոզներու, բանախօսութիւններու եւ հրապարակային ելոյթներու ընթացքին կրցած էր իր խօսքով գրաւել, յուզել ներկաները եւ մտածելու մղել զանոնք։ Շատեր այսօր ալ կը յիշեն անոր ձայնը, արտայայտութեան ոճը եւ ունկնդիրներուն հետ անմիջական կապ հաստատելու կարողութիւնը։
1998 թուականին ան ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք։ Ընտրութիւնը դիւրին պայմաններու մէջ տեղի չունեցաւ։ Ընտրութեան նախորդած գործընթացները, ինչպէս նաեւ պատրիարքութեան առաջին տարիները, լեցուն էին փորձութիւններով, համայնքային դժուար հարցերով եւ պատասխանատուութեամբ, բայց երիտասարդ Պատրիարքը մեծ յոյսեր արթնցուց համայնքին մէջ։ Ան կը ներկայացնէր նոր սերունդ մը, նոր մտածողութիւն մը եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն ներշնչող հոգեւոր առաջնորդի կերպար։
Դժբախտաբար, պատրիարքական ծառայութիւնը երկար չտեւեց։ Հազիւ տասը տարի կրցաւ հովուել իր հօտը։ 2008 թուականին ծանր հիւանդութիւնը կտրեց զինք արտաքին աշխարհէն։ «Տեմանս»ի դաժան ախտորոշումը աստիճանաբար լռեցուց այն մարդը, որ տարիներ շարունակ իր խօսքով կրցած էր ներգործել հազարաւոր մարդոց վրայ։
Յաջորդեց լուռ եւ տխուր շրջան մը։ Մօտաւորապէս տասնըմէկ տարի Երանաշնորհ Պատրիարքը մնաց հիւանդանոցի սենեակին մէջ՝ մօր անձնուէր հոգատարութեան եւ բժիշկներու խնամքին տակ։ Այդ տարիներուն համայնքը շարունակեց աղօթել Պատրիարքին համար, յոյսով, որ օր մը պիտի վերադառնայ, սակայն ճակատագիրը այլ որոշում տուած էր։
Մեսրոպ Պատրիարք վախճանեցաւ 2019ի Մարտին, փակելով պոլսահայ կեանքի կարեւոր էջ մը։ Միայն թէ ժամանակը չկրցաւ ջնջել այն սէրն ու յարգանքը, որ առկայ է համայնքէն շատ շատերու մօտ։ Մարդոց յիշողութեան մէջ ան կը մնայ որպէս ազդեցիկ քարոզիչ, հեռատես եկեղեցական եւ մեծ խոստումներով առաջնորդ մը, որուն կեանքի ճամբան վաղաժամ ընդհատուեցաւ։
Այսօր, ծննդեան 70-ամեակին առիթով, կը յիշենք ո՛չ միայն Պատրիարքը, այլեւ մարդը՝ իր երազներով, իր պայքարներով, իր տառապանքով եւ իր անկատար մնացած առաքելութեամբ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Մարմարա





Comments