top of page

ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՏԷՆՎԸՐԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔՆ ՈՒ ՕԾՈՒՄԸ

  • 33 minutes ago
  • 1 min read

Ուրախութեամբ եւ հոգեւոր մեծ ցնծութեամբ կը հաղորդենք, որ Տենվըրի եւ շրջակայքի հայ համայնքի կեանքին մէջ պատմական եւ յիշարժան հանգրուան մը պիտի արձանագրուի 2026 թուականի Յունիս 27 եւ 28-ին, երբ տեղի ունենան նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ նաւակատիքի եւ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնները։

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ, Շաբաթ, Յունիս 27-ին երեկոյան, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ նաւակատիքի հանդիսաւոր արարողութիւնը, իսկ Կիրակի, Յունիս 28-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սրբազան Հայրը պիտի մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ նախագահէ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման սրբազան արարողութեան։

Սրբազան Հօր պիտի ընկերանան Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիկին Աննա Աւետիսեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեանը, Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեանը, Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը եւ Թեմական Խորհուրդի նախկին ատենապետի Տիար Վարդան Նազերեան։

Նոր եկեղեցւոյ նաւակատիքն ու օծումը բացառիկ նշանակութիւն ունեցող հոգեւոր եւ ազգային իրադարձութիւններ են ոչ միայն Տենվըրի եւ շրջակայքի հայ համայնքին, այլեւ ամբողջ Արեւմտեան Թեմին համար։

Երկար տարիներու աղօթքի, նուիրումի, զոհողութեան եւ համատեղ ճիգերու արդիւնքը հանդիսացող այս սրբավայրը պիտի դառնայ հաւատքի, միաբանութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան կենդանի կեդրոն մը՝ ծառայելով ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։ Այս պատմական հանգրուանը նաեւ վկայութիւնն է այն կենդանի հաւատքին եւ յանձնառութեան, որով Տենվըրի հայ համայնքը շարունակած է կառչած մնալ իր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն։

Նոր եկեղեցւոյ օծումը պիտի խորհրդանշէ ոչ միայն նոր սրբավայրի մը ծնունդը, այլեւ համայնքի հոգեւոր զարթօնքը, միասնականութիւնը եւ ապագայի հանդէպ վստահ նայուածքը։ Կը հրաւիրենք Արեւմտեան Թեմի մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու այս յիշարժան եւ օրհնաբեր արարողութիւններուն եւ միասին գոհութիւն մատուցանելու Ամենակալ Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ իրագործման համար։


Դիւան Առաջնորդարանի

Յունիս 15, 2026



Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page