«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ հնչեց վերջին զանգը
- 3 minutes ago
- 4 min read

17 Մայիս 2026, Կիրակի երեկոյեան, ԱՄՆ-ի Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը, եկեղեցապատկան «Գալուստեան-Տունայեանց» սրահին մէջ կազմակերպուած շքեղ աշակերտական հանդէսով, հնչեցուց իր վերջին զանգը եւ աւարտեց 2025-26 տարեշրջանը։
«Գարունն ու մայրը երկուորեակներ են»․ ահա այս խորագիրին եւ ազնիւ գաղափարին շուրջ հիւսուած էր «Փեթակ» դպրոցի տարեվերջի յայտագիրը, ուր ամէն դասարան եւ մենակատար աշակերտ ներկայացուց հայ մայրը եւ գարունը գովերգող երգեր, ոտանաւորներ ու խօսքեր։
Հանդէսը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի եւ «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» դպրոցական երգի միաբերան ու յոտնկայս կատարումներով։ Այնուհետեւ դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը ողջունեց ներկաները եւ հաճելի վայելում մաղթեց ծնողներուն ու հիւրերուն։ Իր խօսքը դպրոցի տարեշրջանի արդիւնքներու ամփոփումն էր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներու ներկայացումը։ Ապա, տարիքային կարգով, բեմ բարձրացան գարնան գոյներով եւ ծաղիկներով զարդարուած աշակերտները։
Մանկապարտէզի սաները, ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի եւ դասարանի կամաւոր երիտասարդուհիներ Մարմար Էքիզեանի ու Տերեւ Տատուրեանի առաջնորդութեամբ, բեմ ելան եւ իրենց մանկական ժպիտով, պարով ու եռանդով նախ արտասանեցին հիւրերուն բարի գալուստ մաղթող «Բարի եկաք հայրեր, մայրեր» քնքուշ ոտանաւորը, ապա երգեցին «Մանկապարտէզի Թիթեռներ» եւ «Մէկ, երկու, երեք, չորս» երգերը։ Պէտք է նշել, թէ մանկապարտէզի աշակերտները տարի մը առաջ բոլորովին անծանօթ էին հայերէնին, իսկ այսօր Անի Մարսէլեանի նուիրեալ աշխատանքին շնորհիւ այս փոքրիկ «մեղուները» արդէն սկսած են հայերէն բզզալ։
Ա. դասարանի աշակերտները, ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանի առաջնորդութեամբ, արտասանեցին մայրերուն նուիրուած ոտանաւոր մը եւ Մխիթարեան հայրերէն Վահան Վրդ. Յովհաննէսեանի հեղինակած «Հայաստան․ Իմ հեռաւոր հայրենիք, իմ փառաւոր հայրենիք» բանաստեղծութիւնը։ Ամերիկեան դպրոցներ յաճախող այս փոքրիկները վարպետօրէն հնչեցուցին մայրենի լեզուն եւ մեծ եռանդով ներկայացուցին իրենց բաժինը, ինչ որ վկայութիւնն էր ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանի նուիրեալ աշխատանքին։
Բ. դասարանը յայտագիրին համար պատրաստած էր ասմունք եւ կատակ-պար։ Ուսուցչուհի Մարալ Դաւիթեանի ղեկավարութեամբ աշակերտներն արտասանեցին «Մեսրոպեան տառեր» ոտանաւորը, իսկ պատանի աշակերտ Արէն Գրիգորը լիաթոք ներկայացուց «Դպրոցի ճամբան» ոտանաւորը։ Անոնք հասուն մակարդակով կատարեցին իրենց բաժինները։ Ապա խումբը ներկայացուց բոլորին կողմէ մեծ սպասումով ընդունուած կատակ-պարը։ Աշակերտները բեմին վրայ կենդանացուցին հայկական տոհմիկ ու քնարական կեանքի գեղեցիկ պատկեր մը։ Այդ ճաշակաւոր բեմադրութեան հեղինակն ու ձեւաւորողը դասարանի ուսուցչուհի Մարալ Դաւիթեանն էր։

Վերջապէս բեմ բարձրացաւ աւագ դասարանը՝ Նորայր Տատուրեանի աշակերտները։ Անոնք ներկայացուցին հայ մայրերուն նուիրուած խօսքերու եւ բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ ծաղկաքաղ մը։ Իւրաքանչիւր աշակերտի բերանէն քաղցրօրէն հնչեցին Յովհաննէս Շիրազի, Վահան Թոթովենցի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Պարոյր Սեւակի, Պատուական Խաչատրեանի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։
Աւարտին անոնք միաբերան արտասանեցին․
«Այսօր պայծառ գարուն է եւ Ձեր տօնն է, սիրելի մայրեր։ Այսօր դուք աւելի քնքոյշ էք, աւելի գեղեցիկ։ Թո՛ղ գարնան բոլոր ծաղիկները բացուին Ձեզի համար եւ Ձեզի պարգեւեն արեւոտ ժպիտներ… Գարունն ու մայրը երկուորեակներ են։ Գարունը կեանք է՝ մօր կեանքով լեցուն, գարունը սէր է՝ մօր սիրով լեցուած։ Գարունն ու մայրը ուրախութիւն են։ ՏՕՆԴ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ, ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՅՐ»։
Այս տարի «Փեթակ» դպրոցը, Ստամպոլեան, Սէփէթճեան եւ Գույումճեան ընտանիքներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, իր դասացուցակին աւելցուց երգի եւ պարի դասեր։ Քաղաքի յայտնի երիտասարդ պարուսոյց քոյրեր Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեանի, ինչպէս նաեւ դաշնակահար ու մանկավարժ Էլմիրա Սիմոնեանի աշխատանքի շնորհիւ, դպրոցի աշակերտութիւնը վերածուեցաւ մեծ պարախումբի եւ երգչախումբի։
Յայտագիրի վերջին բաժինը վերապահուած էր այդ աշխատանքի բեմադրութեան։ «Փեթակ» նորակազմ երգչախումբը ներկայացուց «Մայրերին բոլոր», «Էսօր Ուրբաթ է», «Գարուն, գարուն, գարուն» եւ «Բաց երկինք, մի երկիր» երգերը, որոնց գլխաւոր հերոսներն էին հայ մայրը եւ հայոց բնաշխարհի գունագեղ գարունը։ Ապա աշակերտներն անգամ մը եւս բեմ ելան, եւ սրահին մէջ թնդաց Սասնոյ եւ Մուշի յայտնի եարխուշտան։ Բոլոր սիրտերը հպարտութեամբ բաբախեցան․
«Լեռների մէջ կայ պայքար,
Քարի մէջ երգ ու պար,
Ձեռքերի մէջ առնական,
Հայ պարն է յաղթական»։
Յայտագիրի աւարտին տնօրէն Նորայր Տատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրեալ ուսուցչակազմին, կամաւոր երիտասարդուհիներուն, ծնողական յանձնախումբի անդամներուն, տաղանդաւոր պարուսոյցներուն եւ երգի ուսուցչուհիին։ Ապա ան յայտարարեց, թէ 1965 թուականին հիմնուած դպրոցը որոշած է 2026-27 տարեշրջանին, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ, տարեգիրք հրատարակել եւ յաւերժացնել դպրոցի պատմութիւնը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր արժանաշնորհ Տէր Սարգիս Աւագ քահանայ Փեթոյեանը բարձրախօսը ստանձնեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան բացատրեց, թէ Ամերիկան յայտնի է որպէս «լեզուներու խառնարան», ուր ամէն լեզու, եթէ անուշադրութեան մատնուի, դատապարտուած է անհետանալու։ «Բայց տեսէք,– ըսաւ տէր հայրը,– թէ ինչպէ՛ս այսօր մեր բեմը ցնծաց մայրենի լեզուով, հայկական երգով ու պարով»։
Ապա ան գնահատեց բոլոր ծնողները, որոնք ամէն զոհողութիւն կը կատարեն իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալու համար։ Տէր Սարգիսը յաջողութիւն մաղթեց նաեւ դպրոցի տնօրէնէն մինչեւ կամաւոր երիտասարդուհիները՝ բոլոր ծառայողներուն։ Ան իր խօսքը աւարտեց «Պահպանիչը» աղօթելով եւ ամփոփիչ օրհնութիւն տալով, ապա հրաւիրեց ներկաները միասին երգելու Տէրունական աղօթքը։
Եւ եկաւ այդ յուզիչ պահը․ բոլորի յոտնկայս ծափահարութիւններուն ներքոյ տնօրէն Նորայր Տատուրեանը 60-րդ անգամ հնչեցուց դպրոցի պղնձեայ ձեռնազանգակը եւ աւարտած հռչակեց 2025-26 տարեշրջանը։
Այս տարի յայտագիրը նաեւ անակնկալ բաղադրիչ մը ունէր։ Պարուսոյցներ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերը բոլոր աշակերտներն ու ծնողները հրաւիրեցին դպրոցի պարտէզը եւ յայտարարեցին, թէ պիտի սորվեցնեն Թամզարա պարի պարզ ու գեղեցիկ շարժումները։ Երբ երաժշտութիւնը հնչեց, աղջիկներն իրենց հայրերուն, իսկ տղաները՝ իրենց մայրերուն հետ զոյգ կազմած, պարեցին հայկական հարազատ թամզարան։ Պարի աւարտին բոլորը փափագ յայտնեցին, որ թամզարան այսուհետեւ ամէն տարի կրկնուի եւ դառնայ «Փեթակ» դպրոցի տարեվերջի հանդիսութիւններու ընտանեկան աւանդական պարը։

«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը կը գործէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ժրաջան առաջնորդ, գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանիին ներքոյ։ Ան առաջնորդարանի 17 շաբաթօրեայ դպրոցներէն մէկն է եւ կը ծառայէ ամերիկեան պետական դպրոցներ յաճախող հայորդիներուն։
Այժմ «Փեթակ»-ը եւ իր «մեղուները» խանդավառութեամբ կը պատրաստուին 30 Մայիս Շաբաթ օրը Փասատենայի հայկական մեծ փառատօնին մասնակցելու, հսկայ բեմին վրայ ներկայացնելու իրենց երգերն ու պարերը։
«Փեթակ» դպրոցը, հայոց լեզուի ուսուցման կողքին, իր աշակերտներուն կու տայ նաեւ հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ ազգային մշակութային կրթութիւն։ Դպրոցի ծրագիրներուն մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն ազգային, կրօնական եւ մշակութային տօներն ու ծէսերը։
Այժմ բաց է դպրոցի 2026-27 տարեշրջանի արձանագրութիւնը։ Արձանագրուելու կամ աւելի մանրամասն տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի է այցելել www.petagstgwd.com կամ զանգահարել 626-660-9443 հեռախօսահամարին։
Թղթակցութիւնը դպրոցէն





Comments